Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Դատարան Մը Անպարտ Հռչակեց Ահաբեկչութեան Զօրակցութեան Յանցանքով Ամբաստանուած Երկու Լրագրողներ Եւ Գործիչ Մը

July 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական դատարան մը անպարտ հռչակեց երկու լրագրողներ եւ մարդկային իրաւանց գործիչ մը, որոնք ահաբեկչութեան քարոզչութեան յանցանքով ամբաստանուած էին` քրտական թերթի մը մէջ աշխատելնուն համար: Անոնք շարունակ կը պնդէին, թէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ճնշումի ենթարկուող խօսքի ազատութիւնը կը պաշտպանէին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»:

Թուրքիոյ մէջ Լրագրողներ առանց սահմանի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Էրոլ Էօնտերօղլու, լրագրող Ահմեթ Նեսին եւ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց հիմնարկի ատենապետ Սեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը ձերբակալուած էին յունիս 2016-ին:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, թէ Լրագրողներ առանց սահմանի կազմակերպութեան մամլոյ ազատութեան շուրջ տարեկան ցուցակին մէջ Թուրքիան 180 երկիրներու շարքին 157-րդ դիրքը կը գրաւէ, մասամբ որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէնէն շատ լրագրողներ բանտարկող երկիրն է: Անցեալ տարի 68 լրագրողներ բանտարկուած էին, ինչ որ աշխարհի վրայ բանտարկուած լրագրողներու ամէնէն մեծ թիւն է:

Անոնք 2016-ին հիւրաբար կը խմբագրէին քրտական «Էօզկիւր Կիւնտեմ» օրաթերթը, որ անոնց ձերբակալութենէն երկու ամիս ետք իշխանութիւններուն կողմէ փակուեցաւ:

Ֆինճանճը երէկ դատաւորին կողմէ վճիռի արձակումէն առաջ իր փակման խօսքին մէջ դատարանին ըսաւ. «Այստեղ գործուած միակ ոճիրը խօսքի ազատութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է»:

Ան ազատ արձակուելէ ետք ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «մեծապէս անակնկալի» եկած է դատարանին վճիռէն:

Լրագրողներ առանց սահմանի ընդհանուր քարտուղար Քրիսթոֆ Տըլուար «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, թէ վճիռը «մեծ յաղթանակ մըն է արդարութեան ու մամլոյ ազատութեան համար, որոնք երկուքն ալ առօրեայ դրութեամբ ոտնակոխուած են Թուրքիոյ մէջ»:

«Անիկա մեծ յոյս կը ներկայացնէ բոլոր լրագրողներուն համար, որոնք կամայաբար կալանաւորուած են», աւելցուց ան:

Կազմակերպութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց` ջնջելու Էօնտերօղլուի դէմ այլ դատավարութիւն մը, որ պիտի սկսի նոյեմբերին:

Նախորդը

Սխալմամբ Բացայայտուած Են Եւրոպայի Մէջ Ամերիկեան Հիւլէական Զէնքերը Պահելու Գաղտնի Վայրերը

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Թրամփի «Ցեղապաշտական Խօսքերը» Դատապարտող Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
Թրամփ-Էրտողան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Միջազգային

Թրամփ-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 30, 2026
Հուսի Պաշտօնատար Մը Եգիպտոսի` Սէուտական  Արաբիոյ Պաշտպանական Աջակցութիւն Տրամադրելու  Որոշումը «Պատերազմի Հռչակում» Կ՛որակէ
Միջազգային

Հուսի Պաշտօնատար Մը Եգիպտոսի` Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանական Աջակցութիւն Տրամադրելու Որոշումը «Պատերազմի Հռչակում» Կ՛որակէ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.