Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաս յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած եւրոպացիներուն վերադարձը կազմակերպելը, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պահանջէ, ներկայիս շատ դժուար է»:
«Կարելի չէ անոնց վերադարձը կազմակերպել, եթէ վստահ չըլլանք, որ այդ անձերը անմիջապէս այստեղ պիտի կանգնին դատարանին առջեւ եւ պիտի կալանաւորուին», ըսաւ ան:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ այդ պատճառով «պէտք ունինք իրաւաբանական տեղեկութիւններու, ինչ որ տակաւին չէ ապահովուած»:
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ Պերլին կ՛ուզէ «Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ հետ ատիկա կատարելու ձեւին շուրջ խորհրդակցիլ»:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը երէկ յայտարարեցին, որ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական իշխանութիւնները» ազատ պիտի չարձակեն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, իսկ անոնց երկիրները պէտք է ստանձնեն զանոնք:
Անոնք նաեւ մտավախութիւն յայտնեցին, որ թրքական որեւէ յարձակում պատճառ դառնայ անոնց փախուստին:



