Ըստ Ամերիկեան «Թայմ» Պարբերաթերթին. Փոմփէօ Մերժած Է Ստորագրել Թալեպան Շարժումին Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը
Ամերիկեան «Թայմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ մերժած է ստորագրել այն համաձայնութիւնը, որ Տոհայի մէջ բանակցութիւններու հիմամբ գոյացած էր Թալեպան շարժումին հետ: Պարբերաթերթը կը նշէ, որ բանակցութիւններու 9 փուլերէ ետք գոյացած համաձայնութիւնը չ՛ընդգրկեր շարք մը կենսական կէտեր, օրինակ` չ՛երաշխաւորեր Քայիտայի դէմ պայքարելու համար Աֆղանիստանի հողերուն վրայ ամերիկեան ուժերու գոյութիւնը, ո՛չ Քապուլի մէջ Ուաշինկթընի դաշնակից կառավարութեան...




















