Թուրքիոյ դատախազութիւնը կը պահանջէ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտել Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի աւելի քան 20 տարուան աշխատակից Մեթին Թոփուզը` լրտեսութեան եւ 2016-ի յեղաշրջման փորձին աջակցելու մեղադրանքով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթտ Փրես»-ը, որ ծանօթացած է 78 էջնոց մեղադրական եզրակացութեան:
Թուրք քննիչները կը պնդեն, թէ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութեան աշխատակիցը աշխուժ կապի մէջ եղած է թուրք ոստիկաններու հետ, որոնք կը կասկածուին յեղաշրջման փորձին աջակցելու եւ Էրտողանի ընդդիմախօս կիւլենականներու հետ կապի մէջ ըլլալու գործով: Իբրեւ հայցաւոր, հանդէս կու գան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը:
Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի, մեղադրականին մէջ ներառուած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ձայնագրութիւններ, բջիջային հաղորդագրութիւններ, վկաներու եւ երկու կասկածելիներու ցուցմունքներ: Յառաջիկային դատարանը պէտք է որոշէ` քննութեա՞ն առնել գործը, թէ՞ ուղարկել յաւելեալ ուսումնասիրութեան:
Թոփուզ կալանաւորուած էր հոկտեմբեր 2017-ին, ինչ որ դիւանագիտական ճգնաժամ յառաջացուցած էր ՕԹԱՆ-ի անդամ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ: Ամերիկեան կողմը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած էր Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագիրները, եւ Թուրքիան նոյն քայլով հակադարձած էր:
Տարակարծութիւնը լուծելու համար Ուաշինկթըն 2018-ին պաշտօնական պատուիրակութիւն մը գործուղած էր Թուրքիա, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաները պնդած էին` հիւպատոսարանի աշխատակիցները չեն կրնար բանտարկուիլ, եթէ դիւանագիտական առաջադրանք կատարած են եւ հաղորդակցութիւններ ունեցած են դեսպանատան պահանջով: Այն ժամանակ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաաս իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած տեսաուղերձին մէջ պնդած էր` «այնպիսի տպաւորութիւն է, կարծես Թուրքիոյ մէջ որոշ պաշտօնատարներ կը փորձեն քայքայել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները»:
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմս Ճեֆրի «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած էր. «Ամերիկեան որեւէ վարչակազմ պիտի չարտօնէ իրեն հետ այսպէս վարուիլ` անկախ այն հանգամանքէն, թէ այդ երկիրը որքա՛ն կարեւոր է Ուաշինկթընի համար»:



