Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Պատրաստ Է Զբաղելու Մընպեժի Անվտանգութեամբ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յունուար 22, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան պատրաստ է զբաղելու Սուրիոյ Մընպեժ նահանգի անվտանգութեամբ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Ան յիշեցուցած է, որ նախորդ շաբաթ ՏԱՀԵՇ-ի կատարած պայթումին պատճառով Մընպեժի մէջ ամերիկացի չորս քաղաքացիներ զոհուած էին:

Էրտողան զրոյցի ընթացքին ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ քիւրտերու աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Մընպեժի մէջ ահաբեկչութիւնը իրականութեան մէջ սադրիչ քայլ էր, որուն նպատակը Թրամփին Սուրիայէն ամերիկեան ուժերը դուրս բերելու որոշումէն ետդարձ կատարելու մղելն էր:

Թուրքիոյ նախագահը երէկ աւելի ուշ նշեց, որ «Մընպեժի մէջ ապահովութիւն պիտի տիրէ եւ քաղաքը պիտի յանձնուի անոր բնակիչներուն»` աւելցնելով. «Խոստում տուինք Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներէ մաքրագործուած շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու»:Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ պիտի քննարկէ այդ շրջաններուն հարցը: «Թուրքիան Իտլիպի մէջ իր գործադրած նախաձեռնութեան ընթացքին իր վճռականութիւնը ցուցաբերեց», ըսաւ ան:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ըսի, որ եթէ մեզի գումակային աջակցութիւն տրամադրեն, ապա վերջ պիտի տանք ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին», նշեց Էրտողան:

«Երբեք չենք կրնար արտօնել, որ անվտանգութեան գօտի մը մեր դէմ նոր ճահիճի վերածուի», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

«Ռոյթըրզ» կը յիշեցնէ, թէ Թրամփ 19 դեկտեմբեր 2018-ին յայտարարած էր Սուրիայէն 2000 ամերիկացի զինուորները տուն վերադարձնելու որոշումին մասին: Ան իր որոշումը հիմնաւորած էր այն բանով, որ ՏԱՀԵՇ այլեւս Սուրիոյ մէջ պարտուած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս զգուշացուցած էր Անգարան չյարձակելու Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ` սպառնալով տնտեսապէս ոչնչացնել Թուրքիան:

Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քրտական ընկերակցութեամբ տեղափոխուող ամերիկեան զինուորական շարասիւնի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառած է 5 զոհ:

ՏԱՀԵՇ, աւելի ուշ, ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:

 

Նախորդը

Փոմփէօ Իրանէն Կը Պահանջէ Վերջ Տալ «Պատանդներ Պահելու Ահաբեկչական Արշաւին»

Յաջորդը

Իրերայաջորդ 2-րդ Օրն Ըլլալով. Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրին Երեք Ճակատներէ Կատարուած Իսրայէլեան Լայնածաւալ Յարձակումին

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?