Միջազգային

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Իրանին Վարկեր Տրամադրելու, Եթէ Թեհրան Փոխէ Իր Գործելակերպը»   Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Իրանին Վարկեր Տրամադրելու, Եթէ Թեհրան Փոխէ Իր Գործելակերպը» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ելեւմտական միջոցներ տրամադրելու Իրանին, եթէ այդ երկրի իշխանութիւնները փոխեն իրենց գործելակերպը եւ կատարեն Ուաշինկթընի առաջադրած պայմանները: Այս մասին «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ: Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած է հարցազրոյցին բովանդակութիւնը: «Մենք կ՛ուզենք, որ Իրան բնական երկիր ըլլայ: Մենք կ՛ուզենք, որ Իրանի ժողովուրդը յաջողութեան հասնի իր...

Բրիտանիոյ Վարչապետը Թագուհիէն Կը Խնդրէ Մինչեւ 14 Հոկտեմբեր Առկախել Խորհրդարանին Գործունէութիւնը

Բրիտանիոյ Վարչապետը Թագուհիէն Կը Խնդրէ Մինչեւ 14 Հոկտեմբեր Առկախել Խորհրդարանին Գործունէութիւնը

Բրիտանական կառավարութիւնը Էլիզապէթ Բ. թագուհիէն խնդրեց մինչեւ 14 հոկտեմբեր` 31 հոկտեմբերին նախատեսուած «Պրեքզիթ»-էն հազիւ շաբաթներ առաջ, առկախել խորհրդարանին գործունէութիւնը: Վարչապետ Պորիս Ճոնսընի գրասենեակը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Վարչապետը խօսած է նորին մեծութիւն թագուհիին հետ եւ խնդրած խորհրդարանական ընթացիկ նստաշրջանը աւարտել նիստի երկրորդ շաբթուան ընթացքին: Կուսակցական խորհրդակցութիւններու աւանդական շրջանի աւարտէն ետք, ներկայիս խորհրդարանի աշխատանքի երկրորդ նստաշրջանը պիտի սկսի թագուհիի ելոյթէն...

«Ամերիկեան Վարչակազմը Պիտի Աշխատի Ռուսիան Վերադարձնել Եօթներու Խմբակի Կազմ»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Ամերիկեան Վարչակազմը Պիտի Աշխատի Ռուսիան Վերադարձնել Եօթներու Խմբակի Կազմ» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Ֆոքս 59» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը աշխատանք պիտի տանի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փափաքին համեմատ, Ռուսիան վերադարձնելու Եօթներու խմբակի կազմ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ինք համաձա՞յն է նախագահ Թրամփի այն յայտարարութեան, որ Ռուսիան պէտք է յաջորդ տարի հրաւիրել Եօթներու խմբակի վեհաժողովին, ան դրական պատասխան տուած...

Քոնկրեսականները Թրամփին Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղեն Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Քոնկրեսականները Թրամփին Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղեն Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու նոր մատակարարումներու լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղած են` Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու: Յանձնախումբը այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Նախագահ Թրամփ, դուք պէտք է պատժամիջոցներ կիրարկէք Թուրքիոյ դէմ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումին համար, ինչպէս ատիկա կը պահանջէ ամերիկեան օրէնքը:...

«Ֆրանսայէն Գումարներ Պիտի Չընդունիմ,  Մինչեւ Որ Մաքրոն Ինձմէ Ներում Չհայցէ» Կ՛ըսէ Պրազիլի Նախագահը

«Ֆրանսայէն Գումարներ Պիտի Չընդունիմ, Մինչեւ Որ Մաքրոն Ինձմէ Ներում Չհայցէ» Կ՛ըսէ Պրազիլի Նախագահը

Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարու յայտարարեց. «Ֆրանսայէն Ամազոնի անտառի հրդեհներուն դէմ պայքարին համար նիւթական օժանդակութիւններ թերեւս ընդունիմ, եթէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրաժարի իր վիրաւորանքէն եւ ներում հայցէ»: Պոլսոնարու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հերքեց իր վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Օնիքս Լորիթնզունիի այն յայտարարութիւնը, թէ նախագահը կտրուկ կերպով կը մերժէ այդ օժանդակութիւնները: «Նախ եւ առաջ Մաքրոն պէտք է յետս կոչէ իր վիրաւորանքը, զիս...

Վրաստանի Նախագահը Նշած Է Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութեան Վերսկսման Պայմանները

Վրաստանի Նախագահը Նշած Է Ռուսիոյ Հետ Երկխօսութեան Վերսկսման Պայմանները

Ռուսիոյ դիրքորոշման փոփոխութիւնը կրնայ հիմք դառնալ Թիֆլիսի եւ Մոսկուայի միջեւ երկխօսութեան վերսկսման համար, միայն այս պարագային Վրաստանը պատրաստ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի` «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «(Ռուսիոյ հետ) ինչ-ինչ հաղորդակցութիւններ ունենալու, զանոնք վերսկսելու համար մեզի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յստակօրէն հասկնալ, որ մեզի պէս փոքր դրացիի նկատմամբ Ռուսիոյ դիրքորոշումին մէջ փոփոխութիւններ տեղի...

Պրազիլ Մերժեց Եօթներու Խմբակին Օժանդակութիւնը

Պրազիլ Մերժեց Եօթներու Խմբակին Օժանդակութիւնը

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պրազիլի կառավարութիւնը մերժած է Եօթներու խմբակի` Ամազոնի անտառի հրդեհներու դէմ պայքարին օժանդակութիւնը: Եօթներու խմբակի անդամ երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած էին Ամազոնի արեւադարձային անտառին մէջ բռնկած մրցանշային թիւով հրդեհներուն դէմ պայքարին ելեւմտական օժանդակութիւն յատկացնելու շուրջ: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, թէ Եօթներու խմբակի երկիրները` Քանատան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը, Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները 22 միլիոն տոլար պիտի...

Լոնտոն Պահանջած Է Առանց Քաշքշուքի Սկսիլ «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Գործարքի Փոփոխութիւններու Քննարկումը

Լոնտոն Պահանջած Է Առանց Քաշքշուքի Սկսիլ «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Գործարքի Փոփոխութիւններու Քննարկումը

Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու վերաբերեալ համաձայնագիրի բոլոր փոփոխութիւնները, զորս Լոնտոն կ՛ուզէր Պրիւքսելէն ապահովել, կը վերաբերին Իրլանտայի կղզիին վրայ սահմանի մասին կէտին, եւ այդ բանակցութիւնները պէտք է սկսին կարելի եղածին չափ շուտ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի բանբերը: «Մենք յստակ կերպով յայտարարած ենք, որ այն փոփոխութիւնները, որոնց մենք կը ձգտինք, կը...

«Աշխարհի Վրայ Արեւմտեան Գերիշխանութեան Դարաշրջանը Կ՛աւարտի»   Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Աշխարհի Վրայ Արեւմտեան Գերիշխանութեան Դարաշրջանը Կ՛աւարտի» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Աշխարհի վրայ արեւմտեան գերիշխանութեան դարաշրջանը կ՛աւարտի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի դեսպաններու խորհրդակցութեան ընթացքին այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Մենք կը տեսնենք աշխարհի վրայ արեւմտեան գերիշխանութեան աւարտը: Հանգամանքները կը փոխուին: Ատիկա մասնաւորաբար նոր տէրութիւններու ամրապնդումն է», նշած է ան: «Չինաստանը մղուած է առաջին շարք, իսկ Ռուսիան մեծ յաջողութեան կը հասնի իր ռազմավարութեան...

Փութինի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  «Պատշաճ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրենք Սոչիի Համաձայնութեան Հիմամբ Իտլիպի Մէջ Հանդարտութեան Ամրապնդման Համար»   Կ՛ըսէ Էրտողան

Փութինի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Պատշաճ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրենք Սոչիի Համաձայնութեան Հիմամբ Իտլիպի Մէջ Հանդարտութեան Ամրապնդման Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիպում մը ունեցան` քննարկելու համար Իտլիպի կացութիւնը: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ժուքովսքի միջազգային օդակայանին մէջ, ուր տեղի կ՛ունենար Ռուսիոյ օդանաւերու եւ անջրպետագնացութեան «ՄԱՔՍ-2019» տարեկան ցուցահանդէսը: Փութին Էրտողանին ներկայացուց Ռուսիոյ գերարդիական «Սու-57» օդանաւերը, այնպիսի պահու մը, երբ Թուրքիան ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելուն համար դուրս մղուած է ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու...

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը 5-14 Քիլոմեթրով Պիտի Հեռանան Թուրքիոյ Հետ Սահմանէն

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը 5-14 Քիլոմեթրով Պիտի Հեռանան Թուրքիոյ Հետ Սահմանէն

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ իրենց ուժերը անվտանգութեան գօտիի ստեղծման շուրջ թուրք-ամերիկեան համաձայնութեան հիմամբ 5-14 քիլոմեթրով պիտի հեռանան Թուրքիոյ հետ սահմանէն: Քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը նշեցին, որ այդ գօտին պիտի ներառէ գիւղական շրջաններ եւ զինուորական դիրքեր:

Չաւուշօղլու Երուսաղէմի Մէջ Թուրքիոյ Գործունէութիւնը Արգիլելու Իսրայէլի Որոշումը Կը Նկատէ «Կեղտոտ Խաղ»

Չաւուշօղլու Երուսաղէմի Մէջ Թուրքիոյ Գործունէութիւնը Արգիլելու Իսրայէլի Որոշումը Կը Նկատէ «Կեղտոտ Խաղ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ Իսրայէլի մէջ 17 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին «նոր կեղտոտ խաղ կը խաղան»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք երբեք պիտի չհրաժարինք Պաղեստինի բռնագրաւուած մայրաքաղաք Արեւելեան Երուսաղէմի հարցին մէջ մեր պաղեստինցի եղբայրներուն աջակցելէն եւ անոնց շահերը պաշտպանելէն», նշած է Չաւուշօղլու: Նախքան այդ, Իսրայէլի...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Չեն Պատրաստուիր Հրթիռային  Հարուած Հասցնելու Սուրիոյ»

Փենթակոն. «Ամերիկեան Ուժերը Իրաքի Մէջ Ապահովական Դէպքերուն Հետ Որեւէ Կապ Չունին»

Իրաք Կը Սերտէ «Գերիշխանութեան Պաշտպանութեան Քայլեր» Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը հերքեց Իրաքի մէջ զինապահեստանոցներու դէմ յարձակումներուն հետ որեւէ առնչութիւն ունեցած ըլլալ: Փենթակոն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը կարաւանի դէմ չգործեցին յարձակումը կամ  որեւէ յարձակում, որ իրաքեան զինապահեստանոցներու մէջ պայթումներ յառաջացուց: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտեց, որ կը զօրակցի Իրաքի գերիշխանութեան` նշելով, որ նախապէս զգուշացուցած էր Իրաքի մէջ...

«Պիտի Շարունակենք Մեր Ստանձնած Յանձնառութիւնները Կրճատել, Եթէ Ամերիկեան Պատժամիջոցները Չվերցուին»   Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Պիտի Շարունակենք Մեր Ստանձնած Յանձնառութիւնները Կրճատել, Եթէ Ամերիկեան Պատժամիջոցները Չվերցուին» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ եթէ Ուաշինկթըն չհրաժարի իր պատժամիջոցներէն եւ իրանցի ժողովուրդին դէմ իր տնտեսական ահաբեկչութենէն,  յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ դրական փոփոխութիւն պիտի չարձանագրուի` ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն բանալին Ուաշինկթընի ձեռքն է: «Մենք երկխօսութեան մարդիկ ենք, սակայն Ուաշինկթըն նախ պէտք է վերցնէ պատժամիջոցները», աւելցուց ան: Իրանի նախագահը նշեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Հիւլէական համաձայնագիրի ծիրին մէջ...

