Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Եւ Արաբական Երկիրներ Մտադիր Են Իրանի Դէմ Զինուորական Նոր Դաշինք Ստեղծել

December 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական երկիրներ եւ Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններ կը վարեն հակաիրանեան դաշինք ձեւաւորելու նպատակով: «Էյժա Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է. «Երկու կողմերն ալ կ՛ուզեն, որ ատիկա տեղի ունենայ»:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտարարած է, որ շարք մը արաբական երկիրներ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ կը վարեն` Միջին Արեւելքը «զինուորական յարձակումէ» պաշտպանելու նպատակով նոր համաձայնագիրի մը շուրջ:

«Աշխատանքները կը շարունակուին, եւ երկու կողմերն ալ կ՛ուզեն, որ ատիկա տեղի ունենայ», ըսած է Ժուպէյր` աւելցնելով, որ կը քննարկուի Միջինարեւելեան զինուորական դաշինքի (ՄԵՍԱ) ստեղծումը: Ըստ սէուտական դիւանագիտութեան պետին, դաշինքին կրնան անդամակցիլ նաեւ Եգիպտոսն ու Յորդանանը:

«Բանակցութիւններուն նպատակն է հասնիլ Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան համաձայնագիրներու կնքման, որոնք կրնան պաշտպանել շրջանը արտաքին նախայարձակումէն եւ ամրապնդել Միացեալ Նահանգներու եւ շրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները», յայտարարած է ան:

Նշենք, որ կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Արաբական ծոցի երկիրներուն կոչ ուղղած էր` ամրապնդելու բարեկամական յարաբերութիւնները, որպէսզի դէմ դնեն Իրանին` ստեղծելով ՄԵՍԱ դաշինքը: Որոշ լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած էին այն մասին, թէ նոր դաշինքը պիտի նմանի ՕԹԱՆ-ի:

 

Նախորդը

Ըստ «Տէյլի Մէյլ»-ի. ՏԱՀԵՇ Լոնտոնի Փապուղիին Մէջ Քիմիական Զէնքով Յարձակում Ծրագրած Է

Յաջորդը

Աւստրալիա Երուսաղէմը Կը Ճանչնայ Իսրայէլի Մայրաքաղաք

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.