Բրիտանիոյ կառավարութիւնը սկսած է խորհրդարանական խմբակցութիւններուն հետ քննարկելու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ հանրաքուէն կրկնելու կարելիութիւնը, սակայն նախարարաց խորհուրդի առաջարկած տարազը չէ բաւարարած ընդդիմութիւնը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած են քաղաքական խորհրդակցութիւններուն մասնակիցները: Այդ խորհրդակցութիւնները կատարուած են վարչապետ Թերեզա Մէյի նախաձեռնութեամբ: Նախկին ընդհանուր դատախազ, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Տոմինիք Կրիւ լրագրողներուն պատմած է, թէ կառավարութեան ներկայացուցիչները խորհրդարանականներուն յանձնած են փաստաթուղթ մը, ուր ըսուած է, թէ հանրաքուէի նախապատրաստութիւնն ու կատարումը պիտի պահանջէ 15 ամիս: Թէ՛ երեսփոխանները եւ թէ՛ փորձագէտները նախապէս յայտարարած են, թէ ըստ օրէնքի, հանրաքուէի նախապատրաստութեան համար, որուն կատարման արշաւը ստացած է «Ժողովուրդի քուէն» անունը, պիտի պահանջուի շուրջ հինգ ամիս:
«Ժամանակացոյցը, որ կառավարութիւնը ներկայացուցած է, պարզապէս սխալ է: Կառավարութեան կողմէ սխալ եւ անօգուտ է այդ հարցին վերաբերեալ կանխայայտ սուտ տեղեկութիւն ներկայացնելը», լրագրողներուն ըսած է Կրիւը:
Երեսփոխաններուն հետ կառավարութեան խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, անոնց կը մասնակցին խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները, բացառութեամբ աշխատաւորականներուն, որոնք նախարարաց խորհուրդը եւ վարչապետը մեղադրած են անգործունակութեան մէջ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ «ԵուԿով» ընկերային գիտութեան ծառայութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզին համաձայն, Բրիտանիոյ բնակիչներուն շուրջ 56 առ հարիւրը այժմ դէմ պիտի քուէարկէր Եւրոպական Միութեան կազմէն դուրս գալուն: Աւելի՛ն, աշխատաւորականներու կողմնակիցներուն 78 առ հարիւրը կը պաշտպանէ երկրորդ հանրաքուէ կատարելը:
Բրիտանական խորհրդարանի ստորին պալատի ղեկավար Անտրէա Լիտսըմ յայտնեց, որ խորհրդարանը «Պրեքզիթ»-ի նոր պայմաններուն շուրջ պիտի քուէարկէ 29 յունուարին, իսկ կառավարութիւնը 21 յունուարին նոր ծրագիրը պիտի ներկայացնէ մերժուածին փոխարէն:
Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ, որ 16 յունուարի երեկոյեան ձայներու ոչ մեծ առաւելութեամբ խուսափած էր խորհրդարանի անվստահութեան քուէէն, ըսած է, որ կառավարութիւնը 21 յունուարին «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ համաձայնագիրին շուրջ կացութիւնը լուծելու ծրագիր պիտի ներկայացնէ:
15 յունուարին խորհրդարանը մերժած էր «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ վարչապետին կողմէ սկզբնապէս առաջարկուած համաձայնագիրը: Այդպիսով, Լոնտոն կացութեան զարգացման շարք մը հաւանական դիպաշարերու, որոնց շարքին երկրի` Եւրոպական Միութենէն «ամէնէն կարծր» ձեւով` առանց համաձայնութեան գոյացման դուրս գալու եւ ընդհանրապէս` «Պրեքզիթ»-ի չեղեալ յայտարարուելուն ճամբան բացած է:



