Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վրաստանը Ինքզինք Կորսնցուցած Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

July 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա «Քոմսոմոլսլայա Փրաւտա» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ վրացական հասարակութիւնը պէտք է երկրին մէջ հակառուսական կեցուածքներու լոյսին տակ համախմբուի եւ պետական ու հանրային մակարդակով ստեղծուած իրավիճակին շուրջ «ազնիւ զրոյց»-ի սկսի:

«Կը կարծեմ` շատ կարեւոր է անկեղծ ըլլալ ինքզինքիդ հետ, հասարակութեան մէջ: Պէտք է ազնիւ զրոյցի սկսիլ սեփական երկրին մէջ, ներառեալ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հարցով», ըսած է Զախարովա:

Ան ընդգծած է, որ ինք խորհուրդներ չի տար, այլ պարզապէս կը յայտնէ այն, ինչ որ տեսանելի է:

Անդրադառնալով վերջերս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հայհոյած վրացի հաղորդավարի խօսքին` Զախարովա խոստովանած է, որ լրագրողին խօսքերը մինչեւ իր հոգիին խորքը վիրաւորած են զինք:

«Դիտելու ընթացքին աչքերուս մէջ արցունքներ հաւաքուեցան այն գիտակցումէն, թէ ի՛նչ պէտք է զգան այն մարդիկ, որոնք իսկապէս կը սիրեն Վրաստանը: Ան սպաննեց, ոտնակոխ ըրաւ, նուաստացուց զանոնք», ըսած է Զախարովա:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիան ինչո՞ւ դիւանագիտական միջոցներով չարձագանգեց միջադէպին, ան յիշեցուց, որ 2008-ին Վրաստան խզած է Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական կապերը:

«Ինծի յաճախ իբրեւ կշտամբանք կ՛ըսեն, թէ մենք կորսնցուցած ենք Վրաստանը: Հաւանաբար, եթէ յունիս-յուլիս ամիսներու դէպքերը չըլլային, թերեւս այդ հարցերուն համար պատմական օրինակներ, փաստարկներ բերէի… Սակայն այս իրադարձութիւններէն ետք կ՛ուզեմ ըսել.«Չէ՞ք կարծեր, որ Վրաստանը ինքզինք կորսնցուցած է», եզրափակած է Զախարովա:

 

Նախորդը

Ռազմակայան Ներխուժման Կոչերէ Ետք. Ամերիկեան Բանակը Կը Յայտարարէ, Թէ Պատրաստ Է Պաշտպանելու «51-րդ Շրջան» Գաղտնի Ռազմակայանը

Յաջորդը

Սխալմամբ Բացայայտուած Են Եւրոպայի Մէջ Ամերիկեան Հիւլէական Զէնքերը Պահելու Գաղտնի Վայրերը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.