Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանացի Երեսփոխանը Դիտողութիւն Ստացած Է Պաքուէն Ստացած Եկամուտները Չհրապարակելուն Համար

Յունուար 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ խորհրդարանը դիտողութիւն տուած է Գերմանիոյ իշխող կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Քարին Շթրենցին` սահմանուած ժամկէտին ընթացքին իր յաւելեալ եկամուտներուն մասին տեղեկութիւն չներկայացնելուն համար: Գերմանական լրատուամիջոցներուն հաղորդումով, խօսքը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ստացուած գումարներուն մասին է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Գերմանական «Տեր Թակեսշփիկըլ» օրաթերթը կը գրէ, թէ դիտողութենէն բացի երեսփոխանը կրնայ նաեւ 10-էն 99 հազար եւրոյի տուգանքի ենթարկուիլ: Նոյն ատեն, Պունտըսթակի մէջ կոչեր կը հնչեն զինք ընդհանրապէս երեսփոխանական աթոռէն զրկելու վերաբերեալ:

Շթրենց գայթակղութեան թիրախ դարձած էր ամիսներ առաջ, երբ Եւրոպական խորհուրդի փորձագէտները հետաքննութիւն կատարած էին եւ շարք մը փաստեր յայտնաբերած Ալիեւի վարչակազմին հետ անոր սերտ կապերուն եւ Պաքուէն ստացած թանկարժէք նուէրներուն մասին:

Անցեալ ապրիլին Եւրոպական խորհուրդի փորձագէտներուն հրապարակած ծաւալուն` աւելի քան 200 էջնոց զեկուցումը փաստած էր, որ Ազրպէյճանի պատուիրակները բազմիցս կաշառած են եւրոպացի տասնեակ երեսփոխաններ, ներառեալ Շթրենցը` Ալիեւի վարչակազմը քննադատող բանաձեւերը արգելակելու, Պաքուին ձեռնտու որոշումներ որդեգրելու համար:

 

Նախորդը

Թրամփ-Ըն Երկրորդ Հանդիպումը` Փետրուարի Վերջաւորութեան

Յաջորդը

«Քիեւ Եւ Մոսկուա Կրնան Մինչեւ Տարեվերջ Համաձայնութիւն Գոյացնել Եւրոպա Կազ Մատակարարելու Հարցին Շուրջ» Կ՛ըսէ Սեֆքովիչ

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?