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Վրաստանի Զինուորներու Մասնակցութեամբ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարուին

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Վրաստանի Զինուորներու Մասնակցութեամբ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարուին

Պաքուի մէջ 2 սեպտեմբերին պիտի սկսին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի զինուորներու մասնակցութեամբ «Իթըռնիթի-2019» ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան: Ռազմափորձերուն ընթացքին երեք երկիրներու զինուորական ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչները պիտի գործադրեն շրջանային տնտեսական նախագիծերու պաշտպանութեան առաջադրանքներ: Ռազմափորձերը պիտի աւարտին 6 սեպտեմբերին:

Թուրքիա Այսօր Կը Սկսի Ստանձնել  «Էս-400»-ներու Երկրորդ Խումբը

Թուրքիա Այսօր Կը Սկսի Ստանձնել «Էս-400»-ներու Երկրորդ Խումբը

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, թէ Ռուսիայէն գնուած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու երկրորդ խումբի Թուրքիա մատակարարման հոլովոյթը պիտի սկսի 27 օգոստոսին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ տուվար» լրատուամիջոցը: Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ մատակարարման համար կը կատարուին անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներ:

Թուրքիա Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ  Յաւելեալ Ուժեր Կը Կեդրոնացնէ.  Էրտողան. «Կը Նախատեսենք,  Որ Մեր Ցամաքային  Ուժերը Շուտով Մուտք  Գործեն Եփրատի Արեւելեան Ափ»

Թուրքիա Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Յաւելեալ Ուժեր Կը Կեդրոնացնէ. Էրտողան. «Կը Նախատեսենք, Որ Մեր Ցամաքային Ուժերը Շուտով Մուտք Գործեն Եփրատի Արեւելեան Ափ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Մուշ նահանգի Մանազկերտ շրջանին մէջ 1071-ի Մանազկերտի ճակատամարտի ոգեկոչման հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, թէ կը նախատեսուի, որ թրքական ցամաքային ուժերը մօտ օրէն մուտք գործեն Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափ: «Ներկայիս մեր անօդաչու թռչող սարքերը մեր ուղղաթիռներուն հետ մուտք գործած են շրջան: Մեր սահմանին մօտ գտնուող պատուարները կը քանդուին: Կը նախատեսենք,...

Այսօր Մոսկուայի Մէջ  Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Այսօր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոսկուա` ընդառաջելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրին: Քրեմլին հաղորդեց, որ երկու ղեկավարները պիտի քննարկեն Իտլիպի մէջ տիրող կացութիւնը` աւելցնելով, որ Փութին կը հասկնայ Իտլիպի կացութեան վերաբերեալ Էրտողանի մտավախութիւնները, սակայն նաեւ մտահոգ է ծայրայեղականներու յարձակումներուն աճով: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Մուշի մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, թէ...

Փարիզ. «Զարիֆի Հետ Հանդիպումը Դրական Էր Եւ Պիտի Շարունակուի»

Փարիզ. «Զարիֆի Հետ Հանդիպումը Դրական Էր Եւ Պիտի Շարունակուի»

Թրամփ. «Զարիֆի Հետ Հանդիպելու Համար Չափազանց Կանուխ Է» Պէարիցի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հանդիպումները տեւած են 3,5 ժամ: Զարիֆ կէս ժամ զրուցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, իսկ մնացած ժամանակը` ֆրանսացի բանակցողներու խումբի հետ, որ կը ղեկավարուէր արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տրիանի կողմէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էլիզէի պալատի ներկայացուցիչը գոհունակութիւն...

Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի.  Թրամփ Ռուսիոյ Պատճառով Վիճած Է  Եօթներու Խմբակի Ղեկավարներուն Հետ

Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի. Թրամփ Ռուսիոյ Պատճառով Վիճած Է Եօթներու Խմբակի Ղեկավարներուն Հետ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնած է, թէ ո՛ր պայմանի կատարման պարագային Ռուսիան կրնայ վերադառնալ Եօթներու խմբակի կազմ: Ռուսական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին ան յայտարարած է Եօթներու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նիւթի քննարկման ժամանակ: «Ես Գերմանիոյ անունով յստակօրէն հասկցուցի, թէ մենք մինսքեան հոլովոյթի կեանքի կոչման հարցին մէջ յառաջընթացի կարիք ունինք», ըսած է Մերքել: Անոր համաձայն, անհրաժեշտ...

Page 502 of 884 1 … 501 502 503 … 884

Արխիւներ