Միջազգային

Թրամփ Կը Սերտէ Պատժամիջոցներ  Հաստատելու Հաւանականութիւնը.  Ծերակուտական Սքոթ Պատրաստած Է Թուրքիոյ Դէմ  Պատժամիջոցներ Հաստատելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը

Թրամփ Կը Սերտէ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Հաւանականութիւնը. Ծերակուտական Սքոթ Պատրաստած Է Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը

Ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Ռիք Սքոթ պատրաստած է բանաձեւի նախագիծ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար պատժամիջոցներ հաստատելու Թուրքիոյ դէմ: Նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ նշեալ պատժամիջոցները հաստատելու` հիմնուելով «Ամերիկայի հակառակորդներու դիմակայման մասին» օրէնքին վրայ, եւ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը կը նկատէ ամերիկեան շահերուն ուղղակի սպառնալիք մը: Ըստ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութեան, օրինագիծին մէջ գրուած է....

«Թուրքիոյ «Էֆ-35» Ծրագիրէն Բացառումը  Բացասական Անդրադարձ Պիտի Ունենայ ՕԹԱՆ-ի Վրայ»  Կ՛ըսէ Աքար

«Թուրքիոյ «Էֆ-35» Ծրագիրէն Բացառումը Բացասական Անդրադարձ Պիտի Ունենայ ՕԹԱՆ-ի Վրայ» Կ՛ըսէ Աքար

Ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն Թուրքիոյ բացառումը բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի վրայ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: «Թուրքիոյ` «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ծրագիրէն դուրս մղումը, բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ի ներուժին վրայ, մասնաւորաբար անոր հարաւային սահմաններուն վրայ: Մեր երկիրը այդ ծրագիրէն դուրս ձգելու միակողմանի որոշումը անարդար եւ անօրինական է: Առաջարկել Միացեալ Նահանգներուն`...

«Անգարա Պիտի Շարունակէ Արեւելեան  Միջերկրականի Մէջ Պեղման Աշխատանքները»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

«Անգարա Պիտի Շարունակէ Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Պեղման Աշխատանքները» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ յայտնեց. «Թուրքիան, նոյն վճռակամութեամբ, պիտի շարունակէ արեւելեան Միջերկրականի մէջ պեղման աշխատանքները, եւ պիտի չտատամսի միջազգային օրէնքէն բխող իր իրաւունքները օգտագործել»: «Թուրքիա կիպրացի թուրքերը որեւէ ձեւով շրջանին մէջ առանձին պիտի չձգէ», նշեց ան: Թուրքիոյ փոխնախագահը գնահատեց խորհրդարանին մէջ ներկայացուած թրքական կուսակցութիւններուն կողմէ Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ եւ թուրք կիպրացիներուն «օրինական» իրաւունքներուն զօրակցութիւնը: «Այս զօրակցութիւնը, որ երեւան եկաւ...

Ուժգին Երկրաշարժ Մը Ցնցեց Աթէնքը

Ուժգին Երկրաշարժ Մը Ցնցեց Աթէնքը

5,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքը` քաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ խափանելով հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը: Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Աթէնքէն 22 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք: Աթէնքի բնակիչները փողոց ապաստանեցան եւ լքեցին բարձր շէնքերը, մինչ երկրաշարժը շուրջ 15 երկվայրկեան ցնցեց մայրաքաղաքը: Տասնեակներով քաղաքացիներ բանտարկուած մնացին վերելակներու մէջ: Երկրաշարժէն ետք արձանագրուեցան շարք մը յետցնցումներ:

Ըստ ՄԱԿ-ի Մէջ Սէուտական  Արաբիոյ Դեսպանին.  Ժամանակն Է, Որ Եմէնի Տագնապը Աւարտի

Ըստ ՄԱԿ-ի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին. Ժամանակն Է, Որ Եմէնի Տագնապը Աւարտի

ՄԱԿ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա Մուալլեմի յայտնեց. «Ռիատ Թեհրանի հետ եւ որեւէ տեղ պատերազմ չ՛ուզեր»: «Ժամանակն է, որ Եմէնի տագնապը աւարտի», շեշտեց դեսպանը` նշելով. «Ժամանակն է, որ Եմէնի տագնապը աւարտի, ժամանակն է, որ հուսիները ընդունին ու յարգեն թիւ 2216 բանաձեւը, եւ վերջ տան Եմէնի մէջ իշխանութեան ու կառավարման կեդրոններու իրենց ապօրինի գրաւումին»: «Ռիատի ճիշդ ուզածը Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու գործադրութիւնն...

«Թեհրան Հորմուզի Նեղուցը Փակելու  Կարողութիւնը Ունի, Սակայն Ոչ` Ցանկութիւնը»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Թեհրան Հորմուզի Նեղուցը Փակելու Կարողութիւնը Ունի, Սակայն Ոչ` Ցանկութիւնը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ Իրան կրնայ քարիւղի փոխադրման դիմաց փակել Հորմուզի նեղուցը, սակայն չ՛ուզեր այդ մէկը ընել: «Մենք, անշուշտ, ատիկա ընելու կարողութիւնն ունինք, սակայն, ի հարկէ, չեն ուզեր այդ մէկը ընել, որովհետեւ Հորմուզի նեղուցը եւ Պարսից ծոցը մեր փրկարարական գիծն են», ըսած է ան «Պլումպերկ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ...

Անգարա Կը Պատասխանէ  Փենթակոնի Յայտարարութեան

Անգարա Կը Պատասխանէ Փենթակոնի Յայտարարութեան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն հրապարակեց չորեքշաբթի օր Փենթակոնի կողմէ Թուրքիոյ` «Էֆ-35» կործանիչներու ծրագիրէն դուրս մղելու յայտարարութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու»-ն: «Ասիկա միակողմանի քայլ է եւ չի համապատասխաներ դաշնակցային ոգիին, իսկ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը ոչ մէկ օրինական փաստարկ բերած է Թուրքիան` «Էֆ-35»-ներու ծրագիրէն դուրս մղելու հարցին մէջ: «Այս որոշումը Միացեալ Նահանգներու հետ մեր ռազմավարական յարաբերութիւններուն մէջ անբուժելի վէրքեր...

Իրան Արաբական Ծոցին Մէջ Գրաւած Է  Վառելանիւթ Մաքսանենգող Օտարերկրեայ Նաւ Մը

Իրան Արաբական Ծոցին Մէջ Գրաւած Է Վառելանիւթ Մաքսանենգող Օտարերկրեայ Նաւ Մը

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը Արաբական ծոցին մէջ գրաւած է օտարերկրեայ նաւ մը, որ մաքսանենգուած վառելանիւթ կը փոխադրէր: Երէկ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ հաղորդեց իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը: Պատկերասփիւռի կայանի տեղեկատուութեան համաձայն, նաւը կը փոխադրէր մէկ միլիոն տակառ վառելանիւթ: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով, Յեղափոխական պահակագունդի պարեկային անդամները նաւը գրաւած են 14 յուլիսին, Լարաք կղզիին հարաւը: Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի օր հաղորդուած...

Նշելով, Որ Այսրյորդանանը Բռնագրաւուած  Տարածք Չէ, Այլ Վիճելի Տարածք.  «Պաղեստինցիներուն Հետ Տագնապին  Մէջ Զոհը Իսրայէլն Է»  Կ՛ըսէ Ամերիկացի Յատուկ Պատուիրակը

Նշելով, Որ Այսրյորդանանը Բռնագրաւուած Տարածք Չէ, Այլ Վիճելի Տարածք. «Պաղեստինցիներուն Հետ Տագնապին Մէջ Զոհը Իսրայէլն Է» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Յատուկ Պատուիրակը

Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւններու ամերիկեան վարչակազմին յատուկ պատուիրակ Ճէյսըն Կրինպլաթ յայտարարեց. «Պաղեստինցիներուն հետ տագնապին մէջ զոհը Իսրայէլն է, որովհետեւ ան հակամարտութեան ամբողջ ընթացքին անոնց դէմ որեւէ սխալ չէ գործած»: Ան նշեց, թէ չի յիշեր նոյնիսկ դէպք մը, երբ Իսրայէլ սխալ գործած ըլլայ կամ շրջանցած իր իրաւասութիւնը, եւ եթէ նոյնիսկ սխալ մը եղած է, ապա Թել Աւիւ իր կարելին կ՛ընէ...

