Միջազգային

Ըստ «Իզվեսթիա»-ի.  Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու Հիմնական  Պահեստամասերու Մատակարարումը  Պիտի Աւարտի Մէկ Շաբթուան Ընթացքին

Ըստ «Իզվեսթիա»-ի. Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու Հիմնական Պահեստամասերու Մատակարարումը Պիտի Աւարտի Մէկ Շաբթուան Ընթացքին

Թուրքիոյ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հիմնական պահեստամասերու առաջին խումբի մատակարարումը պիտի աւարտի մէկ շաբթուան ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Իզվեսթիա»-ն` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն: Ըստ այդ աղբիւրներուն, «Էս-400»-ի մատակարարման արագ կշռոյթը ապահովելու համար Ռուսիան փաստացի օդային կամուրջ կառուցած է, ինչ որ մեծ դեր կը խաղայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ուժեղ ճնշումներու պայմաններուն մէջ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ հետ «Էս-400»-ներու...

Թուրքիան Նոր Ուժեր  Կ՛ուղարկէ Սուրիոյ Հետ Սահման

Թուրքիան Նոր Ուժեր Կ՛ուղարկէ Սուրիոյ Հետ Սահման

Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը Թուրքիա-Սուրիա սահման ուղարկած են նոր ուժեր եւ սպառազինութիւն: Հրետանային մարտկոցներէ եւ հրասայլերէ կազմուած շարասիւնը ուղարկուած է Քիլիսի Էլպէյլի շրջանի եւ Ուրֆայի զօրամիաւորումներուն: Ընդհանուր առմամբ շարասիւնը կազմուած է 60 մեքենաներէ: Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին կը հաղորդէ, որ 15 մեքենաներէ կազմուած այլ շարասիւն մըն ալ ուղարկուած է սահմանային Ճէյլանփընար շրջան: Նշենք,...

Խումբ Մը Վրացիներու Կողմէ Յարձակում`  Ազրպէյճանցի Սահմանապահներու Դէմ

Խումբ Մը Վրացիներու Կողմէ Յարձակում` Ազրպէյճանցի Սահմանապահներու Դէմ

Վրաստանի խումբ մը քաղաքացիներ` խախտելով Վրաստան-Ազրպէյճան սահմանը, յարձակում գործած են ազրպէյճանցի սահմանապահներու դէմ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւան: Միջադէպը տեղի ունեցած է «Քեշիքճի կալա»-ի (Քեշիքճիտաղ կամ Դաւիթ Գարեջի համալիր) տարածքին մէջ: Ըստ Ապտուլայեւայի, միջադէպէն ետք Ազրպէյճանի մէջ Վրաստանի դեսպանը բացատրութիւններ տալու համար կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց...

Ըստ Իրաքցի Նախկին Նախարարի Մը.  Պաղտատի Կը Գտնուի Լիպիա, Ուրկէ Մօտ Օրէն  Տեսագրուած Ուղերձ Մը Պիտի Յղէ

Ըստ Իրաքցի Նախկին Նախարարի Մը. Պաղտատի Կը Գտնուի Լիպիա, Ուրկէ Մօտ Օրէն Տեսագրուած Ուղերձ Մը Պիտի Յղէ

Իրաքի ելեւմուտքի նախկին նախարար Պաքեր Ժապր Զուպէյտի յայտարարեց, թէ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատիի գտնուած վայրին մասին տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին: Ան նշեց. «Յաղթանակի կամք» գործողութեան արձանագրած յաղթանակները հաստատեցին այն ինչ որ նախապէս յայտարարեցինք, թէ Պաղտատի Իրաք չի գտնուիր: Ներկայիս հասնող տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ ան կը գտնուի Լիպիա, եւ մօտ օրէն այդտեղէն պիտի յղէ տեսագրուած ուղերձ մը, որ Իրաքի մէջ թաքնուած...

Հարաւային Օսեթիան Դեսպանատուն  Պիտի Բանայ Սուրիոյ Մէջ

Հարաւային Օսեթիան Դեսպանատուն Պիտի Բանայ Սուրիոյ Մէջ

Հարաւային Օսեթիան կը պատրաստուի դեսպանատուն բանալու Սուրիոյ մէջ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Հարաւային Օսեթիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Մետոյեւ: «Ինչ կը վերաբերի այլ երկիրներու մէջ մեր ներկայացուցչութեան, նշեմ, որ Հարաւային Օսեթիան դեսպանատուն ունի Ռուսիոյ, Նիքարակուայի, Վենեզուելայի եւ Աբխազիոյ մէջ: Կը պատրաստուինք դիւանագիտական առաքելութիւն բանալու Դամասկոսի մէջ: Անհրաժեշտ կը նկատենք նաեւ խօսիլ Թուրքիոյ, Պրազիլի, Իտալիոյ մէջ մեր...

Բրիտանիա Եւ Քանատա Զանգուածային  Լրատուամիջոցներու Ազատութեան Ապահովման  Նպատակով Դաշինք Պիտի Ստեղծեն

Բրիտանիա Եւ Քանատա Զանգուածային Լրատուամիջոցներու Ազատութեան Ապահովման Նպատակով Դաշինք Պիտի Ստեղծեն

Բրիտանիա եւ Քանատա զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան ապահովման նպատակով դաշինք պիտի ստեղծեն: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած են Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ եւ անոր քանատացի պաշտօնակից Քրիսթիա Ֆրիլանտ: Դաշինքին նպատակը պիտի ըլլայ մասնաւորաբար միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրել լրագրողներու դէմ յարձակումներուն վրայ: Նոր կառոյցի գործողութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան լրագրողներուն սպառնացող անձերուն «քաղաքական դիտաւորութիւնները» փոխելուն, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու...

Ուաշինկթընի Մէջ Բրիտանիոյ  Դեսպանին Համաձայն.  Թրամփ Իրանի Հետ Հիւլէական  Համաձայնագիրէն Հեռացած Է` Ի Հեճուկս Օպամայի

Ուաշինկթընի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Համաձայն. Թրամփ Իրանի Հետ Հիւլէական Համաձայնագիրէն Հեռացած Է` Ի Հեճուկս Օպամայի

Միացեալ Նահանգներու մէջ Բրիտանիոյ նախկին դեսպան Քիմ Տերոք Լոնտոն ուղարկած հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ կարծիք յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս եկած է` ի հեճուկս իր նախորդին` Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամայի: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը: Բրիտանական օրաթերթին տուեալներով` դեսպանը, որ վերջերս իր հաղորդագրութիւններու արտահոսքին շուրջ ստեղծուած գայթակղութեան լոյսին տակ...

«Պիտի Ռմբակոծենք Շրջանային  Որեւէ Պետութիւն, Որ Կը Մասնակցի  Մեր Դէմ Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի»  Կ՛ըսէ Զօր. Մուսաւի

«Պիտի Ռմբակոծենք Շրջանային Որեւէ Պետութիւն, Որ Կը Մասնակցի Մեր Դէմ Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի» Կ՛ըսէ Զօր. Մուսաւի

Իրանեան բանակի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Ապտեռահիմ Մուսաւի զգուշացուց, որ իր երկրին զինեալ ուժերը պիտի ռմբակոծեն շրջանային որեւէ երկիր, որ կը մասնակցի Իրանի դէմ ամերիկեան որեւէ յարձակումի: «Շրջանային որեւէ երկիր, նոյնիսկ եթէ հիւլէի չափով մասնակցի Իրանի դէմ ամերիկեան որեւէ յարձակումի, պիտի ռմբակոծուի», շեշտեց հազարապետ-զօրավար Մուսաւի: «Մեր ստացած հրամանին համաձայն, որեւէ երկիր պիտի պատժուի մեր դէմ ամերիկեան որեւէ յարձակումին իր մասնակցութեան տարողութեամբ, սակայն...

Ռուհանի. «Պատրաստ Ենք  Ուաշինկթընի Հետ Բանակցելու, Եթէ…»

Ռուհանի. «Պատրաստ Ենք Ուաշինկթընի Հետ Բանակցելու, Եթէ…»

Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտարարեց. «Պատրաստ ենք Ուաշինկթընի հետ բանակցելու, եթէ պատժամիջոցները ջնջէ, տնտեսական ճնշումները դադրեցնէ եւ վերադառնայ հիւլէական համաձայնագիրին»: «Իրան յանձնառու է Հիւլէական համաձայնագիրին, որքան ուրիշներ յանձնառու են անոր, եւ մեր քաղաքականութիւնը հիմնուած է ուրիշներուն անոր նկատմամբ յանձնառութիւններու նուազման դիմաց մեր յանձնառութիւնները նուազեցնելու վրայ», ըսաւ ան: «ՄԱԿ¬ի, Հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան եւ Լա Հէյի դատարանին մէջ Ուաշինկթընի...

