Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Եւ Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Զարգացումները Թուրքիոյ Համար Ճակատագրական Են» Կ՛ըսէ Էրտողան

September 3, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Սուրիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ զարգացումները Թուրքիոյ համար կը նկատուին ճակատագրական հարցեր»:

Ան նշեց, որ իր երկիրը վճռած է Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափը մաքրել ահաբեկիչներէն` յայտարարելով նաեւ, որ Թուրքիոյ դէմ սադրանքները այս օրերուն կ՛աճին, եւ որ իրենք լուրջ հարուածներ ստացած են, որովհետեւ ուշացուցած են «Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու գործադրումը:

Էրտողան նշած է, որ թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ ալ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ զինուորական ներկայութիւնը աւելցնելու նպատակը թուլացնելն է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ)` աւելցնելով, որ այդ նպատակին համար աշխուժօրէն կը կիրարկուին անօդաչու թռչող սարքեր:

Ան գերիշխան Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարելու հանգամանքը արդարացուցած է` զանոնք որակելով «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»:

Թուրքիոյ նախագահը Քոնիայի մէջ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովի ընթացքին շեշտեց. «Սուրիական Հալէպ քաղաքը, որ թրքական Քոնիային նման կը նկատուի աշխարհի վրայ իսլամական քաղաքակրթութեան խորհրդանիշերէն մէկը, սուրիական վարչակարգին անոր վրայ նետած պայթող տակառներուն պատճառով վերածուեցաւ փլատակի»:

Էրտողան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ բողոքի մեծ ալիք յառաջացուցած Տիգրանակերտի, Վանի եւ Մարտինի ընտրուած քաղաքապետները պաշտօնազուրկ ընելու եւ անոնց փոխարէն պաշտօնակատարներ նշանակելու հարցին` վերջիններս որակելով իբրեւ ՔԱԿ «ահաբեկչական խմբաւորման քաղաքական շարունակութիւն» եւ այդպիսով փորձելով արդարացնել Թուրքիոյ մասնաւորաբար քրտաբնակ տարածքներուն մէջ մեծ բողոք յառաջացուցած ընտրեալ քաղաքապետներու պաշտօնազրկումները:

 

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է Արցախի Անկախութեան 28-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Տօնական Ձեռնարկներուն

Յաջորդը

Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան Վեհաժողովը` 16 Սեպտեմբերին. Ռուսիա Եւ Իրան Միացեալ Նահանգները Կ՛այպանեն Շրջանային Լարուածութիւններու Համար

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.