Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անգարա Այլեւս Չի Կրնար «Էֆ-35»-ներու Ձեռք Բերումը Ակնկալել» Կ՛ըսէ Թրամփ

July 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեկնաբանած է Թուրքիոյ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումը եւ նշած, որ Անգարան այլեւս չի կրնար ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ձեռք բերումը ակնկալել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համաձայնագիրը «անարդար» կոչած է: Ան յիշեցուցած է, որ Անգարան պատուիրած է հարիւր «Էֆ-35» հալածիչներ: Ան նոյն ատեն յայտարարած է, թէ Թուրքիան «պիտի չկարենայ աւելին գնել»` «Էս-400»-ի գործարքին պատճառով:

«Անոնք շատ լուրջ կացութեան մէջ յայտնուած են: Մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյնպէս այդպիսի կացութեան մէջ յայտնուած ենք: Սակայն ընդհանուր առմամբ մենք կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ», ըսած է ան:

Թրամփի համաձայն, Թուրքիան մտադիր եղած է գնել ամերիկեան «Փաթրիոթ» համակարգերը, սակայն, Պարաք Օպամայի վարչակազմը մերժած է զանոնք վաճառել:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Թրամփ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կը սերտեն Թուրքիոյ` ռուսական «Էս-400»-ներ գնելու քայլին հակադարձելու կարելիութիւնները:

«Սի.Էն.Էն.» անդրադարձած է երկուշաբթի օր Թրամփի եւ Փենթակոնի ու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնակատարներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, որուն առանցքային նիւթն էր Թուրքիոյ` Ռուսիայէն «Էս-400»-ներու գնումը:

«Սի.Էն.Էն.»-ի թղթակիցներ Քեւին Լիփթեքի եւ Նիքոլ Կաուեթի տուեալներուն համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն ճնշում կը գործադրեն նախագահին վրայ, որ համաձայն չէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելուն, որովհետեւ Թրամփ «Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանի հետ յարաբերութիւնները պահպանելու ցանկութիւն ունի»:

Յիշեցնենք, որ «Պլումպըրկ» հաղորդած էր, թէ ամերիկեան վարչակազմը ընտրած է պատժամիջոցներու երեք թղթածրարներէն մէկը, որ տակաւին պէտք է արժանանայ Թրամփի հաւանութեան` աւելցնելով, որ վարչակազմը մտադիր է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու մասին յայտարարել այս շաբթուան վերջաւորութեան:

 

 

 

Նախորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Թրամփի «Ցեղապաշտական Խօսքերը» Դատապարտող Բանաձեւ Մը

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Զօրակցութեան Նուիրուած Աղօթքի Հանդիպում` Քոնկրեսին Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.