Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ չի բացառեր, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դէմ միացեալ գործողութիւն մը կատարէ:
Էրտողան Սոչիի մէջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմ վեհաժողովէն իր վերադարձին յայտնեց, որ այդ միացեալ գործողութիւնը կրնայ որեւէ պահու շղթայազերծուիլ, ըստ զարգացումներուն, եւ ատոր դիմաց արգելքներ չկան:
Ան ըսաւ, թէ թրքական եւ ռուսական բանակները մեծ աշխատանք կը տանին Իտլիպի շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան գործադրութեան եւ շրջանին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար:



