Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ փոխզիջումային տարբերակ առաջարկած է Դեմոկրատական կուսակցութեան` յաղթահարելու համար կառավարութեան աշխատանքներու մասնակի սառեցումի տագնապը, որ արդէն կը շարունակուի աւելի քան չորս շաբաթ է ի վեր եւ ամէնէն երկարն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Թրամփ շաբաթ օր Սպիտակ տունէն ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին մէջ յայտնած է, թէ պատրաստ է մեղմացնելու դիրքորոշումը ապօրինի ներգաղթեալներու որոշակի խումբի, մասնաւորաբար մանուկ հասակին Ամերիկա եկած 800 հազար մարդոց հարցին մէջ: Գործող օրէնքով` վերջիններս չեն կրնար քաղաքացիութիւն ստանալ, սակայն կրնան Միացեալ Նահանգներու մէջ օրինական աշխատիլ: Թրամփ, որ կը սպառնար զանոնք զրկել այդ իրաւունքէն, շաբաթ օր յայտարարած է, թէ պատրաստ է յաւելեալ երեք տարիով երկարաձգելու օրէնքի ժամկէտը:
Յաջորդ փոխզիջումը կը վերաբերէր Միացեալ Նահանգներու մէջ ապաստան ստացած շուրջ 300 հազար գաղթականներուն, որոնք հայրենիք վերադառնալու պարագային կրնան ենթարկուիլ ճնշումներու կամ բռնութեան: Թրամփ խոստացաւ զանոնք եւս երեք տարիով իրաւական պաշտպանութեան տակ առնել: Ամէնէն վիճայարոյց` Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատ կառուցելու հարցին մէջ, սակայն, նախագահը անզիջող էր, եւ դարձեալ պահանջեց այդ նպատակով պիւտճէէն 5,7 միլիառ տոլար յատկացնել:
Դեմոկրատականները անընդունելի նկատած են Թրամփի առաջարկները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կառավարութեան աշխատանքին մասնակի սառեցումը պիտի շարունակուի: Ելեւմտական այս տարակարծութիւններուն պատճառով 800 հազար ամերիկացիներ 22 դեկտեմբերէն ի վեր աշխատավարձ չեն ստացած:
Թրամփ երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսին եւ կարգ մը դեմոկրատականներ մերժեցին առաջարկս նոյնիսկ խօսելէս առաջ: Անոնք ոճիրներն ու թմրեցուցիչները չեն տեսներ: Անոնք միայն կը նային 2020-ին (նախագահական ընտրութեան, «Ա.»), հակառակ անոր, որ ատոր ընթացքին յաղթանակ պիտի չարձանագրեն»:
«Անոնք պէտք է երկրին համար բան մը ընեն եւ մարդոց արտօնեն վերադառնալ իրենց գործերուն», աւելցուց ան: