Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Սոչիի Մէջ` Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Վեհաժողով. «Իտլիպի Վերաբերող Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւնը Չ՛արտօներ, Որ Այդ Վայրը Ահաբեկչութեան Որջ Մնայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

February 14, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց. «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Իտլիպի վերաբերեալ գոյացած Սոչիի համաձայնութիւնը չի կրնար արտօնել, որ Իտլիպ ահաբեկչութեան որջ մնայ»` աւելցնելով. «Ժապհաթ Նուսրան Իտլիպի 90 առ հարիւրին կը տիրէ, եւ ահաբեկիչներուն հետ կարելի չէ երկխօսութիւն կատարել»:

«Մենք պիտի աջակցինք Սուրիոյ բանակին` սուրիական բոլոր տարածքները ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրելու համար», յայտարարեց ան:

Լաւրով յայտնեց, որ Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ հանդիպումին գլխաւոր նիւթերէն մէկը պիտի ըլլայ Իտլիպի հարցը` նշելով. «Իտլիպի մէջ ապազինեալ գօտին ահաբեկչական որջերը պահպանելու վերաբերող որեւէ համաձայնութիւն չի պարունակեր, պէտք է զինեալները ոչնչացնել»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Մենք կը մերժենք Սուրիոյ թէ Վենեզուելայի մէջ ներքին քաղաքական խնդիրներու լուծումը դուրսէն պարտադրել: «Մենք պիտի զօրակցինք Դամասկոսին Միջազգային դաշինքին դիմումին` Տէր Զօրի մէջ կատարուած յարձակումներուն դէմ Ապահովութեան խորհուրդէն դատապարտում ապահովելու», ըսաւ ան:

Մէկ օր առաջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած էր իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի հետ: Հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «վճռական քայլեր» պէտք է առնուին «Իտլիպ նահանգի մէջ կացութիւնը կայունացնելու համար» եւ «հակառակ սադրանքներու», հարկ է շարունակել «մեր երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը»:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կ՛ակնարկէ ՏԱՀԵՇ-ի եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն վերաբերեալ Թուրքիոյ «անվտանգութեան մտահոգութիւններուն», որոնք պէտք է լուծում գտնեն «փոխադարձ հասկացողութեան մը ծիրին մէջ»:

Նշենք, որ այսօր Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմանի վեհաժողովը:

 

Նախորդը

Այսօր Վարշաւայի Մէջ Կը Սկսին Միջին Արեւելքին Նուիրուած Խորհրդաժողովի Աշխատանքային Նիստերը

Յաջորդը

«Փութին Ամբողջ Աշխարհի Ժողովրդավարութեան Վտանգ Կը Ներկայացնէ» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.