Էրպիլի Մէջ Ձերբակալուած Են Թուրք  Դիւանագէտներու Սպանութեան  Հարցով Երեք Կասկածելիներ

Էրպիլի Մէջ Ձերբակալուած Են Թուրք Դիւանագէտներու Սպանութեան Հարցով Երեք Կասկածելիներ

Իրաքի մէջ ապահովական ուժերը ձերբակալած են երեք անձեր, որոնք կը կարծուին մեղսակից ըլլալ Էրպիլի մէջ թուրք դիւանագէտներու սպանութեան: Այս մասին հաղորդեց «Հապեր Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը: Ձերբակալեալներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չի հաղորդուիր: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսութեան աշխատակիցներուն դէմ զինեալ յարձակումը տեղի ունեցած է Էրպիլի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: «Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանի տուեալներով, յարձակումը կատարուած է երկու...

«Մտահոգ Ենք Թուրքիոյ` Ռուսական  «Էս-400»-ներ Գնելու Երեւոյթով»  Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«Մտահոգ Ենք Թուրքիոյ` Ռուսական «Էս-400»-ներ Գնելու Երեւոյթով» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Ասփին քաղաքին մէջ անվտանգութեան հարցերով խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնեց, որ դաշինքը մտահոգ է Թուրքիոյ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու երեւոյթով, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ, թէ ան պիտի չմասնակցի «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրին: Ան յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ որեւէ երկիր չէ բարձրացուցած «Էս-400»-ներու գնման պատճառով Թուրքիան դաշինքէն վտարելու հարցը: «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի կարեւոր անդամ է, եւ դաշնակիցներէն ոչ...

Ազրպէյճանական «Սոքար» Ընկերութիւնը  Վրաստանի Շարք Մը Շրջաններուն Մէջ  Կազի Խողովակներ Գնած Է

Ազրպէյճանական «Սոքար» Ընկերութիւնը Վրաստանի Շարք Մը Շրջաններուն Մէջ Կազի Խողովակներ Գնած Է

«ՍՈՔԱՐ Ճորճիա կազ»-ը, որ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութեան քոյր կառոյցն է, Վրաստանի շարք մը շրջաններուն մէջ ձեռք բերած է 708,5 հազար մեթր երկարութեամբ կազի խողովակներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան»-ը: Տեղեկութեան համաձայն, կազի խողովակները վաճառուած են ազրպէյճանական ընկերութեան 24,1 միլիոն լարիով` շուրջ 8,5 միլիոն տոլարով: Գործարքի պայմաններուն համաձայն, ձեռք բերուած սեփականութեան համար վճարումները պէտք է կատարուին 18 տարուան ընթացքին:

House-of-Representatives

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Կը Մերժէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Զէնքերու Վաճառքը

Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կը կասեցնէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն 8,1 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքերու վաճառքը: Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը այդ գործարքներուն հաւանութիւն տուած էր անցեալ ամիս: Կը նախատեսուի, որ, ինչպէս Սպիտակ տունէն նախապէս հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վեթոյի ենթարկէ Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւը: Ներկայացուցիչներու տունը բանաձեւը...

Մերքել Չի Պատրաստուիր  Հրաժարական Տալու

Մերքել Չի Պատրաստուիր Հրաժարական Տալու

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մտադիր է աշխատիլ մինչեւ իր լիազօրութիւններուն աւարտը եւ չի պատրաստուիր առողջական խնդիրներու պատճառով հրաժարական տալու: «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Մերքելի գրասենեակի ղեկավար Հելկէ Պրաուն: Անոր համաձայն, Մերքելի առողջական վիճակը բնական է, եւ ան պիտի աշխատի մինչեւ 2020 թուական: Յայտնենք, որ Գերմանիոյ վարչապետին մօտ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով պաշտօնական հանդիպումի մը ընթացքին...

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Իրանեան  Հիւլէական Գործարքին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Իրանեան Հիւլէական Գործարքին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած են իրանեան հիւլէական գործարքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը: «Երկու կողմերը ընդգծած են, թէ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր գործօն է», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կայացած է Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ: Մաքրոն նաեւ ընդունած...

Ըստ Կիպրական Լրատուամիջոցներու.  Թուրքիան Միջերկրականի Մէջ  Գտած Է Բնական Կազի Պաշարներ

Ըստ Կիպրական Լրատուամիջոցներու. Թուրքիան Միջերկրականի Մէջ Գտած Է Բնական Կազի Պաշարներ

Կիպրական լրատուամիջոցներ հրապարակած են տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Թուրքիոյ` 4 մայիսին սկսած փնտռտուքի աշխատանքները յաջողութեան հասած են եւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ջուրեր ուղարկուած առաջին նաւը` «Ֆաթիհ»-ը, յայտնաբերած է 170 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազի պաշարներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էնսոնհապեր» կայքը: «Թուրքիան ետքայլ պիտի չկատարէ որոնողական աշխատանքներէն: Թուրքիան, հակառակ «Էս-400»-ներու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու ճնշումներուն, ետքայլ չկատարեց: Թուրքիան արդէն բաւական...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Ուաշինկթըն. «Իրանցիները Կանգնած Են Բանակցելու Կամ Պատժամիջոցներու Ենթակայ Մնալու Ընտրանքին Դիմաց»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ «իրանցիներուն բանակցելու մտադրութեան վերաբերեալ պատգամ մը չստացանք»` նշելով. «Իրանցիները կանգնած են բանակցելու կամ պատժամիջոցներու ենթակայ մնալու ընտրանքին դիմաց»: Նախարարութեան բանբերը նաեւ կը յայտնէ. «Միշտ մեր դաշնակիցներուն հետ մեր կարելին պիտի ընենք նաւարկումի ազատութիւնը երաշխաւորելու համար»: «Աչք պիտի չփակենք Հորմուզի նեղուցին մէջ իրանեան սպառնալիքներուն նկատմամբ», շեշտեց ան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը...

Էրպիլի Մէջ Սպաննուեցան Իրաքի Մէջ Թուրքիոյ  Ընդհանուր Հիւպատոսին Տեղակալն  Ու Անոր Երկու Թիկնապահները

Էրպիլի Մէջ Սպաննուեցան Իրաքի Մէջ Թուրքիոյ Ընդհանուր Հիւպատոսին Տեղակալն Ու Անոր Երկու Թիկնապահները

Էրպիլի մէջ հրացանաձգութեան մը պատճառով սպաննուեցան երեք անձեր` Իրաքի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսին տեղակալն ու անոր երկու թիկնապահները: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ անոնք Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաքի Այն Քաուհ շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ էին, երբ անծանօթ զինեալներու կողմէ ենթարկուած են յարձակումի: Դէպքէն անմիջապէս ետք քաղաքին մէջ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ: Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) հերքեց, թէ ինք...

«Կայծ Մը Բաւարար Է, Որ Ծոցի Շրջանը Բռնկի,  Եւ Ամերիկան Պիտի Ըլլայ Աղէտին Պատասխանատուն»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Կայծ Մը Բաւարար Է, Որ Ծոցի Շրջանը Բռնկի, Եւ Ամերիկան Պիտի Ըլլայ Աղէտին Պատասխանատուն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց. «Ծոցի մէջ ամերիկեան գործելաոճը կրնայ շրջանին մէջ աղէտի առաջնորդել»: «Կայծ մը բաւարար է, որ կացութիւնը բռնկի», աւելցուց Լաւրով: «Շրջանին մէջ լարուածութեան ներկայ բարձրացումը ուղղակի հետեւանքն է Իրանի նկատմամբ կարծր դիրքորոշման, որ կարգ մը դաշնակիցներու հետ որդեգրած է Ուաշինկթըն: Միացեալ Նահանգներ իր մկանները կը ցուցադրէ, Թեհրանի վարկաբեկման արշաւ կը շղթայազերծէ եւ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը...

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Զօրակցութեան  Նուիրուած Աղօթքի Հանդիպում` Քոնկրեսին Մէջ

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Զօրակցութեան Նուիրուած Աղօթքի Հանդիպում` Քոնկրեսին Մէջ

Նախանցեալ օր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի միջազգային հանդիպում մը` նախաձեռնութեամբ Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան: Աղօթքի այս հանդիպումին առընթեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ կրօններու ու ազատութեան վերաբերող խորհրդաժողով մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 115 երկիրներէ արտաքին գործոց նախարարներ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Խորհրդաժողովի ժամանակ Միացեալ...

Page 515 of 884 1 … 514 515 516 … 884

Արխիւներ