«Անգարա Այլեւս Չի Կրնար «Էֆ-35»-ներու Ձեռք Բերումը Ակնկալել» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեկնաբանած է Թուրքիոյ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումը եւ նշած, որ Անգարան այլեւս չի կրնար ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ձեռք բերումը ակնկալել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համաձայնագիրը «անարդար» կոչած է: Ան յիշեցուցած է, որ Անգարան պատուիրած է հարիւր «Էֆ-35» հալածիչներ: Ան նոյն ատեն յայտարարած է,...




















