Սոչիի Եռակողմ Վեհաժողովը Կարեւոր Կը Նկատէ Իտլիպի Համաձայնութիւնը Գործադրելու Ջանք Թափելը
Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ հինգշաբթի օր գումարուած եռակողմ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութիւնը յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է Իտլիպը ահաբեկչական տարրերէն ձերբազատելու շուրջ:
Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ լուրջ ջանքեր կը թափուին թուրք-սուրիական երկխօսութեան ընթացք տալու համար, եւ այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է, որ միջազգային համաձայնագիրներն ու օրէնքները ըլլան Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հիմքը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան որջին ամբողջովին վերջ տալու ռուսական-թրքական-իրանեան գործնական քայլերու ձեռնարկելու` շեշտելով Սուրիոյ սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստութեան յանձնախումբի աշխատանքը կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու կարեւորութիւնը:
Ան յայտնեց, որ ժողովի ընթացքին ճշդուած են առաջնահերթութիւնները, որոնք են` ահաբեկիչներուն մնացորդը ոչնչացնելը, Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադառնալը, ինչպէս նաեւ քննարկուած է ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն փուլային ձեւով հեռացման ձեւը` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ կացութեան բարելաւման համար պէտք է երկրի տնտեսութիւնը վերադարձնել իր բնական կացութեան եւ մարդասիրական օժանդակութիւններն ու վերակառուցումը չպայմանաւորել քաղաքական նկատառումներով:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ շեշտեց, որ եթէ ամերիկեան ուժերը հեռանան Եփրատի արեւելեան ափէն, ապա այդ շրջանը պէտք է անցնի Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ:
Փութին աւելցուց, որ սուրիական բոլոր հողերը, ներառեալ Իտլիպն ու Եփրատի արեւելեան ափը պէտք է ըլլան Սուրիոյ օրինական իշխանութեան վերահսկողութեան տակ:
Ան յայտնեց, որ Ասթանայի մէջ Սուրիոյ շուրջ սահմանադրական քննարկումներու յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ մարտին կամ ապրիլի սկիզբը:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռուսիոյ օժանդակելու` Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու համար:
Ան յայտնեց, որ ամերիկացիք պէտք է իմանան, թէ քիւրտերը սուրիացի ժողովուրդին մէկ մասն են եւ անհրաժեշտ է անոնց հոգ տանիլ ու զանոնք վերադարձնել պետութեան:
Իրանի նախագահը ընդգծեց, որ բոլոր ուժերը, որոնք Սուրիա մուտք գործած են առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան, կ՛ոտնակոխեն պետութեան գերիշխանութիւնը` աւելցնելով, որ սուրիական բոլոր հողերը, ներառեալ Իտլիպն ու Եփրատի արեւելեան ափի շրջանները պէտք է ըլլան Սուրիոյ օրինական կառավարութեան վերահսկողութեան տակ:
Ռուհանի յայտնեց, որ պէտք է սերտել Իտլիպի համաձայնութիւնը գործադրելու կարելիութիւնները: «Թուրքիան ունի մտավախութիւններ, որոնք տեղին են», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ երեք երկիրները յաջողած են պահպանել Ասթանայի հոլովոյթին սկզբունքները եւ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը:
Ան նշեց, որ իր երկիրը միշտ ալ «սուրիացի ժողովուրդին օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէ»` նշելով. «Սուրիացի ժողովուրդը Անգարայէն կը սպասէ որոշումներ, որոնք ի շահ իրենց եւ խաղաղութեան հասնելուն ըլլան»:
Էրտողան յայտնեց, որ քննարկուած է սուրիական հաշտութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Իտլիպի մարդասիրական հարցն ու ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն դուրս բերման ու շրջանները սուրիական իշխանութեան վերահսկողութեան վերադարձնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունի զինադադար մը, զոր «սուրիական վարչակազմը պէտք է պահպանէ»:
«Պէտք է շարունակել Աֆրինի եւ Եփրատի արեւելեան ափի շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, եւ Ասթանայի երաշխաւոր երեք երկիրները այդ ուղղութեամբ քայլեր առնելու շեմին կը գտնուին», ընդգծեց Էրտողան: Ան ըսաւ, թէ իր սահմաններուն անվտանգութիւնը ապահովելու Թուրքիոյ ջանքերուն ծիրին մէջ` Իտլիպի որեւէ մէկ մաս պէտք չէ ահաբեկիչներուն յանձնել:
Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի սուրիացի գաղթականներուն բոլոր երկիրներէն կամաւոր վերադարձին, սակայն ատիկա պէտք է տեղի ունենայ ենթակառոյցի վերաշինութենէն ետք, «եւ Թուրքիան պատրաստ է ատոր օժանդակելու»:
Թուրքիոյ նախագահը ցաւ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի գաղթականներուն բաւարար օժանդակութիւն չի տրամադրեր, եւ աւելցուց. «Արաբական ծոցի երկիրները ունին հսկայական գումարներ, որոնք կը ծախսեն զէնք գնելու համար, սակայն ոչ` մարդասիրական օժանդակութեան համար»:



