Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Պաշտօնատարը Կը Զգուշացնէ Իրաքի Մէջ Իսրայէլեան Օդային Հարուածներու Հետեւանքներէն

August 24, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի յանձնակատար Հայսամ Ապու Սայիտ յայտնեց, որ իսրայէլեան չորս ռմբաձիգներու մասնակցութեամբ  Միացեալ Նահանգներու կատարած օդային հարուածները ո՛չ միայն Իրաքի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն են, այլ շատ վտանգաւոր եւ աննախադէպ ձեւաչափով ապահովական հարց:

Ան զգուշացուց շարունակելէ այս ընթացքը, որ կը զուգադիպի Քայիտայի զինեալներու,  իրաքեան Պաաս կուսակցութեան բարձրաստիճան ղեկավարի մը հրամանատարութեամբ, իրաքեան բոլոր տարածքներուն վրայ տարածուելուն` օգտուելու համար նախկին վարչակարգի փորձառութենէն եւ երաշխաւորելու համար Պաաս կուսակցութեան նոր դարպաս եւ ամերիկեան օրհնութեամբ վերադարձ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլ առնուազն մէկ օդային հարուած հասցուցած է Իրաքի մէջ զէնքի պահեստանոցի մը: Միջին Արեւելքի մէջ հետախուզական մարզի մեծ պատասխանատու մը օրաթերթին յայտնած է, թէ Իսրայէլ յուլիսին ռմբակոծած է Պաղտատի հիւսիսը գտնուող ռազմակայան մը:

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ, իրենց կարգին, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի յայտնած են, թէ իսրայէլեան օդուժը վերջին օրերուն Իրաքի մէջ շարք մը օդային հարուածներ կատարած է:

Նշենք, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող շիիներու աշխարհազօրին պատկանող չորս ռազմակայաններ յուլիսին թիրախ դարձած էին խորհրդաւոր պայթումներու:

Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ բազմաթիւ անգամներ իրանեան թիրախներ հարուածած է, եւ, ըստ երեւոյթին, Իրաքի մէջ եւս սկսած է նոյնը կատարել:

Աշխարհազօրի ղեկավար խորհուրդի փոխնախագահ Ապու Մահտի Մուհանտես, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ներկայութեան դէմ ըլլալուն համար ներառուած է Միացեալ Նահանգներու սեւ ցուցակին մէջ, չորեքշաբթի օր ամերիկեան ուժերը նկատեց «գործակալներու կամ արդիական օդանաւներով տեսակարար յարձակումներու ճամբով» կատարուած յարձակումներուն «առաջին ու վերջին պատասխանատուն»:

 

Նախորդը

«Մաքրոն Ամազոնի Հրդեհներուն Դէմ Կը Պայքարի Գաղութատիրական Մտայնութեամբ» Կ՛ըսէ Պրազիլի Նախագահը

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Ընդունելու Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Անվտանգութեան Ապահովման Որեւէ Օգնութիւն» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.