Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց. «Ամերիկեան ուժերու (Սուրիայէն) հեռացումը արագ պիտի չըլլայ, այլ հանգրուանային եւ դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցաբար»:
Ճեֆրի Միւնիխի Անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նպատակները չեն փոխուած, հակառակ ամերիկեան ուժերու հեռացման` աւելցնելով. «Պիտի չընդունինք, որ շրջաններէն ամերիկեան ուժերուն հեռացումէն ետք վարչակարգը այդտեղ վերադառնայ»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ քաղաքական լուծումին կը զօրակցի:



