Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ հիւլէական համաձայնութեան պահպանման շուրջ մօտալուտ համաձայնութիւն մը անհաւանական է:
«Եւրոպացիներուն յաւելեալ երկու ամսուան պայմանաժամ պիտի տրամադրենք` իրենց խոստումները յարգելու եւ հիւլէական համաձայնագիրը փրկելու, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակենք համաձայնութեան հասնելու միտուած բանակցութիւնները», ըսաւ Իրանի նախագահը:
«Հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, հիւլէական համաձայնութեան կարգ մը կէտերուն նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը նուազեցնելու գծով մեր քաղաքականութեան երրորդ քայլը պիտի յայտարարենք», յայտնեց Ռուհանի` աւելցնելով, որ այդ քայլը պիտի յանգեցնէ Իրանի հիւլէական աշխատանքներու տեսակարար արագացման:
Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ համաձայնագիրով ստանձնուած պարտաւորութիւններու կրճատման երրորդ պատասխան քայլը պատրաստ է, եւ նախագահ Հասան Ռուհանին այդ մասին պիտի յայտարարէ երէկ` 4 սեպտեմբերին:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի, իր կարգին, յայտնեց. «Մեր տեսանկիւնէն` ործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի ամբողջական գործադրութեան վերականգնումը կախեալ է 4 ամսուան մէջ 15 միլիառ տոլար ստանալէն: Հակառակ պարագային, համաձայնագիրով ստանձնած մեր պարտաւորութիւններու կրճատման հոլովոյթը պիտի շարունակուի»:
Անոր համաձայն, այդ վարկը «պիտի ըլլայ քարիւղի կանխավճարը»:
Մինչ այդ` Իրանեան իշխանութիւնները երէկ ազատ արձակեցին Թեհրանի կողմէ գրաւուած բրիտանական «Սթենա Իմփերօ» քարիւղատար նաւուն անձնակազմի անդամներէն 7 հնդիկներ:
Միւս կողմէ` ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրանեան «Ատրիա Տարիա 1» քարիւղատար նաւը կանգ առած է Սուրիոյ ծովափէն 10 մղոն հեռաւորութեան վրայ` առ ի պատրաստութիւն քարիւղի մատակարարման:
Պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ նաւապետ Ախիլիշ Քումար խնդրած է ընդունիլ իր հրաժարականը կամ զինք փոխարինել` խուսափելու համար քարիւղի նշեալ մատակարարման «մեղսակցութենէն»: