Վարշաւայի մէջ երէկ սկսաւ Միջին Արեւելքի կացութեան կայունացման հարցին նուիրուած երկօրեայ նախարարական խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած է Վարշաւայի եւ Ուաշինկթընի միացեալ ջանքերով, եւ որուն կը մասնակցին 60 երկիրներ:
Հանդիպումի պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ երէկ գիշեր Լեհաստանի մայրաքաղաքի պատմական մասին մէջ գտնուող Թագաւորական դղեակին մէջ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթով: Աշխատանքային բոլոր նիստերը տեղի պիտի ունենան այսօր:
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ժողովին մասնակցողներու շարքին են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայքըլ Փենս, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, մնացեալ երկիրները ներկայացուած պիտի ըլլան նախարարներով կամ անոնց տեղակալներով: Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Եացեք Չափութովիչի համաձայն, խորհրդաժողովի գլխաւոր նպատակը «ստեղծուած կացութիւնը քննարկելն է եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատման սկսիլը»:
Ան հիմնական թեմաներու շարքին նշած է շրջանային հակամարտութիւնները, մարդասիրական խնդիրները, զանգուածային բնաջնջման զէնքի տարածումը, ահաբեկչութիւնը, տարատեսակ սպառնալիքները եւ ուժանիւթային անվտանգութիւնը: Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Վարշաւա պիտի այցելեն Աւստրիոյ, Բրիտանիոյ, Հունգարիոյ, Լիթուանիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարները: Միջին Արեւելքէն ժողովին պիտի մասնակցին Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Յորդանանի, Եմէնի, Քուէյթի, Մարոքի, Օմանի եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարները:
Հանդիպումին ներկայ պիտի չըլլայ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին: Ան իր մերժումը բացատրած է այլ միջոցառումներով զբաղած ըլլալով: Բայց եւ այնպէս, լեհ կազմակերպիչները հաւաստած են, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը ներկայացուած պիտի ըլլայ: Խորհրդաժողովին մասնակցիլ մերժած է Պաղեստինը: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախապէս յայտարարած էր, որ Լիբանան պիտի չմասնակցի խորհրդաժողովին, ատոր` Իսրայէլի մասնակցութեան պատճառով:
Հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարի մը այն պնդումին, թէ Վարշաւայի խորհրդաժողովը հակաիրանեան բնոյթ չի կրեր, Իրան հրաւէր չէ ստացած խորհրդաժողովի մասնակցութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երեքշաբթի օր յայտարարեց. «Վարշաւայի մէջ խորհրդաժողովին մեր մասնակցութիւնը պիտի սահմանափակուի միայն Լեհաստանի մէջ մեր դեսպանատան մակարդակով»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտնած էր, որ Ռուսիան պիտի չմասնակցի խորհրդաժողովին, որ «կը նախապատրաստուի հապճեպօրէն, առանց հաշուի առնելու միջինարեւելեան եւ շրջանային ազդեցիկ երկիրներու կարծիքը»:



