Մատուրօ Միացեալ Նահանգները Կը Մեղադրէ Վենեզուելայի Մէջ Պետական Յեղաշրջումի Փորձի Համար
Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին Վենեզուելայի մէջ պետական յեղաշրջում իրագործելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.Վի.Էն.» լրատու գործակալութիւնը: «Սպիտակ տան ուղղորդումով արդէն գործի դրուած է Վենեզուելայի ժողովրդավարական կեանքը խաթարելու եւ մեր երկրին մէջ եղած սահմանադրական ու ժողովրդավարական վարչակարգին դէմ պետական յեղաշրջում իրագործելու փորձը», յայտարարած է Մատուրօ: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ մօտ օրէն մամլոյ ասուլիսի...




















