Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Յարձակում` Դամասկոսի Հարաւը Գտնուող Թիրախներու Դէմ

August 26, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին հակադարձած են Դամասկոսի երկինքն վերեւ յայտնուած թշնամական թիրախներու:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մեկնաբանելով յարձակումը յայտնեց. «Մեծ ջանքով կանխարգիլեցինք Իսրայէլի դէմ յարձակում մը»:

«Իրան որեւէ տեղ անձեռնմխելիութիւն չունի», աւելցուց ան:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի հաստատեց Դամասկոսի մօտ օդային հարուածներու լուրը` նշելով. «(Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի) Քուտս ջոկատի` սուրիական հողամասերէն շղթայազերծելիք յարձակումները կանխարգիլեցինք»:

«Բանակը պատերազմական օդանաւերու ճամբով յարձակում գործեց Դամասկոսի հարաւ- արեւելքը գտնուող Աքրապա գիւղին մէջ ահաբեկչական թիրախներու դէմ», ըսաւ ան:

«Յարձակումը իրանեան Քուտս ջոկատի անդամներու եւ շիի միլիսներու դէմ էր, որոնք վերջին օրերուն սուրիական հողերէն իսրայէլեան թիրախներու դէմ յարձակումներ կը պատրաստէին», աւելցուց ան:

Ըստ անոր, «կանխարգիլուած յարձակումը կը ներառէր զինուած անօդաչու թռչող շարք մը սարքերու իսրայէլեան թիրախներու դէմ արձակում»:

Իսրայէլեան «Քան» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործած է Դամասկոսի հարաւը գտնուող Աքրապա գիւղին մէջ թիրախներու դէմ:

Պաղեստինեան Իսլամական ժիհատ շարժումը դատապարտեց Սուրիոյ դէմ կատարուած իսրայէլեան յարձակումը` աւելցնելով. «Սուրիան իրաւունք ունի պաշտպանելու իր հողերը եւ ետ մղելու սիոնական այս յարձակումը»:

«Սիոնական ահաբեկչութեան, ամենաթողութեան եւ ոտնձգութեանց շարունակութիւնը պիտի յանգեցնէ լարուածութեան աճին եւ կացութեան պայթումին», նշեց պաղեստինեան շարժումը:

Նեթանիահու երէկ աւելի ուշ յայտարարեց, թէ Իսրայէլի դէմ յարձակումներ շղթայազերծելու համար Իրանին իր հողերը օգտագործել արտօնող որեւէ պետութիւն պիտի կրէ ատոր հետեւանքը:

 

Նախորդը

Զարիֆ Կ՛այցելէ Պէարից

Յաջորդը

«Քալչիօ». Ախոյեանը Սկսաւ Յաղթանակով

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ
Միջազգային

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

October 9, 2026
ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»
Միջազգային

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.