Միջազգային

Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն Ուղեւորութեան  Մասին Չաւուշօղլուի Շփոթը

Իրանեան Քարիւղատար Նաւուն Ուղեւորութեան Մասին Չաւուշօղլուի Շփոթը

Երէկ առաւօտեան հաղորդուեցաւ, որ իրանեան «Ատրիան Տարիա 1» քարիւղատար նաւը դարձեալ կ՛ուղղուի Թուրքիա, մասնաւորաբար դէպի Ալեքսանտրէթ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, սակայն, հերքեց լուրը` նշելով. «Իրանեան քարիւղատար նաւը Լիբանան կ՛ուղղուի եւ ոչ թէ Թուրքիա»: Աւելի ուշ ան յայտարարեց. «Իրանեան քարիւղատար նաւը չ՛ուղղուիր դէպի Լիբանան, այլ դէպի միջազգային ջուրեր»: Լիբանանի ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ արդէն «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած...

Սուրիական Բանակը Այսօր  Պիտի Դադրեցնէ Իտլիպի Մէջ Կրակոցը.  Էրտողան. «Իտլիպի Զարգացումները  Մեր Փափաքածին Նման Չեն Ընթանար»

Սուրիական Բանակը Այսօր Պիտի Դադրեցնէ Իտլիպի Մէջ Կրակոցը. Էրտողան. «Իտլիպի Զարգացումները Մեր Փափաքածին Նման Չեն Ընթանար»

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ սուրիական բանակը այսօր միակողմանի կերպով պիտի դադրեցնէ կրակոցը Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Նախարարութիւնը Սուրիոյ մէջ զինեալները յորդորեց միանալու Իտլիպի մէջ զինադադարին, որ պիտի սկսի 31 օգոստոսին: Նշենք, որ սուրիական բանակը կը շարունակէ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ իր յառաջխաղացքը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց. «Իտլիպի զարգացումները...

Էմիրաթական Աջակցութիւն Վայելող Ուժերը  Գրաւեցին Ատենը, Եմէնի Նախագահը  Սէուտական Միջամտութիւն Կը Խնդրէ

Էմիրաթական Աջակցութիւն Վայելող Ուժերը Գրաւեցին Ատենը, Եմէնի Նախագահը Սէուտական Միջամտութիւն Կը Խնդրէ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը վայելող Հարաւային փոխանցման խորհուրդի ուժերը ամբողջութեամբ գրաւեցին հարաւային Եմէնի մեծագոյն քաղաք Ատենը: Նախքան այդ, անոնք գրաւած էին արդէն Ապին նահանգի մայրաքաղաք Զանժիպար քաղաքը, Ժաար քաղաքը եւ «7 հոկտեմբեր» ռազմակայանը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Եմէնի մէջ Փոխանցման խորհուրդի եւ կառավարութեան միջեւ տագնապի ելքը երկխօսութիւնն ու հաղորդակցութիւնն է` նշելով, որ...

Սէուտական Արաբիան Իր Պատմութեան  Նոր Դասագիրքին Մէջ Օսմանեան Կայսրութիւնը  Կը Կոչէ «Բռնագրաւող Եւ Ոճրագործ Երկիր»

Սէուտական Արաբիան Իր Պատմութեան Նոր Դասագիրքին Մէջ Օսմանեան Կայսրութիւնը Կը Կոչէ «Բռնագրաւող Եւ Ոճրագործ Երկիր»

Սէուտական Արաբիա փոխած է իր ուսումնական ծրագիրը, որուն շուրջ ընկերային համացանցի վրայ լայն բանավէճ ծագած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի արաբական ծառայութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ վէճը կը վերաբերի պատմութեան դասագիրքին մէջ կատարուած այն փոփոխութիւններուն, որոնք կը վերաբերին «օսմանեան խալիֆայութեան», որ այսուհետեւ սէուտական կրթական ծրագիրին մէջ կը կոչուի «բռնագրաւող երկիր»: Փոփոխութիւնը տարատեսակ հակազդեցութիւններու, ինչպէս նաեւ Արաբական թերակղզիին մէջ օսմանցիներու...

Թրամփ Տիեզերքը Նկատած Է Զինուորական  Գործողութիւններու Նոր Ասպարէզ

Թրամփ Տիեզերքը Նկատած Է Զինուորական Գործողութիւններու Նոր Ասպարէզ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու տիեզերական հրամանատարութեան աշխատանքի պաշտօնական մեկնարկը եւ տիեզերքը նկատած զինուորական գործողութիւններու նոր ասպարէզ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Տիեզերական հրամանատարութիւնը պիտի պաշտպանէ տիեզերքի` զինուորական գործողութիւններու յաջորդ ասպարէզին մէջ Միացեալ Նահանգներու առանցքային շահերը», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը: Անոր համաձայն, տիեզերքը այժմ պիտի դիտուի իբրեւ զինուորական գործողութիւններ վարելու անկախ բնագաւառ,...

Լոնտոն Մտադիր Է Առաւել Եւս Աշխուժացնել  «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Բանակցութիւնները

Լոնտոն Մտադիր Է Առաւել Եւս Աշխուժացնել «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Բանակցութիւնները

Բրիտանական կառավարութիւնը մտադիր է առաւել եւս աշխուժացնել Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ միութեան հետ գոյացած համաձայնութեան պայմաններու բարելաւման շուրջ բանակցութիւնները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի դիւանատունը: Բրիտանիոյ վարչապետարանէն կը նշեն, որ սեպտեմբերին բրիտանացի բանագնացները եւրոպացի իրենց գործընկերներուն հետ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարեն շաբաթական երկու անգամ` «նոր գործարքի ապահովման լուծումները...

Ապպաս Պատրաստ Է Իսրայէլեան Կողմին  Հետ Բանակցութեան Սեղան Նստելու

Ապպաս Պատրաստ Է Իսրայէլեան Կողմին Հետ Բանակցութեան Սեղան Նստելու

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ պատրաստ է պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի «երկու պետութիւններ» լուծման հեռապատկերին հիմամբ բանակցութեան սեղան նստելու իսրայէլեան կողմին հետ: «Կը հաստատենք 1967-ի բռնագրաւեալ սահմաններուն վրայ երկու պետութիւններու հեռապատկերին հիմամբ խաղաղութեան հաստատման համար մեր կառչածութիւնը միջազգային օրէնքին եւ իրաւունքին», նշեց Ապպաս: «Իսրայէլեան արգելքներն են, որ մեզ անել կացութեան հասցուցին, եւ ատիկա վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ», նշեց ան: Պաղեստինեան...

Տիգրանակերտի Մէջ 12 Օրէ Ի Վեր Բողոքի  Ցոյցեր` Ընդդէմ Ընտրուած Քաղաքապետին  Փոխարէն Նշանակուած Պաշտօնակատարին

Տիգրանակերտի Մէջ 12 Օրէ Ի Վեր Բողոքի Ցոյցեր` Ընդդէմ Ընտրուած Քաղաքապետին Փոխարէն Նշանակուած Պաշտօնակատարին

Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Տիգրանակերտ քաղաքի ընտրուած քաղաքապետ Սելճուք Մըզրաքլըի պաշտօնազրկումին եւ անոր փոխարէն պաշտօնակատարի նշանակման դէմ 12 օրէ ի վեր բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթետուվար» կայքը: Ցոյցերուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան: Ցոյցեր տեղի կ՛ունենան նաեւ Վան եւ Մարտին քաղաքներուն մէջ, ուր նոյնպէս պաշտօնակատարներ նշանակուած են` ընտրուած քաղաքապետներուն տեղ: Կը նախատեսուի,...

Լուքաշենքօ Յայտարարած Է Թուրքիոյ Հետ Առեւտրատնտեսական  Յարաբերութիւններուն Մէջ Գոյութիւն  Ունեցող «Խառնաշփոթ»-ի Մասին

Լուքաշենքօ Յայտարարած Է Թուրքիոյ Հետ Առեւտրատնտեսական Յարաբերութիւններուն Մէջ Գոյութիւն Ունեցող «Խառնաշփոթ»-ի Մասին

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ չորեքշաբթի օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, թէ երկու երկիրներուն անհրաժեշտ է համակարգել առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները եւ էականօրէն աւելցնել ապրանքաշրջանառութիւնը: Ան նոյն ատեն նշած է, որ իր երկիրը «շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ»: Այս մասին կը հաղորդէ Պիելոռուսիոյ նախագահի կայքը: Լուքաշենքոյի համաձայն, երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ «խառնաշփոթ մը» կայ:...

«Յառաջիկայ 2-3 Ամսուան Ընթացքին Արաքի  Հնոցին Մասին Լաւ Լուրեր Պիտի Յայտարարենք»  Կ՛ըսէ Սալեհի

«Յառաջիկայ 2-3 Ամսուան Ընթացքին Արաքի Հնոցին Մասին Լաւ Լուրեր Պիտի Յայտարարենք» Կ՛ըսէ Սալեհի

Իրանի նախագահի օգնական, Իրանեան հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի նշեց. «Յառաջիկայ երկու կամ երեք ամսուան ընթացքին Արաքի հնոցին մասին լաւ լուրեր պիտի յայտարարուին»: «Պատմութիւնը պիտի վկայէ, որ հիւլէական ճարտարագիտութեան շարժումը Հիւլէական համաձայնութեան հետեւանքով չէ դադրած: Կարելի չէ բազմաթիւ ձեռքբերումներ բացայայտել, սակայն կարելի է ըսել, թէ այս մարզին մէջ աշխատողներուն, փորձագէտներուն եւ հետազօտողներուն թիւը համաձայնութենէն առաջ 14 հազար էր,...

Էրտողան Փոխան «Էֆ-35»-ի «Սու-35»-ներու  Եւ «Սու-57»-ներու Գնումը Չի Բացառեր.  «Թուրքիան Այլընտրանք  Պիտի Փնտռէ, Եթէ «Էֆ-35» Չստանայ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Էրտողան Փոխան «Էֆ-35»-ի «Սու-35»-ներու Եւ «Սու-57»-ներու Գնումը Չի Բացառեր. «Թուրքիան Այլընտրանք Պիտի Փնտռէ, Եթէ «Էֆ-35» Չստանայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիան պատերազմական օդանաւերու պէտք ունի: Եթէ «Էֆ-35» հալածիչներ չստանայ, երկիրը այլընտրանքներ պիտի փնտռէ, սակայն ատիկա կատարելը իր նախընտրութիւնը չէ: «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Հակաօդային հրթիռներու պաշտպանութեան համակարգի գնումը Թուրքիոյ համար անմիջական կարիք մըն էր, եւ ան ստիպուած էր Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգերը գնելու», ըսած է ան Թալինի մէջ`...

Ռուսիայէն Վերադառնալէ  Անմիջապէս Ետք.  Էրտողան Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Թրամփի Հետ

Ռուսիայէն Վերադառնալէ Անմիջապէս Ետք. Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Թրամփի Հետ

Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ սուրիական բանակի վերջերս արձանագրած յառաջխաղացքին լոյսին տակ պատրաստ են միացեալ ջանքեր գործադրելու` Իտլիպի մէջ նոր մարդասիրական ճգնաժամներու կանխարգիլման եւ Սուրիոյ հիւսիս- արեւմուտքի խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:...

Իրանեան Քարիւղատար «Ատրիան Տարիա 1»  Նաւը Փոխած Է Իր Ուղղութիւնը

Իրանեան Քարիւղատար «Ատրիան Տարիա 1» Նաւը Փոխած Է Իր Ուղղութիւնը

Թուրքիոյ Մերսին նաւահանգիստէն աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ իրանեան քարիւղատար նաւը, որ նախապէս Ժիպրալթարի մէջ գրաւուած էր, մուտք գործած է թրքական ջուրեր եւ ուղղուած է Մերսինի նաւահանգիստ` աւելցնելով, որ նաւը հասած է նաւահանգիստ եւ իր բեռը այդտեղ պիտի պարպէ: Աւելի ուշ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իրանեան քարիւղատար «Ատրիան Տարիա 1» նաւը փոխած է իր ուղղութիւնը եւ դադրած...

Պոլթըն «Պատմական»  Այցելութիւն Մը Տուաւ Պիելոռուսիա

Պոլթըն «Պատմական» Այցելութիւն Մը Տուաւ Պիելոռուսիա

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն երէկ հասաւ Պիելոռուսիա` հանդիպում ունենալու երկրի նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնեց Մինսքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: Պոլթըն այսպիսով դարձած է վերջին 20 տարուան ընթացքին ամերիկացի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարը, որ կ՛այցելէ Պիելոռուսիա: «Մենք ուրախ ենք ողջունելու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական...

Յեղափոխական Պահակագունդը Կը Սպառնայ  Իրանի Դէմ Յարձակումի Պարագային Հարուածել  Քաթարի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն  Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանները

Յեղափոխական Պահակագունդը Կը Սպառնայ Իրանի Դէմ Յարձակումի Պարագային Հարուածել Քաթարի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանները

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի օդա-անջրպետային ուժի հրամանատար գնդապետ Ամիր Ալի Հաճիզատէ յայտարարեց. «Իրան պատրաստ էր Ծոցի մէջ անոր լրտեսական օդանաւը վար առնելէն ետք հակադարձելու Ամերիկային»: Ան նահատակներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Իրանի պաշտօնատարները հաստատ գիտէին, որ պատերազմ պիտի չծագի, եւ պատերազմի շուքը, որ ոմանք տարիներէ ի վեր երկրին վրայ տարածեցին, մեծ սուտ մըն է: «Հաստատ...

ՄԱԿ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Արցախ- Ազրպէյճան Շփման Գիծին Մէջ  Կացութեան Սրումին Վերաբերեալ

ՄԱԿ Կը Զգուշացնէ Իրաքին Սպառնացող Մեծ Հարուածէ Մը

ՄԱԿ զգուշացուց, որ «շրջանային առկայ լարուածութիւնները կրնան մեծ հարուած հասցնել Իրաքի մէջ կայուն ու բարգաւաճ պետութեան մը վերակառուցման ջանքերուն»` շեշտելով. «Միջազգային ընտանիքը որեւէ ջանք պէտք չէ խնայէ ատկէ խուսափելու համար»: «Իրաքեան ղեկավարութիւնը հաղորդակցութեան մէջ է շրջանային ու միջազգային դերակատարներու հետ` երաշխաւորելու համար, որ իր երկիրը մնայ կայունութեան տարածք մը եւ ոչ թէ վերածուի այլոց տագնապներու պատերազմի դաշտ մը», նշեց ՄԱԿ-ը:...

Թուրքիոյ Օդուժի Ներկայացուցիչները  Միացեալ Ռազմափորձերու Համար  Կ՛այցելեն Ազրպէյճան

Թուրքիոյ Օդուժի Ներկայացուցիչները Միացեալ Ռազմափորձերու Համար Կ՛այցելեն Ազրպէյճան

Թուրքիոյ օդուժի թռիչքային եւ սակրաւորներու անձնակազմը կ՛այցելէ Ազրպէյճան` մասնակցելու համար «ԹուրԱզ Արծիւ-2019» միացեալ ռազմափորձերուն: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին: Ռազմափորձերու պատրաստութեան գծով այժմ կը տարուին համապատասխան աշխատանքներ` անձնակազմի տեղակայում, ռազմափորձերու ծրագրում եւ այլ կազմակերպչական հարցեր: «ԹուրԱզ Արծիւ-2019» ռազմափորձերը պիտի ընթանան` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրին համաձայն: 2 սեպտեմբերին...

«Տակաւին Կանուխ Է Ամերիկեան Ուժերու  Աֆղանիստանէն Հեռանալուն  Մասին Խօսելու Համար»  Կ՛ըսէ Զօր. Տանֆըրտ

«Տակաւին Կանուխ Է Ամերիկեան Ուժերու Աֆղանիստանէն Հեռանալուն Մասին Խօսելու Համար» Կ՛ըսէ Զօր. Տանֆըրտ

Ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտ յայտարարեց. «Ներկայիս խօսակցութիւնը Ուաշինկթընի` Աֆղանիստանէն իր ուժերը հեռացնելու մասին չէ, որովհետեւ Քապուլի կառավարութիւնը անկարող է երկրին մէջ անվտանգութիւնը երաշխաւորելու»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին ու Թալեպան շարժումին միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ներկայ փուլին մէջ «հեռացում» եզրը չ՛օգտագործուիր», նշեց ամերիկացի հրամանատարը` աւելցնելով. «Կը կարծենք, որ աֆղանները ներկայիս ներկայ բռնարարքներու մակարդակի դիմակայման համար աջակցութեան...

Պրազիլի Նախագահը Պիտի Ընդունի  20 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւնը, Եթէ Եօթներու  Խմբակի Ղեկավարները Արտօնեն,  Որ Զայն Օգտագործէ Ըստ Իր Կամքին

Պրազիլի Նախագահը Պիտի Ընդունի 20 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւնը, Եթէ Եօթներու Խմբակի Ղեկավարները Արտօնեն, Որ Զայն Օգտագործէ Ըստ Իր Կամքին

Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարու յայտարարած է, թէ Ամազոնի արեւադարձային անտառին մէջ բռնկած մրցանշային թիւով հրդեհներու դէմ պայքարին նպատակաուղղուած 20 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը պիտի ընդունի միայն այն պարագային, եթէ Եօթներու խմբակի ղեկավարները արտօնեն զայն օգտագործել այնպէս, ինչպէս նպատակայարմար կը գտնէ Պրազիլի իշխանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»-ը: Աղբիւրին հաղորդումով, Պրազիլի իշխանութիւնները այդ որոշումը տուած են Ամազոնի անտառին մէջ չնահանջող...

Թուրքիան Հետաքրքրուած Է Ռուսական «Սու-35» Եւ «Սու-57» Կործանիչներով

Թուրքիան Հետաքրքրուած Է Ռուսական «Սու-35» Եւ «Սու-57» Կործանիչներով

Ռուսիոյ զինուորական-թեքնիք համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկայեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ռուսիա կատարած այցելութենէն ետք յայտարարած է, թէ Թուրքիան մեծապէս հետաքրքրուած է ռուսական «Սու-35» եւ «Սու-57» հալածիչներով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթա տուվար» լրատուական կայքը: Շուկայեւ յայտնած է, որ Թուրքիան տակաւին յստակ որոշում չէ տուած, սակայն խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են: «Բանակցութիւններու մասին խօսելու գծով կանուխ է, Թուրքիոյ...

Page 501 of 884 1 … 500 501 502 … 884

Արխիւներ