«Ամերիկեան Ուժերու Աֆղանիստանէն Հեռացման Շուրջ Ուաշինկթընի Հետ Համաձայնութեան Կնքումը Մօտալուտ Է» Կ՛ըսէ Թալեպան Շարժումը
Աֆղանական Թալեպան շարժումը յայտարարեց, որ կը գտնուի Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացման շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն կնքելու եզրին: «Ուաշինկթըն համաձայն գտնուեցաւ իր ուժերը Աֆղանիստանէն հեռացնելու եւ աֆղանական խնդիրը խաղաղ ճամբով լուծելու», նշեց շարժումը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու աւարտին շարժումը աֆղանական կառավարութեան հետ ալ բանակցութեան սեղան պիտի նստի՞, Թալեպան շարժումը ըսաւ. «Անշուշտ բոլոր աֆղանական կողմերուն հետ...




















