Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իր երկիրը վերականգնած է Չատի հետ իր կապերը:
Ան կեդրոնական ափրիկեան այդ երկիր իր այցելութեան ընթացքին երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Կը վերանորոգենք երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները»: Ան նախապէս Չատ կատարած իր այցելութիւնը նկատած էր «պատմական եւ կարեւոր բեկում մը»:
Չատի նախագահ Իտրիս Տեպի Նեթանիահուի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ձեր այցելութեան նպատակը մեր երկու երկիրները մերձեցնելն է եւ գործակցիլը»: Ան աւելցուց, որ ինք կ՛ողջունէ Նեթանիահուի հետ իր ստորագրած շարք մը համաձայնութիւնները, ներառեալ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման մասին համաձայնութիւնը:
Նեթանիահու իր կարգին յայտարարեց, որ Իսրայէլ այսօր կը յայտարարէ «Չատի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումը եւ բեկում մը կը յառաջացնէ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ»` աւելցնելով, որ ինք եւ Տեպի «պատմութիւն կը կերտեն»:
«Ոմանք փորձեցին ականահարել այս այցելութիւնը, սակայն ձախողեցան», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Չատ Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները խզած էր 1972-ին:
Լիպիոյ եւ Սուտանի սահմանակից եւ մեծամասնութեամբ իսլամ բնակչութիւն ունեցող Չատի նախագահ Իտրիս Տեպի նոյեմբեր 2018-ին այցելած էր Երուսաղէմ: Ան յայտնած էր, որ իր այցելութիւնը «պատմական է» եւ «կրնայ դիւրացնել մեր միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջի մը բացումը», սակայն աւելցուցած էր, որ նոյնիսկ յարաբերութիւններու վերականգնման պարագային պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը կարելի չէ անտեսել:
Տեպի յայտնած էր, որ երկու երկիրներուն միջեւ ոչ պաշտօնական յարաբերութիւնները երկար ատենէ ի վեր կ՛ընթանային: Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Չատի նախագահի Երուսաղէմ այցելութիւնը կեդրոնացած էր անվտանգութեան հարցերու վրայ` աւելցնելով, որ 2018-ին Իսրայէլ չատեան բանակին զէնք ու զինամթերք տրամադրած է` օժանդակելու համար ըմբոստներու դէմ անոր պայքարին:
Չատ կը պայքարի Պոքօ Հարամի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ:
Նեթանիահու երէկ Չատէն Իսրայէլ վերադառնալէն առաջ նշեց, որ այլ իսլամական երկիրներ եւս պիտի այցելէ: Նշելով, որ Չատ Լիպիոյ եւ Սուտանի հետ սահմաններ ունի, ան ըսաւ, թէ այս այցելութիւնը «մաս կը կազմէ նշանակալից փոփոխութիւններու, զորս կը կատարենք իսլամական եւ արաբական աշխարհի մէջ»` աւելցնելով, որ այդ փոփոխութիւնը «շատ մտահոգիչ եւ նոյնիսկ զայրացնող է Իրանի եւ պաղեստինցիներուն համար, որոնք կը փորձեն կանխարգիլել զայն, սակայն չյաջողեցան: Եւ երկու` այսպիսի բաներ աւելի տեղի պիտի ունենան»` աւելցնելով, որ անոնց համար պէտք է «քիչ մը համբերութիւն: Սակայն ոչ երկար»:



