Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, թէ հակառակ երկիրի բնակչութեան դժգոհութեան եւ բողոքներուն, պիտի շարունակէ նախապէս իր սկսած բարեփոխումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
«Ճգնաժամի լուծումը այն չէ, որ հրաժարինք անկէ, որ կատարած ենք վերջին 18 ամսուան ընթացքին», ըսած է Մաքրոն Վերսայի մէջ տեղի ունեցած ընթրիքի ընթացքին, որ անոր կողմէ կազմակերպուած էր «Մայքրոսոֆթ», «Սնեփչեթ», «Ճէյ.Փի. Մորկըն Չէյզ» ընկերութիւններու ղեկավարութեանց ներկայացուցիչներուն համար:
Մաքրոն զուգահեռ գծած է աւելի քան 200 տարի առաջ գլխատուած Լուտովիկոս ԺԶ. թագաւորին հետ: «Ան իր կեանքը այդ ձեւով աւարտեց ճիշդ այն պատճառով, որ հրաժարեցաւ բարեփոխումներ կատարելէ», նշած է նախագահը:
Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած է, թէ, իր կարծիքով, «դեղին բաճկոններ»-ու քայլերը միջին դասակարգի մտահոգութեան դրսեւորումն էին համաշխարհայնացման վերաբերեալ, մտահոգութիւն մը, որ Բրիտանիոյ մէջ յանգեցաւ «Պրեքզիթ»-ին, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ ամբոխավարական կուսակցութիւններու հեղինակութեան աճին: