Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրամփ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Պիտի Կիրարկէ Ըստ Օրէնքներու» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

July 16, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գործարքին պատճառով յառաջացած ճգնաժամին վերաբերեալ կատարած յայտարարութեան մէջ նշած է, թէ վստահ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ` հիմնուելով օրէնքներու վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերլեր» կայքը:

Փոմփէօ նաեւ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելը անհրաժեշտութիւն է, իսկ օրէնք ըսելով նկատի ունի «Ամերիկայի հակառակորդներուն դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման մասին» օրէնքը, զոր Միացեալ Նահանգներ կը կիրարկեն շարք մը երկիրներու դէմ:

Մինչ այդ, թրքական «Ենիաքիթ» կայքը հաղորդեց, որ 12 յուլիսէն դէպի Թուրքիա «Էս-400»-ներու մատակարարման հոլովոյթը կը շարունակուի:

Արդէն երեք օրուան ընթացքին Թուրքիա հասած են 8 բեռնատար օդանաւեր, որոնք կը բերեն ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու պահեստամասերը` մաս առ մաս:

8-րդ օդանաւը հասած է երէկ` էջք կատարելով Անգարայի մէջ:

Նախորդը

Ըստ «Իզվեսթիա»-ի. Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու Հիմնական Պահեստամասերու Մատակարարումը Պիտի Աւարտի Մէկ Շաբթուան Ընթացքին

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Խորհրդանշական Պատժամիջոց Հաստատեց Թուրքիոյ Դէմ «Իրանի Որդեգրած Քայլերը Անդառնալի Չեն» Կ’ըսէ Մոկերինի

RelatedPosts

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք,  Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Պիտի Տեսնէք, Թէ Իրանի Վերաբերեալ Ի՛նչ Պիտի Կատարուի»

October 2, 2026
Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է  «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան  Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Տակաւին Կանուխ Է «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքին Իրանեան Մեղսակցութեան Գոյութիւնը Հաստատելու»

October 2, 2026
«Թշնամիի Ճամբարին Կողմէ Որեւէ Նոր Սխալ  Կամ Յարձակում Կարծր Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը
Միջազգային

«Իրաքէն Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը Պատմական Յաղթանակ է Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Բոլոր Կողմերէն Անոնց Հեռացման Նախաքայլն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.