Էրտողան. «Ուաշինկթընի Հետ Անվտանգութեան Գօտիի Հաստատման Իւրաքանչիւր Քայլի Շուրջ Տարակարծութիւն Գոյութիւն Ունի»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Անգարա կը մերժէ ամերիկեան ջանքերը, որոնք կը թուին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը համար անվտանգութեան գօտիի ստեղծման ուղղուած ըլլալ: Էրտողան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի հետ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի ստեղծման իւրաքանչիւր կէտի շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի: «Եթէ չսկսինք Եփրատի արեւելեան ափին վրայ մեր զինուորներով անվտանգութեան գօտի ստեղծելու, ապա մեր սեփական ծրագիրը գործադրելու այլընտրանք...




















