Միջազգային

Էրտողան. «Ուաշինկթըն Ահաբեկիչներուն  Զէնք Կ՛ուղարկէ Եւ Կը Մերժէ  Թուրքիոյ Զէնք Մատակարարել»

Էրտողան. «Ուաշինկթըն Ահաբեկիչներուն Զէնք Կ՛ուղարկէ Եւ Կը Մերժէ Թուրքիոյ Զէնք Մատակարարել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը աչք պիտի չփակէ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը իր սահմանին մօտ հաստատուելուն, «եւ պիտի քանդենք Թուրքիոյ հարաւային սահմանին վրայ ահաբեկչական միջանցքը»: Էրտողան իր խօսքը Միացեալ Նահանգներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք 23 հազար բեռնատարերով զէնք կ՛ուղարկէք ահաբեկիչներուն եւ կը մերժէք Թուրքիոյ զէնք մատակարարել, հակառակ անոր որ ատոր գինը կը վճարենք»: «Եթէ այսօր զայն չկատարենք, ապա...

«Եւրոպացի Ժիհատականներու Վերադարձը  Կազմակերպելը Ներկայիս Շատ Դժուար Է»  Կ՛ըսէ Մաս

«Եւրոպացի Ժիհատականներու Վերադարձը Կազմակերպելը Ներկայիս Շատ Դժուար Է» Կ՛ըսէ Մաս

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաս յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած եւրոպացիներուն վերադարձը կազմակերպելը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պահանջէ, ներկայիս շատ դժուար է»: «Կարելի չէ անոնց վերադարձը կազմակերպել, եթէ վստահ չըլլանք, որ այդ անձերը անմիջապէս այստեղ պիտի կանգնին դատարանին առջեւ եւ պիտի կալանաւորուին», ըսաւ ան: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ...

Եմէնի Մէջ Համաձայնութիւն` Զօրքերու  Վերատեղակայման Առաջին Փուլին Շուրջ

Եմէնի Մէջ Համաձայնութիւն` Զօրքերու Վերատեղակայման Առաջին Փուլին Շուրջ

16-17 փետրուարին տեղի ունեցած միացեալ չորրորդ խորհրդակցութեան հիմամբ, Եմէնի կառավարութիւնն ու հուսիներու Անսարուլլա շարժումը նկատառելի յառաջընթաց արձանագրած են զինեալ ուժերու վերատեղակայման հարցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ ծառայութեան: «Երկարատեւ, սակայն կառուցողական քննարկումներէ ետք, վերատեղակայման հարցերով համակարգող յանձնախումբի նախագահին օժանդակութեամբ կողմերը համաձայնած են զօրքերու փոխադարձ վերատեղակայման առաջին փուլի հարցին շուրջ», կ՛ըսուի...

Իսրայէլեան «Էրոնոթիքս» Ընկերութիւնը  Ազրպէյճանի Հետ 13 Միլիոն  Տոլարի Համաձայնագիր Կնքած Է

Իսրայէլեան «Էրոնոթիքս» Ընկերութիւնը Ազրպէյճանի Հետ 13 Միլիոն Տոլարի Համաձայնագիր Կնքած Է

Արտածման արտօնագիրներու վերականգնումէն երկու շաբաթ ետք, իսրայէլեան «Էրոնոթիքս» ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ մրցումին յաղթելու իբրեւ հետեւանք բազմամիլիոննոց համաձայնագիր կնքած է Ազրպէյճանի հետ: Իսրայէլեան «Տը Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ երկամեայ ժամկէտով համաձայնագիրին արժէքը 13 միլիոն տոլար է: Ատիկա կ՛ենթադրէ նախապէս առանցքային պատուիրատուին (Ազրպէյճան) վաճառուած «Օրպիթըր 1Քէյ» առանց օդաչուի թռչող սարքերու թեքնիք սպասարկում: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ «Օրպիթըր 1Քէյ» քամիքազ...

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամները  Կ՛արտաքսուին Վենեզուելայէն

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամները Կ՛արտաքսուին Վենեզուելայէն

Սպանական Ժողովրդական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էսթեպան Կոնզալես Փոնս յայտարարած է, թէ զինք եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան այլ անդամները կ՛արտաքսեն Վենեզուելայէն` նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հրամանով: «Մեր անձնագիրները գրաւած են եւ մեզ կ՛արտաքսեն Վենեզուելայէն: Մեզի հետ վատ կը վարուին եւ միակ բացատրութիւնը, որ կու տան, այն է, որ Մատուրոն չ՛ուզեր, որ մենք այստեղ ըլլանք», գրած է ան իր թուիթըրեան էջին վրայ: Եւրոպական խորհրդարանի...

«Մեքսիքայի Հետ Սահմանին Վրայ 2020-էն  Առաջ Հարիւրաւոր Մղոններ  Երկարող Պատ Պիտի Կառուցենք»  Կ՛ըսէ Միլըր

«Մեքսիքայի Հետ Սահմանին Վրայ 2020-էն Առաջ Հարիւրաւոր Մղոններ Երկարող Պատ Պիտի Կառուցենք» Կ՛ըսէ Միլըր

Սպիտակ տան խորհրդատու Սթիւըն Միլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ արտակարգ դրութեան յայտարարութիւնը կրնայ արտօնել Մեքսիքայի հետ սահմանի երկայնքին 2020-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն առաջ «հարիւրաւոր մղոններ» երկարող պատ մը կառուցել: Միլըր ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը նախատեսենք հարիւրաւոր մղոններով պատ կառուցել... թերեւս սեպտեմբեր 2020-ին կառուցել երկու հարիւր մղոն երկարութեամբ պատ»: «Սահմանին վրայ չես կրնար ունենալ...

«Ապրիլին Մոսկուայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ  Փութին-Էրտողան Հերթական Հանդիպումը»  Կ՛ըսէ Ուշաքով

«Ապրիլին Մոսկուայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Փութին-Էրտողան Հերթական Հանդիպումը» Կ՛ըսէ Ուշաքով

Տակաւին քանի մը օր անցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումէն, սակայն Մոսկուան արդէն կը յայտարարէ Փութին-Էրտողան նոր հանդիպումին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Փութին եւ Էրտողան հերթական բանակցութիւններ պիտի կատարեն Մոսկուայի մէջ այս տարուան ապրիլին», յայտարարած է Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով: Յիշեցնենք, որ Էրտողան 15 փետրուարին այցելած էր Սոչի, ուր...

Ըստ Հիւսիսային Քորէայի  Կեդրոնական Օրաթերթի.  Հանոյի Մէջ Թրամփ-Ըն Վեհաժողովը  «Պատմական Պահ» Պիտի Ըլլայ

Ըստ Հիւսիսային Քորէայի Կեդրոնական Օրաթերթի. Հանոյի Մէջ Թրամփ-Ըն Վեհաժողովը «Պատմական Պահ» Պիտի Ըլլայ

Հիւսիսային Քորէան իր զարգացման մէջ «բեկումնային պատմական պահ» կ՛ապրի երկրի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկրորդ վեհաժողովի նախաշէմին, որ կը նախատեսուի 27-28 փետրուարին, Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մէջ: Այս մասին ըսուած է Հիւսիսային Քորէայի «Նոտոն սինմուն» կեդրոնական օրաթերթի մեկնաբանութեան մէջ: «Մեր երկիրը բեկումնային պատմական պահ կ՛ապրի», կ՛ընդգծեն յօդուածի հեղինակները` յորդորելով բացուող կարելիութիւնները օգտագործել Հիւսիսային Քորէայի տնտեսական...

Լոնտոն Պիտի Շարունակէ Պրիւքսելի Կողմէ  «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Գործարքի  Վերանայման Հասնելու Ջանքերը

Լոնտոն Պիտի Շարունակէ Պրիւքսելի Կողմէ «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Գործարքի Վերանայման Հասնելու Ջանքերը

Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ Եւրոպական Միութեան կողմէ «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն վերաբերեալ համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու ջանքերը, յատկապէս «Պեքսթոփ»-ի` վիճելի պաշտպանական մեքանիզմի մասին, որ կոչուած է չարտօնել Հիւսիսային Իրլանտայի եւ Իրլանտայի միջեւ շօշափելի սահմանի յայտնուիլը: «Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի մամլոյ ծառայութիւնը` մեկնաբանելով կառավարութեան պարտութիւնը Համայնքներու պալատին մէջ «Պրեքզիթ»-ի իրագործման ուղղութեամբ Բրիտանիոյ վարչապետի քաղաքականութեան հարցին...

Թրամփ Եւրոպացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ստանձնելու  Սուրիոյ Մէջ Ձերբակալուած  ՏԱՀԵՇ-ի 800 Եւրոպացի Անդամները

Թրամփ Եւրոպացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Ստանձնելու Սուրիոյ Մէջ Ձերբակալուած ՏԱՀԵՇ-ի 800 Եւրոպացի Անդամները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «եւրոպացի դաշնակիցներ»-ուն կոչ ուղղեց ստանձնելու ՏԱՀԵՇ-ի աւելի քան 800 եւրոպացի անդամները, որոնք Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած են: Ան յայտնեց, որ անոնց տունդարձը չարտօնելը ունի վտանգաւոր հետեւանքներ, որովհետեւ Ուաշինկթըն կրնայ ստիպուիլ զանոնք ազատ արձակել, սակայն չ՛ուզեր ձեռնածալ մնալ, մինչ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը ներթափանցեն Եւրոպա: Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն պիտի հեռանան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիարժէք...

Էրտողան Չի Բացառեր Սուրիոյ Մէջ  Ռուսիաևթուրքիա-Իրան Միացեալ Գործողութիւն Մը

Էրտողան Չի Բացառեր Սուրիոյ Մէջ Ռուսիաևթուրքիա-Իրան Միացեալ Գործողութիւն Մը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ չի բացառեր, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ միացեալ գործողութիւն մը կատարէ: Էրտողան Սոչիի մէջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմ վեհաժողովէն իր վերադարձին յայտնեց, որ այդ միացեալ գործողութիւնը կրնայ որեւէ պահու շղթայազերծուիլ, ըստ զարգացումներուն, եւ ատոր դիմաց արգելքներ չկան: Ան ըսաւ, թէ թրքական եւ ռուսական բանակները մեծ աշխատանք կը տանին...

Ճեֆրի. «Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր,  Որ Սուրիոյ Կառավարութիւնը Վերստանձնէ  Հիւսիսային Սուրիոյ Վերահսկողութիւնը»

Ճեֆրի. «Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր, Որ Սուրիոյ Կառավարութիւնը Վերստանձնէ Հիւսիսային Սուրիոյ Վերահսկողութիւնը»

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց. «Ամերիկեան ուժերու (Սուրիայէն) հեռացումը արագ պիտի չըլլայ, այլ հանգրուանային եւ դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցաբար»: Ճեֆրի Միւնիխի Անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նպատակները չեն փոխուած, հակառակ ամերիկեան ուժերու հեռացման` աւելցնելով. «Պիտի չընդունինք, որ շրջաններէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումէն ետք վարչակարգը այդտեղ վերադառնայ»: Ան նաեւ...

Փոմփէօ «Վրդովեցուցիչ» Կը Նկատէ Իրանի Մէջ  Ահաբեկչութիւնը Ուաշինկթընի Հետ Կապելը

Փոմփէօ «Վրդովեցուցիչ» Կը Նկատէ Իրանի Մէջ Ահաբեկչութիւնը Ուաշինկթընի Հետ Կապելը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հերքած է եւ «վրդովեցուցիչ» նկատած Թեհրանի այն պնդումը, թէ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները մեղաւոր են 13 փետրուարին Իրանի հարաւ-արեւելքը տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումին համար, որուն պատճառով զոհուած էին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի առնուազն 27 անդամներ: Ահաբեկչական յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է սիւննի անջատողական Ժէյշ Ատըլ խմբաւորումը, սակայն Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին յարձակումին համար մեղադրեց...

Ռուհանի Պատրաստ Է Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ  Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու

Ռուհանի Պատրաստ Է Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու

Սոչիի Եռակողմ Վեհաժողովը Կարեւոր Կը Նկատէ Իտլիպի Համաձայնութիւնը Գործադրելու Ջանք Թափելը Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ հինգշաբթի օր գումարուած եռակողմ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է Իտլիպը ահաբեկչական տարրերէն ձերբազատելու շուրջ: Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ լուրջ ջանքեր կը թափուին թուրք-սուրիական...

Վարշաւայի Խորհրդաժողով.  «Միջին Արեւելքի Մէջ Կարելի Չէ Կայունութիւն  Հաստատել` Առանց Իրանը Դիմակայելու»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Վարշաւայի Խորհրդաժողով. «Միջին Արեւելքի Մէջ Կարելի Չէ Կայունութիւն Հաստատել` Առանց Իրանը Դիմակայելու» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ Միջին Արեւելքի կացութեան կայունացման նուիրուած երկօրեայ նախարարական խորհրդաժողովի աւարտին իր լեհ պաշտօնակից Եացեք Չափոթովիչի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլացի եւ արաբ ղեկավարներուն նոյն սենեակին մէջ գտնուիլը «պատմական օր մըն է»` աւելցնելով, որ խորհրդաժողովին մասնակիցներէն ոչ ոք պաշտպանած է Իրանը: Ան ընդգծեց. «Միջին Արեւելքի մէջ կարելի չէ...

«Իրանի Վտանգը Դիմակայելը  Պաղեստինեան Դատէն Կարեւոր Է»  Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Իրանի Վտանգը Դիմակայելը Պաղեստինեան Դատէն Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա յայտնեց. «Իրանեան վտանգը դիմակայելը ներկայիս Պաղեստինեան դատէն աւելի կարեւոր է»: Ան այդպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է «Եութիուպ»-ի վրայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հրապարակած` Վարշաւայի խորհրդաժողովի նիստերէն մէկուն տեսերիզին մէջ, որ կարճ ժամանակ ետք կայքէն ջնջուած է: Տեսերիզին մէջ կը տեսնուին Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա...

Ըստ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Արտաքին Գործոց Նախարարին.  «Իսրայէլ Իրանի Վտանգէն Ինքզինք  Պաշտպանելու Իրաւունք Ունի»

Ըստ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարին. «Իսրայէլ Իրանի Վտանգէն Ինքզինք Պաշտպանելու Իրաւունք Ունի»

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հրապարակած է տեսերիզի մը մէկ բաժինը, ուր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան կը յայտնէ, թէ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք «Իրանի վտանգէն» պաշտպանելու: Վարշաւայի մէջ Միջին Արեւելքի նուիրուած խորհրդաժողովի մէկ նիստին ընթացքին նկարուած տեսերիզին 13:00 վայրկեանին նախարարը, պատասխանելով Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերուն...

«Փութին Ամբողջ Աշխարհի  Ժողովրդավարութեան  Վտանգ Կը Ներկայացնէ»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Փութին Ամբողջ Աշխարհի Ժողովրդավարութեան Վտանգ Կը Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ զգուշացուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամբողջ աշխարհի ժողովրդավարութեան համար վտանգ կը ներկայացնէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: «Վլատիմիր Փութին մտադիր է ամբողջ աշխարհին վրայ խաթարել ժողովրդավարութիւնը, մի՛ սխալիք, այդ առումով մենք պէտք է շատ վստահ ըլլանք», Պրաթիսլաւայի մէջ լրագրողներուն ըսած է Փոմփէօ:

Այսօր Սոչիի Մէջ` Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Վեհաժողով.  «Իտլիպի Վերաբերող Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւնը   Չ՛արտօներ, Որ Այդ Վայրը Ահաբեկչութեան Որջ Մնայ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

Այսօր Սոչիի Մէջ` Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Վեհաժողով. «Իտլիպի Վերաբերող Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւնը Չ՛արտօներ, Որ Այդ Վայրը Ահաբեկչութեան Որջ Մնայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց. «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Իտլիպի վերաբերեալ գոյացած Սոչիի համաձայնութիւնը չի կրնար արտօնել, որ Իտլիպ ահաբեկչութեան որջ մնայ»` աւելցնելով. «Ժապհաթ Նուսրան Իտլիպի 90 առ հարիւրին կը տիրէ, եւ ահաբեկիչներուն հետ կարելի չէ երկխօսութիւն կատարել»: «Մենք պիտի աջակցինք Սուրիոյ բանակին` սուրիական բոլոր տարածքները ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրելու համար», յայտարարեց ան: Լաւրով յայտնեց, որ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ...

Այսօր Վարշաւայի Մէջ Կը Սկսին Միջին Արեւելքին  Նուիրուած Խորհրդաժողովի Աշխատանքային Նիստերը

Այսօր Վարշաւայի Մէջ Կը Սկսին Միջին Արեւելքին Նուիրուած Խորհրդաժողովի Աշխատանքային Նիստերը

Վարշաւայի մէջ երէկ սկսաւ Միջին Արեւելքի կացութեան կայունացման հարցին նուիրուած երկօրեայ նախարարական խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած է Վարշաւայի եւ Ուաշինկթընի միացեալ ջանքերով, եւ որուն կը մասնակցին 60 երկիրներ: Հանդիպումի պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ երէկ գիշեր Լեհաստանի մայրաքաղաքի պատմական մասին մէջ գտնուող Թագաւորական դղեակին մէջ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթով: Աշխատանքային բոլոր նիստերը տեղի պիտի ունենան այսօր: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ժողովին մասնակցողներու շարքին են...

Page 547 of 884 1 … 546 547 548 … 884

Արխիւներ