Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ Եւրոպական Միութեան կողմէ «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն վերաբերեալ համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու ջանքերը, յատկապէս «Պեքսթոփ»-ի` վիճելի պաշտպանական մեքանիզմի մասին, որ կոչուած է չարտօնել Հիւսիսային Իրլանտայի եւ Իրլանտայի միջեւ շօշափելի սահմանի յայտնուիլը:
«Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի մամլոյ ծառայութիւնը` մեկնաբանելով կառավարութեան պարտութիւնը Համայնքներու պալատին մէջ «Պրեքզիթ»-ի իրագործման ուղղութեամբ Բրիտանիոյ վարչապետի քաղաքականութեան հարցին շուրջ 14 փետրուարին տեղի ունեցած խորհրդանշական քուէարկութեան ընթացքին:
«Կառավարութիւնը ատոր հասնելու ջանքերը պիտի շարունակէ Եւրոպական Միութեան հետ, որպէսզի ապահովուի մեր դուրս գալը սահմանուած ժամկէտին` 29 մարտին», ըսած է Մէյի մամլոյ քարտուղարը:
Վարչապետի դիւանատունը մեղադրած է ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերեմի Քորպինը, որովհետեւ ան «վերստին կուսակցական նկատառումները բարձր դասեց ազգայինէն` դէմ քուէարկելով կառավարութեան առաջարկին` պաշտպանել «Պրեքզիթ»-ի իրագործման Մէյի մօտեցումը, ինչ որ աւելի հաւանական կը դարձնէ առանց համաձայնութեան «Պրեքզիթ»-ի բեմագրութիւնը»:



