Պաքուի մէջ կայացած է Վրաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա եռակողմ հանդիպում մը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով վրացի պաշտօնատարի մը:
Կը նշուի, որ քննարկուած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հոլովոյթները, համագործակցութեան առնչուող հարցեր եւ մարտահրաւէրներ:
Կողմերը համաձայնած են շարունակել աշխատանքը եռակողմ ձեւաչափի զարգացման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ:
Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի: