Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր գնդապետ Ռապ Մանինկ յայտարարեց, որ ամբողջացած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ սահմանին մօտ հսկողութեան կէտերու հաստատումը` Թուրքիոյ բանակին եւ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող քիւրտ զինեալներուն միջեւ որեւէ բախում կանխարգիլելու համար:
«Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի հրամանով` Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան սահմանային շրջանին մէջ հաստատեց հսկողութեան կէտեր` փարատելու համար ՕԹԱՆ-ի մէջ մեր դաշնակից Թուրքիոյ ապահովական մտավախութիւնները», ըսաւ գնդ. Մանինկ:
«Մենք Թուրքիոյ ապահովական մտավախութիւննները լուրջի կ՛առնենք, եւ յանձնառու ենք Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կայունութիւն հաստատելու մեր ջանքերը Թուրքիոյ հետ համակարգելու հարցին մէջ», աւելցուց Փենթակոնի բանբերը: