Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս հրաժարած են Թուրքիոյ` «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր վաճառելու առաջարկէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին:
Վերջինիս խօսքով` Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները թրքական կողմը զգուշացուցած էր իրենց առաջարկը չեղեալ նկատելէ, եթէ Անգարան ընդունի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման տարբերակը:
«Փաթրիոթ»-ի վերաբերեալ մեր առաջարկը սպառած է», նշած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Թուրքիա նախապէս յայտարարած էր, թէ ռուսական «Էս-400»-ը կը գերազանցէ ամերիկեան «Փաթրիոթ»-ը: