Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիա Կը Բացառէ Ասանժի Արտայանձնումը Այնպիսի Երկրի Մը, Ուր Մահապատիժ Կը Կիրարկուի

July 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ուիքիլիքս» կազմակերպութեան հիմնադիր Ճուլիան Ասանժ պիտի չարտայանձնուի այնպիսի որեւէ երկրի, ուր մահապատիժ կը կիրարկուի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալան Տանքըն` Էքուատորի արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Վալենիայի հետ հանդիպումէն ետք:

«Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիրը պիտի չարտայանձնուի այնպիսի որեւէ երկրի, ուր մահապատիժ կը կիրարկուի: Բրիտանիան եւ Էքուատորը այդ հարցին շուրջ համաձայնութեան եկած են», ըսած է Տանքըն:

Մինչ այդ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ իր մօտ յայտնուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն, թէ Ասանժ համացանցահէններէն ստացած է նիւթերով թղթածրարներ, որոնք կը վերաբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան:

Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ Ասանժ զանոնք ստացած է Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատան տարածքին մէջ քանի մը «կասկածելի» հանդիպումներու ընթացքին: Զեկուցումին մէջ կան տուեալներ այն մասին, թէ Ասանժ դեսպանատունը, որմէ քաղաքական ապաստան հայցած էր, «խումբի կեդրոնի» վերածած էր եւ անձամբ զբաղած հրապարակելով այնպիսի նիւթեր, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Միացեալ Նահանգներու 2016-ի նախագահական քարոզարշաւին վրայ:

Կը նշուի, որ հակառակ դեսպանատան տարածքին մէջ գտնուելուն, Ասանժ հանդիպած է ռուսերու եւ համաշխարհային մակարդակի համացանցահէններու հետ, անոնց հանդիպումները յաճախ ժամեր տեւած են: Ան նաեւ «Ուիքիլիքս»-ի ռուսերէն նիւթեր ստանալէն ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ տուեալներու փոխանցման համար հզօր համակարգչային եւ համացանցային սարքաւորումներ ձեռք բերած է:

Յիշեցնենք, որ 2006-ին Ասանժ գաղտնի տեղեկութիւններ հրապարակած էր շարք մը երկիրներու կառավարութիւններու, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու գործունէութեան մասին: Զուիցերիոյ մէջ զինք մեղադրած էին սեռային ոտնձգութիւններու համար: Վախնալով Միացեալ Նահանգներ արտայանձնուելէն` ան 2012-ին քաղաքական ապաստան խնդրած էր Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատունէն եւ շուրջ 7 տարի այնտեղ բնակած:

Ապրիլին «Ուիքիլիքս»-ի հիմնադիրը զրկուած էր դիւանագիտական ապաստանէն` համակեցութեան վերաբերեալ միջազգային համաձայնագիրներու եւ արձանագրութիւններու բազմակի խախտումներու պատճառով, որմէ ետք բրիտանական ոստիկանութիւնը զինք ձերբակալած էր: Ան Բրիտանիոյ մէջ կը մեղադրուի 2012-ին, ըստ պահանջի, դատարան չներկայանալու համար: 2018-ին Ուաշինկթըն բրիտանական իշխանութիւններուն զինք արտայանձնելու խնդրանք ներկայացուցած էր:

1 մայիսին Լոնտոնի դատարանը Ասանժը 50 շաբթուան բանտարկութեան դատապարտած էր: Կը քննուի նաեւ կարելիութիւնը զինք արտայանձնելու Միացեալ Նահանգներուն, ուր ան համացանցահէնական գործունէութեան համար կրնայ բանտարկուիլ մինչեւ 175 տարի:

 

Նախորդը

Ծովահէնները Գերի Բռնած Են 10 Թուրքեր

Յաջորդը

Թուրքիա Թունուզին 300 Միլիոն Տոլարի Փոխատուութիւն Կը Կատարէ` Երկրին Մէջ Անվտանգութեան Ու Ներդրումներուն Աջակցելու Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ  Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք,  Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Մէջ Առաքելութիւնը Մէկ Օրուան Մէջ Աւարտեցինք, Սակայն Այդտեղ Մնացինք, Որպէսզի Մեր Յաղթանակը Կարճատեւ Չըլլայ»

October 3, 2026
Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը.  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւնները Զայրացած Են
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլացի Պաշտօնատարի Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զայրացած Են

October 3, 2026
Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ  Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ  Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար
Միջազգային

Ռիատի Մէջ Մեքքայի Համաձայնագիրի Անդամ Երկիրներու Արտակարգ Ժողով` Հուսիներու Հետ Քաղաքական Ներգրաւուածութեան Քննարկման Համար

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.