Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռազմակայան Ներխուժման Կոչերէ Ետք. Ամերիկեան Բանակը Կը Յայտարարէ, Թէ Պատրաստ Է Պաշտպանելու «51-րդ Շրջան» Գաղտնի Ռազմակայանը

July 18, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան օդուժը հակադարձեց «51-րդ շրջան» գաղտնի ռազմակայան ներխուժելու դիմատետրեան կոչերուն` յայտարարելով, որ յանձնառու է պաշտպանելու ռազմակայանը, որուն շուրջ գոյութիւն ունին կասկածներ, թէ այդտեղ այլմոլորակայիններու վրայ փորձարկումներ կը կատարուին:

Ամերիկեան օդուժի բանբեր Լորա Մաքըտրոզ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ռազմակայանը տարածք մըն է, որ օդուժը կ՛օգտագործէ մարզումի համար, եւ ոչ ոքի կը յանձնարարենք ներթափանցել տարածք մը, ուր ամերիկեան բանակը կը մարզուի»:

«Օդուժը պատրաստ է պաշտպանելու Ամերիկան եւ անոր կալուածները», աւելցուց ան:

Դիմատետրի վրայ ձեռնարկուած է արշաւ մը` ներխուժելու Նեւատա նահանգին մէջ գտնուող «51 շրջան» ռազմակայան: Աւելի քան միլիոն օգտատէրեր մտադրութիւն յայտնած են 20 սեպտեմբերին մասնակցելու այդ քայլին, իսկ 954 հազար ուրիշներ նշած են, թէ հետաքրքրուած են այդ հարցով:

Նշենք, որ տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունի այն առասպելը, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը նշեալ ռազմակայանին մէջ կը պահէ այլմոլորակայիններու մնացորդացներ եւ անոնց Երկիր այցելութիւններուն մասին փաստեր:

 

Նախորդը

«Կիլիկիա` Առիւծներու Երկիր» Ժապաւէնի Նախագիծի Ցուցադրութիւն

Յաջորդը

«Վրաստանը Ինքզինք Կորսնցուցած Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.