Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարշաւայի Խորհրդաժողով. «Միջին Արեւելքի Մէջ Կարելի Չէ Կայունութիւն Հաստատել` Առանց Իրանը Դիմակայելու» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

February 16, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ Միջին Արեւելքի կացութեան կայունացման նուիրուած երկօրեայ նախարարական խորհրդաժողովի աւարտին իր լեհ պաշտօնակից Եացեք Չափոթովիչի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլացի եւ արաբ ղեկավարներուն նոյն սենեակին մէջ գտնուիլը «պատմական օր մըն է»` աւելցնելով, որ խորհրդաժողովին մասնակիցներէն ոչ ոք պաշտպանած է Իրանը:

Ան ընդգծեց. «Միջին Արեւելքի մէջ կարելի չէ կայունութիւն հաստատել` առանց Իրանը դիմակայելու»:

Ան Ուաշինկթընի եւրոպացի դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց դուրս գալու Իրանի հետ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած համաձայնութենէն:

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ Իրանի միջամտութիւնը շրջանին վրայ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ»: Ան յայտնեց, որ եթէ միացեալ աշխատանք տարուի, կարելի է Միջին Արեւելքի խնդիրները լուծել:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հանդիպում ունեցաւ Օմանի պետական նախարար Եուսեֆ պըն Ալուիի հետ եւ յայտնեց, որ հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի հետ:

Անդրադառնալով Եմէնի արտաքին գործոց նախարարի կողքին նստելուն` ան ըսաւ. «Մենք պատմութիւն կը կերտենք»: Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա եւս նստեցաւ Նեթանիահուի մօտ: Վերջինս ըսաւ. «Միջին Արեւելքի շուրջ Վարշաւայի խորհրդաժողովին արաբական երկիրներու կողքին մասնակցիլը պատմական շրջադարձ է»:

 

 

Նախորդը

«Իրանի Վտանգը Դիմակայելը Պաղեստինեան Դատէն Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Պահրէյնի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Ռուհանի Պատրաստ Է Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.