Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Իրանի Հետ Երկխօսութիւնը, Եւ Եօթներու Խմբակը Վերջինիս Պիտի Արգիլէ Հիւլէական Զէնք Ձեռք Բերել» Կ՛ըսէ Մաքրոն

August 26, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի Պէարից քաղաքին մէջ Եօթներու խմբակի վեհաժողովի երկրորդ օրուան ընթացքին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Եօթներու խմբակը ոչ պաշտօնական խմբակ մըն է, եւ մեկնելով այդ իրողութենէն,  Իրանի հետ խօսելու պաշտօնական լիազօրութեան հարց գոյութիւն չունի, եւ իւրաքանչիւր կողմ իր յարմար դատածը կը կատարէ»:

Մաքրոն աւելցուց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ Իրանի հետ երկխօսութիւնը, իսկ Թրամփ պիտի շարունակէ իր վարած քաղաքականութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Եօթներու խմբակը համաձայն է Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու ուղղութեամբ թափանցիկ կերպով աշխատելու, սակայն նոյն ատեն «շրջանին մէջ յաւելեալ կայունութիւն կ՛ուզենք»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Մաքրոնի եւ Ճափոնի վարչապետին ջանքերուն:

Մաքրոն նաեւ յայտնեց, որ Եօթներու խմբակի անդամ երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած են կարելի եղածին չափ շուտ օժանդակութիւն տրամադրելու Ամազոնի հրդեհներէն վնասուած երկիրներուն:

Շաբաթ օր Պիարից քաղաքէն ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պայոնա քաղաքի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ զանգուածային քայլարշաւ` ընդդէմ Եօթներու խմբակի վեհաժողովին:

«Բոլորը կ՛ատեն ոստիկանութիւնը», «Ոստիկանութիւնը ամէնուր է, իսկ արդարադատութիւնը` ոչ մէկ տեղ», «Չենք մոռնար, չենք ներեր» վանկարկող ամբոխին կ՛ընկերակցէին վառ վարդագոյն եւ դեղին հագուստներ հագած թմբկահարներ:

Վեհաժողովի անվտանգութիւնը ապահովելու համար շրջան հասած էին աւելի քան 13 հազար ոստիկաններ եւ կիսազինուորական ոստիկաններ:

Շաբաթ օր Պիարիցի մէջ ընթացք առած էր Եօթներու խմբակի վեհաժողովը, որուն ընթացքին ղեկավարները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցին Ուքրանիոյ խնդիրին, Իրանի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ ընդհանուր առմամբ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան:

Ֆրանսա, որ այս տարի կը նախագահէ Եօթներու խմբակին, գլխաւոր առաջնահերթութիւն կը նկատէ անհաւասարութեան դէմ պայքարը: Այդ նպատակով վեհաժողովին հրաւիրուած էին նաեւ 8 գործընկեր երկիրներու ղեկավարները, որոնց շարքին Աւստրալիոյ, Չիլիի, Պուրքինա Ֆասոյի, Սենեկալի, Ռուանտայի եւ Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան ղեկավարները:

Եօթներու խմբակին կ՛անդամակցին Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Գերմանիան, Ճափոնը, Քանատան եւ Իտալիան:

Նախորդը

Թուսք. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Հակադարձէ, Եթէ Ամերիկան Ֆրանսական Գինիին Դէմ Մաքսատուրք Հաստատէ»

Յաջորդը

Զարիֆ Կ՛այցելէ Պէարից

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ
Միջազգային

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

October 9, 2026
ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»
Միջազգային

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.