Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Օրտու նահանգին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմակերպած ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Թրքական բանակը Աֆրինի մէջ թաղեց ահաբեկչական խմբաւորումները, զանոնք թաղեցինք Սուրիոյ Ժարապլուս եւ Պապ քաղաքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Ժուտի եւ Թանտուրք շրջաններուն մէջ»:
Մեկնաբանելով Աֆրինի դէմ յարձակումը` Էրտողան շեշտեց. «Անոնք երբեք պիտի չկարենան արգելակել մեր պայքարը»` նշելով: «Աֆրինի մէջ մեր մղած պայքարը մեր յիշողութեան մէջ առանցքային տեղ պիտի ունենայ»:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Թրքական բանակն ու Սուրիական ազատ բանակը ձեռք-ձեռքի պիտի շարունակեն շրջանին մէջ պայքարի երթը»: