Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, որ իրանեան արտադրութիւն եղող «Փայամ» արբանեակի գործարկումը կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Փոմփէօ ընդգծած է, որ արբանեակի արձակման ճարտարագիտութիւնները գրեթէ նոյնն են, ինչ որ է միջցամաքային թեւաւոր հրթիռներու ստեղծման ճարտարագիտութիւնը:
«Այս արձակումը, ըստ էութեան, Իրանի յառաջընթացն է` դէպի այդպիսի զէնքի ստեղծման վերջնական նպատակ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Նշենք, որ Իրանի կողմէ տեղական արտադրութեամբ «Փայամ» արբանեակը տիեզերք ուղարկելու փորձը ձախողած էր: Այդ մասին յայտարարած էր Իրանի իսլամական հանրապետութեան տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու եւ կապի նախարար Ժաւատ Ազարի Զահրոմին` նշելով, որ արբանեակը կրող հրթիռը չէ հասած երրորդ փուլին մէջ նշուած ծիրին:
Նշենք, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը նոր արբանեակի արձակման պատրաստ պիտի ըլլայ քանի մը ամիսէն: