Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, թէ «շատ հաւանական է», որ իր ռուս պաշտօնակիցը` Վլատիմիր Փութինը իբրեւ հիւր հրաւիրուի ներկայ գտնուելու Եօթներու խմբակի յաջորդ վեհաժողովին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը:
Թրամփի համաձայն, Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները քննարկած են Ռուսիոյ հարցը, սակայն խոստովանած, որ չի գիտեր` արդեօք Մոսկուան Եօթներու խմբակի կազմ պիտի վերադառնա՞յ, թէ՞ ոչ:
Սպիտակ տան ղեկավարը նախապէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ համաձայնած էր Ռուսիան Եօթներու խմբակի 2020-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ գումարուելիք վեհաժողովին հրաւիրելու առաջարկին:
Ռուսական «Լենթա» կայքը հաղորդեց, որ Քրեմլին արձագանգած է Թրամփի յայտարարութեան:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է. «Նախագահ Փութին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արդէն ըսած է, որ եթէ այդպիսի հրաւէր ըլլայ, Ռուսիան զայն անպայման պիտի սերտէ»:
Քանատայի եւ Գերմանիոյ իշխանութիւնները դէմ արտայայտուած են Ռուսիոյ` Եօթներու խմբակի կազմ վերադարձի գաղափարին:
Եօթներու խմբակի այս տարուան վեհաժողովը կը գումարուի 24-26 օգոստոսին` Ֆրանսայի հարաւային Պէարից քաղաքին մէջ:
Եօթներու խմբակը կը միաւորէ տնտեսապէս զարգացած երկիրներ: Խմբակին մաս կը կազմեն Իտալիան, Բրիտանիան, Քանատան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Ճափոնը: Խմբակը եօթնեակի ձեւաչափով գործած է 1976-1997 թուականներուն: Ռուսիոյ անդամակցութենէն ետք անիկա վերանուանուած է Ութերու խմբակ:
Մարտ 2014-ին, Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ այդ առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի` Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու սրման լոյսին տակ խմբակի անդամները բացառած էին Ռուսիոյ անդամակցութիւնը եւ վերադարձած Եօթներու խմբակի ձեւաչափին:



