Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Պրազիլի Ամազոնի արեւադարձային անտառներուն մէջ մրցանշային թիւով հրդեհները «միջազգային ճգնաժամ» կոչած է եւ նշած, որ պէտք է այդ հարցը յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք Եօթներու խմբակի ժողովի օրակարգին վրայ դրուի` իբրեւ առաջնակարգ քննարկման հարց:
«Մեր տունը կ՛այրի: Ամազոնեան անտառները, որոնք մոլորակի թթուածինին 20 առ հարիւրը կ՛արտադրեն, կ՛այրին: Ատիկա միջազգային ճգնաժամ է: Եօթներու խմբակի անդամ երկիրնե՛ր, եկէ՛ք առաջնահերթ կերպով քննարկենք այդ հարցը», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ֆրանսայի նախագահը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիու Կութերեշ նոյնպէս մեկնաբանած է Ամազոնեան անտառներուն մէջ բռնկած մեծաթիւ հրդեհները` նշելով, որ այդ առնչութեամբ «խորապէս մտահոգուած է»:
«Համաշխարհային տաքացման ճգնաժամի կիզակէտին մէջ մենք չենք կրնար արտօնել, որ թթուածինի այդքան մեծ աղբիւրը վնասներ կրէ: Հարկ է պահպանել Ամազոնի անտառները», ըսած է ան:
Ամազոնի արեւադարձային անտառը աշխարհի մեծագոյն անտառն է, եւ կենսական նշանակութիւն ունի տարբեր կազերու արտանետումներու կլանման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ կը դանդաղեցնէ համաշխարհային տաքացումը:
Հրդեհներու թիւի մրցանշային աճին համար քննադատները կը մեղադրեն երկիրի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն, որ, ըստ անոնց, չի կանգնեցներ անտառահատումներն ու հողագործները կը խրախուսէ ընդլայնելու իրենց տարածքները:
Պոլսոնարու իր կարգին հրդեհներուն համար մեղադրած է ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները` միեւնոյն ատեն խոստովանելով, որ մեղադրանքի հիմնաւորող ապացոյցեր չունի:
Աւելի՛ն, ան` անդրադառնալով Էմանուէլ Մաքրոնի Եօթներու խմբակին այդ հրդեհներու հարցը քննարկելու կոչին, յայտնեց, որ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցը «գաղութատիրական մտայնութիւն» ունի:
Պրազիլի նախագահը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց.«Մաքրոն քաղաքական անձնական շահերու իրագործման համար կը շահագործէ Պրազիլի եւ շրջանային այլ երկիրներու խնդիրը»:
Ան Ֆրանսայի նախագահին խօսելու ոճը նկատեց գրգռիչ:
Իրլանտայի վարչապետ Լէօ Վարատքար երէկ յայտնեց, թէ իր երկիրը պիտի փորձէ արգելափակել Եւրոպական Միութեան եւ Հարաւային Ամերիկայի ընդհանուր շուկայի` ՄԵՐՔՕՍՈՒՐ-ի միջեւ կնքուած առեւտրական համաձայնագիրը, եթէ Պրազիլի իշխանութիւնները Ամազոնի անտառները հրդեհներէն պաշտպանելու համար քայլերու չձեռնարկեն:
«Իրլանտան ո՛չ մէկ պարագային պիտի քուէարկէ Եւրոպական Միութեան եւ ՄԵՐՔՕՍՈՒՐ-ի միջեւ ազատ առեւտուրի վերաբերող համաձայնագիրին ի նպաստ, եթէ Պրազիլը չկատարէ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան իր պարտաւորութիւնները», ըսաւ Իրլանտայի վարչապետը:
ՄԵՐՔՕՍՈՒՐ-ի անդամ երկիրներ` Արժանթինը, Պրազիլը, Ուրուկուէյը եւ Փարակուէյը յունիսի վերջաւորութեան Եւրոպական Միութեան հետ կնքած էին ազատ առեւտուրի համաձայնութիւն մը, որուն շուրջ բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենային վերջին քսան տարուան ընթացքին:
Փաստաթուղթին ուժի մէջ մտնելու համար համաձայնութիւնը պէտք է վաւերացուի Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներուն եւ ՄԵՐՔՕՍՈՒՐ-ի անդամ չորս երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ: