Միջազգային

Թրամփ Արգիլած Է ՏԱՀԵՇ-ի Միացած  Ամերիկուհիին  Միացեալ Նահանգներ Վերադառնալ

Թրամփ Արգիլած Է ՏԱՀԵՇ-ի Միացած Ամերիկուհիին Միացեալ Նահանգներ Վերադառնալ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան թելադրած է չարտօնել Միացեալ Նահանգներ ծնած, սակայն աւելի ուշ, երկրէն հեռանալով, ՏԱՀԵՇ-ին միացած Հուտա Մութանային Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ: «Ես արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի թելադրած եմ Հուտա Մութանային չարտօնել երկիր վերադառնալ, եւ ան ինծի համակարծիք է», թուիթըրեան գրառման մէջ նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: «Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ 24-ամեայ...

Չինաստան Ցուցադրած Է  Իր Հզօրագոյն Հրթիռները

Չինաստան Ցուցադրած Է Իր Հզօրագոյն Հրթիռները

Չինաստանի ազգային ազատագրական բանակը հրապարակած է երկրի զինուորական հզօրութեան վերաբերեալ քարոզչական տեսանիւթ մը` ցուցադրելով երկրի հզօրագոյն հրթիռները: Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը նշէ, որ հրթիռներէն մէկը «Տոնկֆենկ-41»-ն է (Տի.Էֆ.-41), որ թեւաւոր հրթիռներու շարքի մէջ ամէնէն հեռահասն է: Հիւլէական մարտագլխիկներով զինուած հրթիռը կրնայ հասնիլ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ կամ Բրիտանիա: Ցուցադրուած այլ տպաւորիչ զէնքերու շարքին եղած են գործողութեան կարճ հասողութեամբ «Տի.Էֆի-2»-ը, «Տի.Էֆ.-5Պի»...

«Փաքիստան Թող Իմանայ, Որ Սէուտական  Վարչակարգը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»  Կ՛ըսէ Խամենէիի Աւագ Խորհրդականը

«Փաքիստան Թող Իմանայ, Որ Սէուտական Վարչակարգը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Խամենէիի Աւագ Խորհրդականը

  Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական գնդապետ-զօրավար Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի յայտնեց. «Մենք Փաքիստանի հետ դրացի ենք, սակայն փաքիստանցիները պէտք է իմանան, որ սէուտական վարչակարգը երկարատեւ պիտի չըլլայ»: Ան նշեց, որ փաքիստանեան գաղտնի սպասարկութիւնը կ՛աջակցի ահաբեկիչներուն: «Եւրոպայի մէջ 16 հիմնարկներ եւ հետազօտական կեդրոններ «Աշխարհը 2030 թուականին» խորագրեալ փաստաթուղթի մը մէջ յայտարարեցին, թէ 2030-ին աշխարհի վրայ Սէուտական Արաբիա անունով երկիր մը...

«Սուրիայէն Ամերիկեան  Ուժերու Հեռացումը  Մարտավարական Փոփոխութիւն Է  Եւ Ժամանակացոյց Չունի»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

«Սուրիայէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը Մարտավարական Փոփոխութիւն Է Եւ Ժամանակացոյց Չունի» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալատինօ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են իրենց ուժերու Սուրիայէն հեռացման, սակայն ատոր համար ճշդուած ժամանակացոյց մը գոյութիւն չունի»: «Հեռացումը պիտի ըլլայ սերտուած եւ համակարգուած», նշեց ան: «Ուժերու հեռացումը մարտավարական փոփոխութիւն է, սակայն ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի մեր նպատակին մէջ չկայ փոփոխութիւն», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: «Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ հետ...

Քոնկրեսականներ Հայաստանի Հետ Երկկողմանի  Յարաբերութիւններու  Զարգացման Կոչով Դիմած Են Փոմփէոյին

Ներկայացուցիչներու Տան Յանձնախումբ Մը Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Հիւլէական Կայաններու Կառուցման Ծրագիրին Շուրջ Հետաքննութեան Կը Ձեռնարկէ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հսկողութեան եւ բարեկարգման յանձնախումբը յայտարարեց, թէ հետաքննութեան ձեռնարկած է ճշդելու, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը ջանայ հիւլէական զգայուն ճարտարագիտութիւն ծախել Սէուտական Արաբիոյ` մեկնելով իրեն զօրակցող ամերիկեան ընկերութիւններու շահերէն: Յանձնախումբի բազմաթիւ զեկուցաբերներ զգուշացուցած են շահերու բախումէ, «որ կրնայ դաշնակցային քրէական օրէնքի ծիրին մէջ ըլլալ»: Յանձնախումբի նախագահ քոնկրեսական Իլայճա Քամինկզ յայտնեց, որ Սպիտակ տունէն պահանջած է...

«ՏԱՀԵՇ-ի Հարս»-ը Զրկուեցաւ  Բրիտանիոյ Քաղաքացիութենէն

«ՏԱՀԵՇ-ի Հարս»-ը Զրկուեցաւ Բրիտանիոյ Քաղաքացիութենէն

Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Սաժիտ Ժաուիտ յայտարարեց, որ «ՏԱՀԵՇ-ի հարս» բրիտանացի Շամիմա Պիկըմէն խլուած է քաղաքացիութիւնը: Պիկըմ չորս տարի առաջ` 15 տարեկանին, ՏԱՀԵՇ-ի քարոզչութենէն ազդուելով հեռացած էր Բրիտանիայէն եւ Սուրիոյ մէջ միացած ՏԱՀԵՇ-ին: Ան Սուրիոյ մէջ ամուսնացած էր հոլանտացի ժիհատականի մը` 26 տարեկան Եակօ Ռիտճիքի հետ, սակայն տարիներ վերջ ան այժմ կ՛ուզէ իր երկիրը վերադառնալ իր նորածինին` Ժարրահին հետ: Ան...

Փութին Կը Նշէ Ռուսիոյ Արտաքին  Քաղաքականութեան Առաջնահերթութիւնները

Փութին Կը Նշէ Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Առաջնահերթութիւնները

Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններն են` վստահութեան ամրապնդումը, պայքարը ամբողջ աշխարհի համար հասարակաց սպառնալիքներու դէմ, համագործակցութեան ընդլայնումը տնտեսութեան բնագաւառին մէջ, այս հիման վրայ աշխատանք կը տարուի ՄԱԿ-ի, ԱՊՀ-ի, Քսաններու խմբակի, ՊՐԻՔՍ-ի մէջ եւ այլ հարթակներու վրայ: Այդ մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Դաշնակցային խորհուրդին յղած ուղերձին մէջ: «Մեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայ հարցերը բացայայտ են. ատիկա վստահութեան ամրապնդումն է, պայքարը ամբողջ...

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Դամասկոսը  Հարուածած Երկակի Ահաբեկչական Յարձակումը

Ուաշինկթըն Բոլոր Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Աջակցելու Աֆղանիստանի Հաշտութեան Բանակցութիւններուն

Միացեալ Նահանգներ բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղէ` ձեռնարկելու դիւանագիտական ջանքերու, որոնք պիտի օժանդակեն Աֆղանիստանի մէջ հաշտութեան բանակցութիւններ կատարելուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալատինօ: «Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը աջակցիլն է այն բոլոր քայլերուն, որոնք հաշտութեան բանակցութիւններու պիտի յանգին Աֆղանիստանի մէջ, ուր պիտի ըլլան երկրի կառավարութիւնը, Թալեպան շարժումը: Մենք բոլոր երկիրներուն...

«ՏԱՀԵՇ-ի Օտար Զինեալները Պիտի Չստանձնենք» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց յայտնեց, որ իր երկիրը կը մերժէ ստանձնել ՏԱՀԵՇ-ի անդամ եւ ներկայիս Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած օտար զինեալները հիւրընկալել: Ան այդպիսով կը հակադարձէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւրոպական երկիրներուն յղած` ՏԱՀԵՇ-ի անդամ իրենց քաղաքացիները ստանձնելու եւ Եւրոպայի մէջ դատելու կոչին: «Առաջնահերթ կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդը մանաւանդ ահաբեկչական վտանգաւոր ոճիրներ գործածներէն պաշտպանելն է», ըսաւ Քուրց: Նախապէս Ֆրանսան, Դանիան ու...

Լաւրով Ուաշինկթընը Կը Զգուշացնէ  Սուրիոյ Նկատմամբ  Ոչ Օրինական Քայլեր Որդեգրելէ

Լաւրով Ուաշինկթընը Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Նկատմամբ Ոչ Օրինական Քայլեր Որդեգրելէ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց. «Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ կացութիւնը բարդ է Ուաշինկթընի քաղաքականութեան պատճառով, որ կը ձգտի մասնատել Սուրիան եւ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ կիսապետութիւն հաստատել»: «Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն կ՛արգիլեն Սուրիոյ ազատագրուած շրջաններուն մէջ ներդրում կատարել», ըսաւ ան: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց Ուաշինկթընն ու անոր դաշնակիցները Սուրիոյ նկատմամբ ոչ օրինական քայլեր որդեգրելէ:

Ամերիկեան 16 Նահանգներ Կը Վիճարկեն  Արտակարգ Դրութեան Վերաբերեալ Թրամփի  Յայտարարութեան Սահմանադրականութիւնը

Ամերիկեան 16 Նահանգներ Կը Վիճարկեն Արտակարգ Դրութեան Վերաբերեալ Թրամփի Յայտարարութեան Սահմանադրականութիւնը

Միացեալ Նահանգներու 16 նահանգներ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ներկայացուցին դատական հայց մը, որ կը վիճարկէ Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ պատ կառուցելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի արտակարգ դրութիւն յայտարարելը: Քալիֆորնիոյ մէջ դաշնակցային դատարանին ներկայացուած դատական հայցին մէջ Թրամփ կ՛ամբաստանուի սահմանադրութեան երկու կէտ խախտելու յանցանքով` առաջինը կը վերաբերի օրէնսդրական քայլերու ճշդման, իսկ երկրորդը Քոնկրեսին կը վերապահէ պետական ելեւմուտքի վերաբերեալ հարցերուն մէջ...

Թրամփ Վենեզուելայի Զինուորականներուն  Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու  Ընդդիմութիւնը, Այլապէս…

Թրամփ Վենեզուելայի Զինուորականներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Ընդդիմութիւնը, Այլապէս…

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վենեզուելացի զինուորականներուն կոչ ուղղեց` պաշտպանելու երկրի ընդդիմութիւնը, մասնաւորաբար, արտօնել մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող ինքնաշարժներու շարասիւնին երկիր մուտքը եւ ըլլալ համաներուած, կամ ալ «կորսնցնել ամէն ինչ»: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Սպիտակ տան ղեկավարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Մայամիի մէջ, Ֆլորիտա նահանգի միջազգային համալսարանին մէջ: Անոր խօսքը հեռարձակուած է Միացեալ Նահանգներու պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ: «Մեր...

«Սուրիայէն Եւ Իրաքէն Փախած ՏԱՀԵՇ-ի  Ահաբեկիչները Նոր Ցանց  Հիմնած Են Աֆղանիստանի Մէջ»  Կ՛ըսէ Նովիքով

«Սուրիայէն Եւ Իրաքէն Փախած ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչները Նոր Ցանց Հիմնած Են Աֆղանիստանի Մէջ» Կ՛ըսէ Նովիքով

ՏԱՀԵՇ-ի` Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախուստ տուած զինեալները ահաբեկչական նոր ցանց մը հիմնած են Աֆղանիստանի մէջ, եւ անիկա սպառնալիք է ամբողջ Միջին Ասիոյ համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ԱՊՀ հակաահաբեկչական կեդրոնի ղեկավար Անտրէյ Նովիքովը` ԱՊՀ անդամ երկիրներու հակաահաբեկչական կեդրոններու ղեկավարներու խորհրդակցութեան ժամանակ: Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին ԱՊՀ-ի անդամ 9 երկիրներու ներկայացուցիչները, ներառեալ Հայաստանը: Նովիքովի համաձայն, վերոնշեալ ահաբեկչական...

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահի  Լիազօրութիւնները Ստանձնած Է Ազգայնական  Կուսակցութեան Փոխնախագահը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահի Լիազօրութիւնները Ստանձնած Է Ազգայնական Կուսակցութեան Փոխնախագահը

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահի լիազօրութիւնները ստանձնած է «Գորշ գայլեր» ծայրայեղ ազգայնական շարժումի քաղաքական թեւը եղող Ազգային շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Ճելալ Ատան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Աքշամ» օրաթերթը: Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի` արդէն նախկին նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ հրաժարած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու ընթացքին Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուելու համար: Ընտրութիւններուն մասնակցիլ կարենալու համար Եըլտըրըմ...

Մերքել Մտահոգ Է «Հիւսիսային Հոսք-2»-ի  Նկատմամբ Ուաշինկթընի Աճող Կարծր Կեցուածքէն

Մերքել Մտահոգ Է «Հիւսիսային Հոսք-2»-ի Նկատմամբ Ուաշինկթընի Աճող Կարծր Կեցուածքէն

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մտահոգ է «Հիւսիսային հոսք-2» կազի խողովակաշարի կառուցման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու աճող կարծր կեցուածքէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով երեք աղբիւրներ: Գործակալութեան տուեալներով` Գերմանիոյ կառավարութեան մէջ մտահոգ են, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի հետագայ քայլերը կազի նախագիծին նկատմամբ, այն բանէն ետք, երբ Պերլին յաջողեցաւ խափանել եւրոպացի դաշնակիցները իր դէմ...

Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի  Առեւտրական Բանակցութիւններու  Նոր Փուլը` 21-22 Փետրուարին Ուաշինկթընի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Առեւտրական Բանակցութիւններու Նոր Փուլը` 21-22 Փետրուարին Ուաշինկթընի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի առեւտրական բանակցութիւններու նոր փուլը տեղ պիտի ունենայ 21-22 փետրուարին Ուաշինկթընի մէջ: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Չինաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը: Ամերիկեան կողմին հրաւէրով Չինաստանի պետական խորհուրդի փոխվարչապետ Լիու Հեն 21-22 փետրուարին պիտի այցելէ Ուաշինկթըն` մասնակցելու համար առեւտրական հարցերու շուրջ չին-ամերիկեան բանակցութիւններու եօթներորդ փուլին: Ամերիկեան կողմէն բանակցողները, ինչպէս նախապէս,...

Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ի.  Էրտողան Երկու Անգամ Մերժած Է Փութինի`  Ուքրանիոյ Եկեղեցւոյ Եւ Պոլսոյ Յոյն  Ուղղափառ Պատրիարքարանի  Գործողութիւններուն Միջամտելու Դիմումը

Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ի. Էրտողան Երկու Անգամ Մերժած Է Փութինի` Ուքրանիոյ Եկեղեցւոյ Եւ Պոլսոյ Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքարանի Գործողութիւններուն Միջամտելու Դիմումը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկու անգամ մերժած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ եւ Պոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ գործողութիւններուն միջամտելու դիմումը: Այս մասին յայտնած է պատրիարքութեան` Պուրսայի առաջնորդ Էլֆիտոֆորոս Լամպրինիատիսը թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Յոյն բարձրաստիճան հոգեւորականը նշած է, թէ հակառակ Անգարայի եւ Մոսկուայի սերտ յարաբերութիւններուն` Թուրքիոյ ղեկավարը մերժած է միջամտել ուղղափառ եկեղեցւոյ գործերուն` շեշտելով, որ...

Եունքեր Չէ Բացառած Բրիտանիոյ  Մասնակցութիւնը Եւրոպական  Խորհրդարանի Ընտրութիւններուն

Եունքեր Չէ Բացառած Բրիտանիոյ Մասնակցութիւնը Եւրոպական Խորհրդարանի Ընտրութիւններուն

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր չէ բացառած, որ Բրիտանիան, նախքան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը, մասնակցի Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այդ մասին յայտարարած է «Շթութկարթըր Ցայթունկ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Պրեքզիթ»-ի գործին մէջ, ինչպէս մեղադրեալներու աթոռին կամ բաց ովկիանոսին մէջ, ամէն ինչ Աստուծոյ ձեռքն է», ըսած է Եունքեր: Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարը չէ բացառած, որ Լոնտոն կարենայ...

2018-ին Թուրքիոյ Բնակչութիւնը  1 Միլիոն 193 Հազար 357-ով Աճած Է

2018-ին Թուրքիոյ Բնակչութիւնը 1 Միլիոն 193 Հազար 357-ով Աճած Է

Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութիւնը տուեալներ հրապարակած է երկրի բնակչութեան թիւին վերաբերեալ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հաշուարկներու համաձայն, 2018-ին Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը 2017-ի համեմատ աւելցած է 1 միլիոն 193 հազար 357-ով եւ հասած 82 միլիոն 3 հազար 882-ի: Բնակչութեան 50,2 առ հարիւրը (41 միլիոն 139 հազար 980) կը կազմեն տղամարդիկ, 49,8 առ հարիւրը (40 միլիոն 863 հազար 902)` կիներ: Բնակչութեան...

Փեսքով. «Փութին  Կը Վստահի Էրտողանին»

Փեսքով. «Փութին Կը Վստահի Էրտողանին»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին խօսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յարաբերութիւններուն մասին: Ըստ անոր, Փութին կը վստահի Էրտողանին: «Անոնք զիրար շատ լաւ կը հասկնան», աւելցուցած է Փեսքով:

Page 546 of 884 1 … 545 546 547 … 884

Արխիւներ