Լը Տրիան. «Կը Զգուշացնենք  Միացեալ Նահանգներու  Եւ Իրանի Միջեւ Պատերազմի  Մը Յանգելու Վտանգէն»

Լը Տրիան. «Կը Զգուշացնենք Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Միջեւ Պատերազմի Մը Յանգելու Վտանգէն»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտնեց. «Թեհրանի եւ միջազգային ուժերուն միջեւ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու հեռանալէն ետք Իրանի իւրանիոմի հարստացման սահմանափակումը ոտնակոխելը վատ որոշումի մը վատ հակազդեցութիւն է եւ պատերազմի յանգելու մտավախութիւններ կը ստեղծէ»: «Կացութիւնը վտանգաւոր է, լարուածութեան մագլցումը կրնայ արկածներու արձանագրման առաջնորդել», ըսաւ ան: «Ոչ ոք պատերազմ կ՛ուզէ: Նշմարեցի, թէ բոլորը կ՛ըսեն, թէ չեն ուզեր...

Թուրքիոյ Մէջ Էջք Կատարած Է «Էս-400»-ներու Պահեստամասեր Փոխադրող 5-րդ Ռուսական Օդանաւը

Թուրքիոյ Մէջ Էջք Կատարած Է «Էս-400»-ներու Պահեստամասեր Փոխադրող 5-րդ Ռուսական Օդանաւը

Ուաշինկթըն Անգարայի Դէմ Պատժամիջոցնե՞ր Պիտի Հաստատէ Թուրքիոյ «Միւրթետ» օդուժի ռազմակայան հասած է «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու պահեստամասեր փոխադրող 5-րդ ռուսական օդանաւը: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով երկրին պաշտպանութեան նախարարութեան: «Անատոլու» կը նշէ, թէ «յառաջիկայ մէկ օրուան» ընթացքին կը նախատեսուի համակարգերու պահեստամասերով բեռնաւորուած յաւելեալ երկու օդանաւի էջքը ռազմակայանի տարածք: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը շաբաթ...

Փարիզի Մէջ.  Ֆրանսայի Ազգային Տօնի Նշումէն Ետք  Անկարգութիւններ Ու Բախումներ

Փարիզի Մէջ. Ֆրանսայի Ազգային Տօնի Նշումէն Ետք Անկարգութիւններ Ու Բախումներ

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ` Էլիզէի դաշտերէն ոչ հեռու, Պասթիլի գրաւման օրուան առիթով տեղի ունեցաւ աւանդական զինուորական շքերթ մը, որմէ ետք փողոցներուն մէջ սկսան անկարգութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Հակառակ մեծ թիւով ոստիկաններու ներկայութեան, ֆրանսական իշխանութիւնները չյաջողեցան խուսափիլ հասարակական կարգի խախտումներէն: Բողոքի երթի մասնակիցները, վանկարկելով «Դեղին բաճկոններ» շարժումի կարգախօսները, սկսան քանդել փողոցներուն մէջ տեղակայուած ցանկապատերը` փորձելով անոնցմէ...

Զարիֆ-Հանթ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Զարիֆ-Հանթ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Իրան պիտի շարունակէ իր քարիւղը արտածել որեւէ պայմանի մէջ: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ժիպրալթարի մէջ արգելանքի տակ դրուած իրանեան «Կրէյս 1» քարիւղատար նաւու հարցին շուրջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը իր բրիտանացի պաշտօնակիցին հետ զրոյցի ընթացքին...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան  Նուազեցման` Իրաքի Նախաձեռնութեան

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Նուազեցման` Իրաքի Նախաձեռնութեան

Հաշուի առնելով Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի շրջանային խորհրդաժողով գումարելու` Իրաքի նախաձեռնութեան: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաղտատ իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի: «Եւրոպական Միութիւնը Իրաքին ներկայացուցած է շրջանային բարդ իրավիճակին առնչութեամբ իր մօտեցումները, եւ այժմ առաջնահերթ է խուսափիլ լարուածութեան սրումէն...

Լիպիական Ազգային Բանակը Թրիփոլիի Դէմ  Նոր Յարձակումներու Կը Նախաձեռնէ

Լիպիական Ազգային Բանակը Թրիփոլիի Դէմ Նոր Յարձակումներու Կը Նախաձեռնէ

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիական ազգային բանակը նոր յարձակումներու պիտի սկսի Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ` նպատակ ունենալով գրաւել Շահատա հրապարակը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատարներէն զօր. Սալիհ Պուհալիքան: «Լիպիական ազգային բանակը կը սկսի նոր փուլի, մենք պիտի յայտնուինք Շահատա հրապարակի դարպասներէն միւս կողմ, թշնամին պարտութիւն կը կրէ եւ սկսած է փախուստի դիմել մարտի...

Վրաստանի Նախագահը Կը Գնահատէ  Իր Երկրին Դէմ Պատժամիջոցներ  Չհաստատելու Փութինի Քայլը

Վրաստանի Նախագահը Կը Գնահատէ Իր Երկրին Դէմ Պատժամիջոցներ Չհաստատելու Փութինի Քայլը

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչով յայտարարած է, որ հանդիպում պիտի ունենայ վրացի երեսփոխաններու հետ եւ խօսի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ապագային մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Քոսաչովի եւ ընդդիմադիր Վրաստանի հայրենասէրներու դաշինք կուսակցութեան երեսփոխաններու հանդիպումը նախատեսուած է 15 յուլիսին: Քոսաչովի համաձայն, կողմերը պիտի մտածեն այն մասին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել ռուս-վրացական յարաբերութիւններուն...

«Բրիտանիան Անմիջապէս Պէտք Է Վերցնէ Իրանեան  Քարիւղատար Նաւուն Դէմ Հաստատած Արգելանքը»  Կ՛ըսէ Մուսաւի

«Բրիտանիան Անմիջապէս Պէտք Է Վերցնէ Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն Դէմ Հաստատած Արգելանքը» Կ՛ըսէ Մուսաւի

Թեհրան. «Միջին Արեւելքի Մէջ Գտնուող Օտար Ուժերը Պէտք Է Հեռանան Շրջանէն» Ժիպրալթարի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ ձերբակալած է իրանեան «Կրէյս 1» քարիւղատար նաւուն նաւավարն ու անոր օգնականը` Սուրիոյ դէմ հաստատուած եւրոպական պատժամիջոցները խախտելնուն համար: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ իրանեան նաւուն շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, եւ նաւը կը շարունակէ արգելանքի տակ ըլլալ, ինչպէս նաեւ անկէ գրաւուած են փաստաթուղթեր եւ ելեկտրոնային սարքեր: «Ռոյթըրզ» լրատու...

Սուրիոյ Բանակը Վերստին Ազատագրեց  Հմէյմաթ Գիւղն Ու Անոր Բլուրները

Սուրիոյ Բանակը Վերստին Ազատագրեց Հմէյմաթ Գիւղն Ու Անոր Բլուրները

Սուրիական բանակը, ահաբեկչական շարք մը զինեալ խմբաւորումներուն դէմ մղած բուռն բախումներէ ետք, վերատիրացաւ Համայի հիւսիսարեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հմէյմաթ գիւղին ու անոր ռազմավարական բլուրներուն: Սուրիական բանակը Ժապհաթ Նուսրայի, Թուրքմենական իսլամական կուսակցութեան, չեչեն եւ չին մասնայատուկ ուժերու բուռն յարձակումին դիմաց գիւղէն դէպի անոր մերձակայ պաշտպանողական դիրքեր նահանջելէն մէկ օր ետք հակայարձակումի դիմեց: Ասայեպ Համրա փաղանգները Ժապհաթ Նուսրայի մասնայատուկ ուժերն են,...

Թուրքիա Կ՛ամրապնդէ Սուրիոյ Հետ  Սահմանին Վրայ Գտնուող Իր Ուժերը.  «Ապազինեալ Գօտի»-էն Յարձակումներ`  Համայի Եւ Լաթաքիոյ Դէմ

Թուրքիա Կ՛ամրապնդէ Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Գտնուող Իր Ուժերը. «Ապազինեալ Գօտի»-էն Յարձակումներ` Համայի Եւ Լաթաքիոյ Դէմ

7 քաղաքայիններ վիրաւորուեցան, երբ ահաբեկչական խմբաւորումներ «ապազինեալ գօտի»-ին մէջ գտնուող իրենց դիրքերէն հրթիռակոծեցին Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող բնակուած թաղամասեր: Հրասանդէ արձակուած երեք ռումբեր ինկան Մահրատա քաղաքի կարգ մը թաղամասերուն մէջ` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ: «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ հինգշաբթէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին Լաթաքիոյ գիւղական շրջանին մէջ լսուած են շարք մը պայթումներու ձայներ, որոնք արդիւնք էին...

Չաւուշօղլու. «Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկէ,  Պիտի Պատասխանենք»

Չաւուշօղլու. «Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկէ, Պիտի Պատասխանենք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անդրադարձած է շրջանառուող այն տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց, Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի Թուրքիոյ դէմ պատճամիջոցներ հաստատելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթի կայքը: «Մեր ակնկալութիւնները շատ յստակ են: Կիպրոսի թրքական կողմի իրաւունքները թող երաշխաւորեն: Մեզի դէմ ուղղուած քայլերը հակառակ ազդեցութիւնը պիտի ունենան: Մեզի դէմ ուղղուած որեւէ քայլի պիտի պատասխանենք, Կիպրոսի մէջ ալ աւելի պիտի...

Page 517 of 884 1 … 516 517 518 … 884

Արխիւներ