Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Յայտարարեց Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Անվտանգութեան Գօտիի Հարցով Միացեալ Գործողութիւններու Կեդրոնի Աշխատանքի Մեկնարկը

Օգոստոս 26, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթ օր յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի հարցով թուրք-ամերիկեան միացեալ գործողութիւններու կեդրոնը «սկսաւ ամբողջ կարողականութեամբ գործել»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Աքար նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ ուղղաթիռներու առաջին միացեալ թռիչքները սկսած են շաբաթ օր, եւ «քանդուած են ահաբեկիչներուն դիրքերն ու պատնէշները»:

Ան նշեց, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ անցնող ութ ամիսներուն ընթացքին «654 ահաբեկիչներ վնասազերծուեցան»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտնեց, որ Անգարա «ինքնապաշտպանութեան իր իրաւունքը պիտի օգտագործէ», եթէ Իտլիպի մէջ թրքական բանակի հսկողութեան կէտերը ենթարկուին յարձակումի:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շոն Ռապըրթսըն երէկ յայտնեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ երկինքին վերեւ ուղղաթիռներու թուրք-ամերիկեան առաջին թռիչքը կը նկատուի շրջադարձային կէտ մը, որ արդիւնք է Եփրատի արեւելքը անվտանգութեան գօտի ստեղծելու ջանքերու համակարգման միացեալ գործողութիւններու կեդրոնի ջանքերուն»:

Ռապըրթսըն թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն մէկական զօրավարներ ուղղաթիռով Եփրատի արեւելքին վերեւ տեղեկահաւաքի թռիչք մը կատարած են»:

«Այս քայլը ցոյց կու տայ, թէ Ուաշինկթըն որքան կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններու անվտանգութեան հարցով մտավախութեան, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը անվտանգութեան հաստատման եւ շրջանին մէջ ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դարձեալ երեւան գալը արգիլելուն», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը:

 

Նախորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներու Վարչակազմի Անդամները Քննադատած Են Մաքրոնը` Թրամփի Վրայ «Ճնշումներ Գործադրելու» Փորձի Համար

Յաջորդը

Թուսք. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Հակադարձէ, Եթէ Ամերիկան Ֆրանսական Գինիին Դէմ Մաքսատուրք Հաստատէ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?