Թրամփ. «Գոհ Չեմ Եւ Պիտի Սերտեմ». Միացեալ Նահանգներու Մէջ Սկզբունքային Համաձայնութիւն` Կառավարութեան Աշխատանքի Նոր Դադրեցումէ Խուսափելու Շուրջ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ուրախ չէ Քոնկրեսի մէջ սահմանային անվտանգութեան հարցին շուրջ գոյացած սկզբունքային համաձայնութենէն: Ան Սպիտակ տան մէջ տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` խօսելով գոյացած սկզբունքային համաձայնութեան մասին, ըսաւ. «Պէտք է զայն սերտեմ: Անկէ գոհ չեմ»: Թրամփ նաեւ այդ գծով «Թուիթըր»-ի վրայ ըրաւ հետեւեալ գրառումը. «Կը սերտեմ բոլոր կողմերը` իմանալով, որ այդ միջոցները պիտի միացուին այլ աղբիւրներէ...



















