Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Թրամփի «Ցեղապաշտական Խօսքերը» Դատապարտող Բանաձեւ Մը

July 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը դեմոկրատական չորս կին քոնկրեսականներու հասցէին իր կատարած ցեղապաշտպական արտայայտութիւններուն համար, որոնք «օրինականացուցին եւ աճեցուցին նոր ամերիկացիներուն եւ ոչ սպիտակամորթներուն նկատմամբ ատելութիւնն ու վախը»:

Բանաձեւը դատապարտեց «Քոնկրեսի անդամ ներգաղթեալներուն (մեր պաշտօնակիցները, զորս ներգաղթեալ նկատելը սխալ է) հասցէին Թրամփի այն խօսքը, թէ անոնք Քոնկրեսին կամ Միացեալ Նահանգներուն չեն պատկանիր», ինչպէս նաեւ յանդիմանեց Թրամփը գաղթականներն ու ապաստան խնդրողները «ներխուժողներ» անուանելուն համար:

Նշենք, որ Թրամփ ընկերային ցանցի վրայ կատարած գրառումի ճամբով թիրախ դարձուցած էր Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ալեքսանտրա Օքասիօ Քորթեզը (Նիւ Եորք), Իլհան Օմարը (Մինեսոթա), Այանա Փրիսլին (Մասաչուսեց) եւ Ռաշիտա Թալիպը (Միչիկըն): Ըստ անոր, անոնք կ՛ատեն Միացեալ Նահանգները, շարունակ կը գանգատին, եւ եթէ այդքան դժգոհ են, պէտք է երկրէն հեռանան:

Սպիտակ տան ղեկավարը, սակայն, հետագային պնդեց. «Այդ խօսքերը ցեղապաշտական չէին, եւ մօտս ցեղապաշտութեան ոչ իսկ մէկ կրամ պիտի գտնէք», եւ իր կուսակից քոնկրեսականներուն կոչ ուղղեց` դեմոկրատականներուն լարած թակարդին մէջ չիյնալու:

Ան նաեւ լրագրողներուն յայտնեց, թէ իր խօսքերը ցեղապաշտական չեն, որովհետեւ ուրիշներ եւս նոյնը կը մտածեն:

Թրամփ աւելի ուշ գովեց բանաձեւին դէմ քուէարկած իր կուսակիցները` «Թուիթըր»-ի վրայ գրելով. «Ինչ լաւ է տեսնել, թէ որքա՛ն միասնական էր Հանրապետական կուսակցութիւնը այսօրուան քուէարկութեան ժամանակ, որ կը վերաբերէր Դեմոկրատական կուսակցութեան 4 կին քոնկրեսականներուն: Եթէ իսկապէս վատ յայտարարութիւններ կ՛ուզէք, լսեցէ՛ք, թէ ի՛նչ սարսափելի բաներ կ՛ըսեն անոնք մեր երկրին, Իսրայէլի եւ բազմաթիւ այլ բաներու մասին: Հիմա անոնք Ներկայացուցիչներու տան ամէնէն ցայտուն դեմոկրատական անդամներն են, որոնցմէ դառնութիւնն ու ատելութիւնը անբաժան են»:

Նշենք, որ Սպիտակ տան ղեկավարին համար իրաւական հետեւանքներ չունեցող բանաձեւը, որ պատրաստուած էր դեմոկրատական քոնկրեսական Թոմ Մալինովսքիի կողմէ, որդեգրուեցաւ 240 թեր եւ 187 դէմ քուէներով: Բանաձեւի աջակիցներուն շարքերուն մէջ եղան նաեւ քանի մը հանրապետական քոնկրեսականներ:

 

 

Նախորդը

Թրքական Դատարան Մը Անպարտ Հռչակեց Ահաբեկչութեան Զօրակցութեան Յանցանքով Ամբաստանուած Երկու Լրագրողներ Եւ Գործիչ Մը

Յաջորդը

«Անգարա Այլեւս Չի Կրնար «Էֆ-35»-ներու Ձեռք Բերումը Ակնկալել» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.