Միջազգային

Հիւսիսային Քորէան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութեան Կամ Ճակատումի

Հիւսիսային Քորէան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութեան Կամ Ճակատումի

Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Ռի Եոնք Հօ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան կամ ճակատումի: Հիւսիսային քորէական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հօ զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները իր երկիրին դէմ պատժամիջոցները շարունակելու սխալ հաշուարկը կատարելէ: Մինչ այդ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական աշխատանքներուն եւ յանձնառու...

«Կարելի Չէ Ղազախստանին Հագցնել Ամերիկեան Ժողովրդավարութեան Գլխարկը, Անիկա Ոչ Մէկ Ձեւով Մեզի Կը Համապատասխանէ»  Կ՛ըսէ Նազարպայեւ

«Կարելի Չէ Ղազախստանին Հագցնել Ամերիկեան Ժողովրդավարութեան Գլխարկը, Անիկա Ոչ Մէկ Ձեւով Մեզի Կը Համապատասխանէ» Կ՛ըսէ Նազարպայեւ

Ղազախստանի առաջին նախագահ, Նուր Օթան կուսակցութեան նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ վստահ է, թէ կարելի պիտի չըլլայ Ղազախստանին «հագցնել ամերիկեան ժողովրդավարութեան գլխարկը»` նշելով, որ ժողովրդավարութեան զարգացման համար ժամանակ պէտք է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այս տարի պիտի լրանայ մեր (երկիրի) ընդամէնը 28-ամեակը: Եկէք յիշենք` ո՞վ էինք, ի՞նչ համակարգին մէջ կ՛ապրէինք եւ ի՞նչ ձեւով կը ղեկավարուէինք, մեր գլխուն ի՞նչ...

Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Վարկանիշը Ինկած Է Մինչեւ Պատմական Նուազագոյն Ցուցանիշ

Գերմանիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Վարկանիշը Ինկած Է Մինչեւ Պատմական Նուազագոյն Ցուցանիշ

Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան վարկանիշը ինկած է մինչեւ պատմական նուազագոյն ցուցանիշ. այս քաղաքական կուսակցութեան պատրաստ է աջակցելու գերմանացի քուէարկողներուն միայն 11,5 առ հարիւրը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս ցոյց կու տայ արդիւնքը այն հարցախոյզին, որ կատարած է ԻՆՍԱ ընկերագիտութեան ծառայութիւնը: Հարցախոյզին արդիւնքը հրապարակուած է գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին մէջ: Քաղաքական ժողովրդականութեան վարկանիշը 27,5 առ հարիւրով կը գլխաւորեն Քրիստոնեայ- ժողովրդավարական եւ...

Ռուսիան Պիտի Ֆինանսաւորէ Աբխազիոյ Բանակի Արդիականացումը

Ռուսիան Պիտի Ֆինանսաւորէ Աբխազիոյ Բանակի Արդիականացումը

Ռուսիան Աբխազիոյ հետ կնքած է համաձայնագիր մը` վերջինիս զինեալ ուժերու արդիականացման ծախսերու ֆինանսաւորման վերաբերեալ: Այդ մասին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտնած է իր աբխազ պաշտօնակից Մերապ Քիշմարիայի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին: «Այսօր մենք պիտի քննարկենք եւ համաձայնագիր պիտի ստորագրենք մեր զինուորական-թեքնիք համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ Աբխազիոյ զինեալ ուժերու...

Փոմփէօ Ողջունեց Փարակուէյի Որոշումը` Հըզպալլան, Համասը, Քայիտան Ու ՏԱՀԵՇ-ը  Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններ Նկատող

Փոմփէօ Ողջունեց Փարակուէյի Որոշումը` Հըզպալլան, Համասը, Քայիտան Ու ՏԱՀԵՇ-ը Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններ Նկատող

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ժողովին, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան նուիրուած նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքով ողջունեց Հըզպալլան, Համաս շարժումը, Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը ահաբեկչական կազմակերպութիւններ նկատելու Փարակուէյի քայլը: «Հըզպալլան իրանեան վարչակարգի բիրտ գործակատարն է եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ որեւէ գործունէութիւն չունի», նշեց ան` բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղելով` Իրանի հովանաւորած ահաբեկչութեան դէմ քայլեր որդեգրելու:...

«Մոսկուա Պիտի Շարունակէ Անգարայի Հետ  Գործակցիլ` Իտլիպի Կացութեան Գծով»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

«Մոսկուա Պիտի Շարունակէ Անգարայի Հետ Գործակցիլ` Իտլիպի Կացութեան Գծով» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մոսկուա պիտի շարունակէ Անգարայի հետ գործակցիլ` Իտլիպի կացութեան վերաբերեալ»: «Հարկ է յարգել Իտլիպի հարցին շուրջ գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները, որոնց նպատակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շարունակութիւնն է, եւ նոյն ատեն երաշխաւորել քաղաքայիններու անվտանգութիւնը», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Այս առումով պիտի շարունակենք Թուրքիոյ հետ գործակցիլ Սոչիի փաստաթուղթին շուրջ, որուն գծով համաձայնութիւն գոյացաւ 17 սեպտեմբեր 2018-ին»: Թուրքիոյ նախագահութիւնը մէկ օր...

«Տարածաշրջանի Եւ Հորմուզի Նեղուցի  Անվտանգութիւնը Կարելի  Չէ Երաշխաւորել Առանց Իրանի»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Տարածաշրջանի Եւ Հորմուզի Նեղուցի Անվտանգութիւնը Կարելի Չէ Երաշխաւորել Առանց Իրանի» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իրանեան «Փաուըր 373» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի ցուցահանդէսին ընթացքին յայտարարեց. «Մեր նոր համակարգը ռուսական «Էս-400»-ին մօտ է»: «Երբ թշնամին պատերազմական օդանաւերը, մարտանաւերը եւ հեռահար հրթիռները օգտագործէ, այն ատեն կրնանք «Փաուըր 373» համակարգը օգտագործել», ըսաւ Իրանի նախագահը: Ռուհանի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու` Իրանի վրայ տնտեսական ճնշումները սկսան հիւլէական համաձայնագիրէն անոնց դուրս գալէն ետք` նշելով, որ Ուաշինկթըն «այն պատրանքը...

«Ոչ Մէկ Նախագահ Իսրայէլի Համար  Կատարած Է Կատարածիս Մօտ Որեւէ Բան»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Ոչ Մէկ Նախագահ Իսրայէլի Համար Կատարած Է Կատարածիս Մօտ Որեւէ Բան» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Բացարձակապէս ոչ մէկ նախագահ (Միացեալ Նահանգներու) Իսրայէլի համար կատարած է որեւէ բան, որ մօտ է կատարածիս` Կոլան, Երուսաղէմ, Իրան եւ այլ բաներ»: Ան այս մասին յայտնեց` պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր նախապէս ըսած իր այն խօսքին, թէ Դեմոկրատական կուսակցութեան քուէարկող ամերիկացի հրեաները «ապերախտ» են: Այդ խօսքը ոմանց կողմէ նկատուած էր հակասեմական: Թրամփ Սպիտակ...

Դանիոյ Վարչապետը «Անվայել» Վարքագիծի  Համար Մեղադրելով.  «Ոչ Ոք Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Հետ Այդպէս Խօսիլ»  Կ՛ըսէ Թրամփ

Դանիոյ Վարչապետը «Անվայել» Վարքագիծի Համար Մեղադրելով. «Ոչ Ոք Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Հետ Այդպէս Խօսիլ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ «անվայել» վարքագիծ դրսեւորեց Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսըն, երբ «անհեթեթութիւն» նկատեց Կրինլանտը գնելու իր ծրագիրը: «Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Թրամփ, մասնաւորաբար, իր զայրոյթը յայտնած է Դանիոյ վարչապետին բառերու ընտրութեան առնչութեամբ: «Ըստ իս` վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ ատիկա անհեթեթութիւն ու անհեթեթ գաղափար է, անվայել արտայայտութիւն էր», յայտնած է ան`...

Մաքրոն Եւ Թրամփ Հաւանութիւն Տուած Են  Ռուսիոյ Եօթներու Կազմ Վերադարձին

Մաքրոն Եւ Թրամփ Հաւանութիւն Տուած Են Ռուսիոյ Եօթներու Կազմ Վերադարձին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն համակարծիք են, որ Ռուսիան պէտք է վերադառնայ Եօթներու կազմ: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է ամերիկեան վարչակազմէն պաշտօնատար մը: Պատկերասփիւռի կայանի լրագրողին համաձայն, երկու ղեկավարները հեռաձայնային զրոյց ունեցած են, որուն ընթացքին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Ռուսիոյ մասնակցութեամբ Ութներու խմբակի ձեւաչափին վերադառնալուն եւ 2020 թուականի խումբի վեհաժողովին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրաւիրելու...

Հիւսիսային Քորէա. «Ուաշինկթընի Հետ Երկխօսութիւն Պիտի Չըլլայ, Եթէ Անոր Զինուորական  Թշնամական Գործունէութիւնը Չդադրի»

Հիւսիսային Քորէա. «Ուաշինկթընի Հետ Երկխօսութիւն Պիտի Չըլլայ, Եթէ Անոր Զինուորական Թշնամական Գործունէութիւնը Չդադրի»

Հիւսիսային Քորէա յայտարարեց, որ «հետաքրքրուած չէ» Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութիւն կատարելով, եթէ վերջինս չդադրեցնէ «իր հետզհետէ աճող զինուորական թշնամական գործունէութիւնը»: Նշենք, որ Հիւսիսային Քորէայի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Սթեֆըն Պայկըն մէկ օր առաջ Սէուլի մէջ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը «պատրաստ է» Հիւսիսային Քորէայի հետ ամիսներէ ի վեր դադրած երկկողմանի բանակցութիւնները շարունակելու: Բանակցութիւնները դադրած էին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Չինաստանը Յուլիսին Իրանէն Շուրջ  11 Միլիոն Տակառ Քարիւղ Գնած Է

Չինաստանը Յուլիսին Իրանէն Շուրջ 11 Միլիոն Տակառ Քարիւղ Գնած Է

Չինաստան անցեալ ամիս շարք մը հաշուարկներով Իրանէն 4,4-11 միլիոն տակառ քարիւղ գնած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով քարիւղատար նաւերու տեղաշարժին հետեւող ընկերութիւններու տուեալներուն: Այսպիսով, Փեքին անտեսած է Ուաշինկթընի յայտարարած` Թեհրանէն քարիւղ գնելու արգելքը: «Այդ ձայնաչափի վերին սահմանագիծը պիտի նշանակէ, որ յուլիսին արտածումը նախկինին պէս կազմած է անցեալ տարուան մակարդակի շուրջ կէսը` հակառակ պատժամիջոցներուն», կը նշուի...

«Եթէ Իրանեան Քարիւղի Արտածումները  Դադրեցնէք, Միջազգային Ծովային Անցքերը  Ապահով Պիտի Չըլլան, Որքան Հիմա»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Եթէ Իրանեան Քարիւղի Արտածումները Դադրեցնէք, Միջազգային Ծովային Անցքերը Ապահով Պիտի Չըլլան, Որքան Հիմա» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի զգուշացուց իրանեան քարիւղի արտածումներու դադրեցման փորձերէն` նշելով. «Այդ պարագային կարելի չէ ինչպէս նախապէս վստահիլ ծովային անցքերուն անվտանգութեան»: Ռուհանի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Միջազգային ուժերը գիտեն, թէ ամբողջական պատժամիջոցներու հաստատման եւ Իրանի քարիւղի արտածումները զերոյի հասցնելու պարագային միջազգային ծովային ճամբաները առաջուան նման ապահով պիտի չըլլան»:

Յեղափոխական Պահակագունդը  «Ատրիան Տարիա 1»-ը Առաւ Իր Հսկողութեան Տակ

Յեղափոխական Պահակագունդը «Ատրիան Տարիա 1»-ը Առաւ Իր Հսկողութեան Տակ

Փոմփէօ. «Ուաշինկթըն Կարելի Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրէ` Կանխարգիլելու «Ատրիան Տարիա 1»-ի Կողմէ Սուրիոյ Քարիւղի Մատակարարումը» Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Միջին Արեւելքի կացութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կարելի բոլոր քայլերը պիտի որդեգրեն կանխարգիլելու իրանեան «Կրէյս 1» (այժմ «Ատրիան Տարիա 1», «Ա.») քարիւղատար նաւուն Սուրիոյ քարիւղի մատակարարումը»: «Յստակ դարձուցինք, որ ոեւէ մէկը, որ...

«Թրքական Բռնագրաւումը Տարատեսակ  Ահաբեկիչներ Մտցուց Սուրիա»  Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

«Թրքական Բռնագրաւումը Տարատեսակ Ահաբեկիչներ Մտցուց Սուրիա» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին նշեց. «Միջին Արեւելքի շրջանը արհաւիրքներու ու ողբերգութիւններու ականատես դարձաւ կայսերապաշտական երկիրներուն իրենց նեղ եւ անբարոյական շահերը առաջնահերթ նկատելնուն պատճառով»: Ան շեշտեց, որ առարկայական որեւէ մօտեցում կ՛եզրակացնէ, թէ տագնապներուն պատճառը Իսրայէլի` արաբական հողերու, ներառեալ` սուրիական Կոլանի բռնագրաւումն է: Սուրիոյ դեսպանը կարեւոր նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները, ներառեալ` թրքական...

Կրինլանտը Գնելու Իր Առաջարկին  Մերժումին Պատճառով.  Թրամփ Կը Ջնջէ Դանիա Իր Այցելութիւնը

Կրինլանտը Գնելու Իր Առաջարկին Մերժումին Պատճառով. Թրամփ Կը Ջնջէ Դանիա Իր Այցելութիւնը

Դանիոյ վարչապետին կողմէ Կրինլանտը գնելու իր առաջարկին մերժումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջեց սեպտեմբերի սկիզբը նախատեսուած Դանիա իր այցելութիւնը: «Դանիան շատ իւրայատուկ երկիր է եւ անոր ժողովուրդը հոյակապ է, սակայն հիմնուելով վարչապետ Մաթէ Ֆրետրիքսընի այն խօսքին վրայ, թէ հետաքրքրուած չէ Կրինլանտի գնման շուրջ քննարկումով, երկու շաբաթ ետք նախատեսուած մեր ժողովը պիտի յետաձգեմ այլ թուականի», յայտնեց Թրամփ: «Վարչապետը իր...

Այսօր Փարիզի Մէջ  Մաքրոն-Ճոնսըն Հանդիպում

Այսօր Փարիզի Մէջ Մաքրոն-Ճոնսըն Հանդիպում

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն այսօր Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի հետ բանակցութիւններ պիտի վարէ Փարիզի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Բանակցութիւններու ծրագիրով նախատեսուած է Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն յառաջիկայ դուրս գալուն վերաբերեալ շարք մը խնդիրներու քննարկում, ինչպէս նաեւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ կացութեան եւ հիւլէական ոլորտին մէջ Իրանի հետ համաձայնութիւններուն: «Ֆրանսէնֆօ» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Ճոնսըն կը...

Աւստրալիան Կը Միանայ Ծոցին Մէջ  Նաւարկումի Անվտանգութեան Ապահովման  Նպատակով Ուաշինկթընի  Ղեկավարութեամբ Ծովուժին

Աւստրալիան Կը Միանայ Ծոցին Մէջ Նաւարկումի Անվտանգութեան Ապահովման Նպատակով Ուաշինկթընի Ղեկավարութեամբ Ծովուժին

Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի միանայ Արաբական ծոցին մէջ նաւարկումի անվտանգութեան ապահովման նպատակով Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած ծովուժին: Մորիսըն յայտնեց, որ իր երկիրը այդ ծովուժին պիտի մասնակցի յածանաւով մը եւ «Պի.8» տիպի ծովային հետախուզութեան օդանաւով մը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Մայք Փոմփէօ եւ Մարք Էսփըր այս ամիս Սիտնի իրենց այցելութեան ընթացքին կոչ ուղղած էին,...

Ուաշինկթըն Պատրաստ  Յառաջիկայ Օրերուն  Աւարտելու Թալեպաններուն Հետ  Բանակցութիւնները

Ուաշինկթըն Պատրաստ Յառաջիկայ Օրերուն Աւարտելու Թալեպաններուն Հետ Բանակցութիւնները

Աֆղանիստանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Զալմայ Խալիլզատ յայտարարեց, թէ իր երկիրը «պատրաստ է Տոհայի մէջ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած նիստերուն ընթացքին աւարտին հասցնելու Թալեպան շարժումին հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները»: Խալիլզատ ընկերային ցանցերու ճամբով գրեց. «Ուաշինկթընի մէջ բեղուն շաբաթ: Վարչակարգը տեղեակ պահեցի մեր հասած փուլին եւ յառաջիկայ քայլերուն մասին: Ահաւասիկ անգամ մը եւս կը վերադառնամ: Առաջին փուլը Տոհայի մէջ է, ուր պիտի...

Մատուրօ. «Ամիսներէ Ի Վեր Բանակցութիւններ  Կը Վարենք Միացեալ Նահանգներու Հետ»

Մատուրօ. «Ամիսներէ Ի Վեր Բանակցութիւններ Կը Վարենք Միացեալ Նահանգներու Հետ»

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարեց, թէ իր երկրին ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ ամիսներէ ի վեր «իմ ցուցմունքովս» բանակցութիւններ գոյութիւն ունին: Մատուրօ յայտնեց, որ ճգնաժամի լուծման համար վենեզուելական կառավարութեան ու ամերիկեան վարչակազմին միջեւ բարձր մակարդակի գաղտնի բանակցութիւններ գոյութիւն ունին: «Գաղտնի տեղերու մէջ գաղտնի բանակցութիւններ գոյութիւն ունին, գաղտնի անձերու հետ, եւ ոչ ոք պէտք է զանոնք ճանչնայ», ըսաւ ան: «Եթէ Միացեալ Նահանգներու...

Page 504 of 884 1 … 503 504 505 … 884

Արխիւներ