Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց. «Իրան կը դիմադրէ արգելքին, նոյնպիսի քայլով կը հակադարձէ, (հիւլէական համաձայնութեան նկատմամբ) իր յանձնառութիւնները կը նուազեցնէ եւ նոյն ատեն դիւանագիտութեան ու բանակցութեան դուռը բաց կը պահէ»:
Իրանի նախագահը շեշտեց, որ Թեհրան երկու ձեռքով կը գործէ, դիւանագիտութեան ձեռքով եւ ուժի ձեռքով, եւ այդ երկու ձեռքերը միշտ պէտք է միասին ըլլան:
«Կը սխալին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ մէկ ձեռքով աշխատիլը կը բաւէ: Պէտք է երկու ձեռքով աշխատիլ: Պէտք է մեր զինուորական, ապահովական, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական ուժը օգտագործենք, ինչպէս նաեւ բանակցինք, խօսինք եւ լուծման ուղի գտնենք», աւելցուց Ռուհանի:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իր երկիրը չ՛ուզեր Իրանի մէջ վարչակարգը փոխել: «Անոնք պէտք է հրաժարին հիւլէական եւ հրթիռային ծրագիրներէն», ըսաւ ան` նշելով. «Նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի` Իրանի հետ կնքած համաձայնութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ»:



